1Անկէ յետոյ Դաւիթ Փղշտացիները զարկաւ ու զանոնք նուաճեց եւ Փղշտացիներուն ձեռքէն Մեթեկամման առաւ։
2Նաեւ Մովաբը զարկաւ ու գետինը պառկեցնելով զանոնք լարով չափեց. երկու լարով մեռցնելու չափեց ու մէկ ամբողջ լարով ապրեցնելու։ Մովաբացիք Դաւիթին հարկատու ծառաներ եղան։
3Դաւիթ Սուբայի թագաւորը, Ռուբին որդին Ադրազարը զարկաւ, երբ Եփրատ գետին վրայ իր իշխանութիւնը հաստատելու՝ ՝ կ’երթար։
4Դաւիթ անկէ հազար եօթը հարիւր ձիաւոր ու քսան հազար հետեւակ զօրք բռնեց։ Դաւիթ բոլոր կառքի ձիերուն ջիղերը կտրեց ու անոնցմէ միայն հարիւր ձի իրեն համար պահեց՝ ՝։
5Դամասկոսի Ասորիները Սուբայի թագաւորին Ադրազարին օգնութիւն ընելու եկան։ Դաւիթ Ասորիներէն քսանըերկու հազար մարդ զարկաւ։
6Դաւիթ Դամասկոսի Ասորիներուն մէջ բերդապահ զօրքեր դրաւ ու Ասորիները Դաւիթին հարկատու ծառաներ եղան։ Դաւիթ ուր որ կ’երթար՝ Տէրը անոր յաջողութիւն կու տար։
7Դաւիթ Ադրազարին ծառաներուն ոսկիէ վահանները առաւ ու զանոնք Երուսաղէմ բերաւ։
8Ադրազարին քաղաքներէն՝ Բեթահէն ու Բերոթայէն՝ խիստ շատ պղինձ առաւ։
9Եմաթին թագաւորը՝ Թովու, երբ լսեց թէ Դաւիթ Ադրազարին բոլոր զօրքերը ջարդեր է,
10Իր որդին Յովրամը Դաւիթ թագաւորին ղրկեց, որպէս զի անոր բարեւ տանի ու զանիկա օրհնէ, Ադրազարին դէմ պատերազմ ընելուն ու զանիկա զարնելուն համար։ (Քանզի Ադրազար Թովուին հետ պատերազմներ կ’ընէր։) Յովրամին ձեռքը արծաթէ անօթներ, ոսկիէ անօթներ ու պղնձէ անօթներ կային։
11Դաւիթ թագաւորը զանոնք ալ Տէրոջը նուիրեց, միւս նուիրած արծաթին ու ոսկիին հետ, որոնք բոլոր իր յաղթած ազգերէն առեր էր ՝
12Ասորիներէն, Մովաբէն, Ամմոնի որդիներէն, Փղշտացիներէն, Ամաղէկէն եւ Սուբայի թագաւորին, Ռուբին որդիին Ադրազարին աւարէն։
13Դաւիթ երբ Աղի ձորին մէջ տասնըութը հազար Ասորիներ կոտորեց ու ետ դարձաւ, մեծ անուն վաստկեցաւ։
14Եդովմի մէջ բերդապահ զօրքեր դրաւ. բոլոր Եդովմի երկրին մէջ բերդապահ զօրքեր դրաւ եւ բոլոր Եդովմայեցիները Դաւիթին ծառայ եղան ու Դաւիթ ուր որ կ’երթար, Տէրը անոր յաջողութիւն կու տար։
15Դաւիթ բոլոր Իսրայէլի վրայ թագաւորութիւն ըրաւ։ Դաւիթ իր բոլոր ժողովուրդին իրաւունք ու արդարութիւն կ’ընէր։
16Շարուհեայի որդին Յովաբը զօրքերուն վրայ էր ու Աքիղուդի որդին Յովսափատը յիշատակներու դպիր էր
17Եւ Աքիտովբի որդին Սադովկը ու Աբիաթարի որդին Աքիմելէքը քահանաներ էին ու Սարայիան ատենադպիր էր
18Եւ Յովիադային որդին Բանիան՝ Քերեթիներուն ու Փելեթիներուն վրայ էր ու Դաւիթին որդիները նախարարներ էին։