2 Samuel 19WARMB

1Յովաբին պատմուեցաւ թէ՝ «Ահա թագաւորը Աբիսողոմին համար կու լայ ու սուգ կ’ընէ»։

2Այն օրը յաղթութիւնը սուգի դարձաւ բոլոր զօրքին առջեւ, քանզի զօրքը լսեց թէ «Թագաւորը իր զաւկին համար կը սգայ»։

3Այն օրը զօրքը գողի պէս քաղաքը կը մտնէր, պատերազմէն փախած ու ամչցած զօրքի պէս։

4Թագաւորը իր երեսը ծածկեց ու մեծ ձայնով մը կը կանչէր. «Որդեա՜կ իմ Աբիսողոմ, Աբիսողո՜մ որդեակ իմ, որդեա՜կ իմ»։

5Յովաբ ներս մտաւ թագաւորին քով ու ըսաւ. «Այսօր քու կեանքդ ու քու տղաքներուդ ու աղջիկներուդ կեանքը եւ քու կիներուդ ու հարճերուդ կեանքը ազատող բոլոր ծառաներուդ երեսը ամօթով ըրիր,

6Քանզի քեզ ատողները կը սիրես ու քեզ սիրողները կ’ատես. վասն զի այսօր յայտնեցիր թէ քու իշխաններդ ու ծառաներդ բանի մը տեղ չես դներ եւ այսօր աղէկ հասկցայ թէ՝ եթէ այսօր Աբիսողոմ ողջ մնար ու մենք ամէնքս մեռնէինք, այն ատեն քու աչքերուդ հաճոյ պիտի երեւնար։

7Հիմա ոտքի ելի՛ր ու դո՛ւրս եկուր ու քու ծառաներուդ հետ քաղցրութեամբ խօսէ, քանզի Տէրոջմով երդում կ’ընեմ որ, եթէ դուն դուրս չելլես, այս գիշեր քովդ մարդ մը պիտի չմնայ ու ասիկա քեզի՝ քու տղայութենէդ մինչեւ հիմա գլուխդ եկած ամէն ձախորդութիւններէն աւելի գէշ պիտի ըլլայ»։

8Թագաւորը ելաւ ու դուռը նստաւ։ Այն ատեն բոլոր զօրքին պատմեցին ու ըսին. «Ահա թագաւորը դուռը նստեր է»։ Բոլոր զօրքը թագաւորին առջեւ եկաւ, բայց Իսրայէլի մարդիկը իրենց վրանները փախեր էին։

9Իսրայէլի բոլոր ցեղերուն մէջ ժողովուրդը կը վիճէին ու կ’ըսէին. «Մեր թշնամիներուն ձեռքէն մեզ փրկողը թագաւորն է ու Փղշտացիներուն ձեռքէն մեզ ազատողը անիկա է եւ հիմա Աբիսողոմին պատճառով այս երկրէն փախաւ։

10Աբիսողոմը, որ մեր վրայ թագաւոր օծեցինք, պատերազմի մէջ մեռաւ եւ հիմա դուք թագաւորը ետ դարձնելու մասին ինչո՞ւ բան մը չէք խորհիր»։

11Դաւիթ թագաւորը Սադովկ ու Աբիաթար քահանաներուն մարդ ղրկեց՝ ըսելով. «Յուդայի ծերերուն հետ խօսեցէք ու ըսէք. ‘Թագաւորը իր տունը դարձնելու ինչո՞ւ ետ կը մնաք. քանզի բոլոր Իսրայէլի խօսքը թագաւորին հասաւ՝ մինչեւ անոր տունը։

12Դուք իմ եղբայրներս, ոսկորս ու մարմինս էք ու թագաւորը իր տունը դարձնելու ինչո՞ւ ետ կը մնաք’։

13Եւ Ամեսայիին ըսէք. ‘Դուն իմ ոսկորս ու մարմինս չե՞ս. Աստուած ինծի այսպէս ու ասկէ աւելի ընէ, եթէ Յովաբին տեղ միշտ իմ առջեւս զօրագլուխ չըլլաս’»։

14Եւ Յուդայի բոլոր մարդոց սիրտը մէկ մարդու սրտի պէս իրեն դարձուց եւ անոնք թագաւորին պատգամաւորներ ղրկեցին՝ ըսելով. «Դարձի՛ր, թէ՛ դուն եւ թէ՛ քու բոլոր ծառաներդ»։

15Այն ատեն թագաւորը դարձաւ ու մինչեւ Յորդանան եկաւ։ Յուդան ալ մինչեւ Գաղգաղա եկաւ, որպէս զի թագաւորը դիմաւորէ ու թագաւորը Յորդանանէն անցընէ։

16Ու Գերայի որդին Բաւուրիմացի Բենիամինեան Սեմէին արտորալով՝ Յուդայի մարդոցը հետ Դաւիթ թագաւորը դիմաւորելու իջաւ։

17Անոր հետ Բենիամինէն հազար մարդ կար ու Սաւուղին տանը ծառան Սիբա իր տասնըհինգ որդիներովը եւ քսան ծառաներովը եկաւ ու թագաւորին առջեւ Յորդանան հասան՝ ՝։

18Թագաւորին տունը անցընելու համար ու անոր աչքերուն հաճոյ երեւցածը ընելու համար նաւակ մը անցաւ։ Երբ թագաւորը Յորդանանէն անցաւ, Գերայի որդին Սեմէի՝ թագաւորին առջեւ ինկաւ

19Եւ թագաւորին ըսաւ. «Իմ տէրս ինծի յանցանք թող չսեպէ ու իմ թագաւոր տիրոջս Երուսաղէմէն ելած օրը ծառայիդ ըրած անօրէնութիւնը թող չյիշէ ու թագաւորը զանիկա իր սրտին մէջ թող չպահէ։

20Քանզի քու ծառադ գիտցաւ թէ մեղք գործեց։ Ահա այսօր Յովսէփին բոլոր տունէն ամենէն առաջ ես եկայ որպէս զի իմ թագաւոր տէրս դիմաւորեմ»։

21Ու Շարուհեայի որդին Աբեսսան պատասխան տուաւ ու ըսաւ. «Ուրեմն Սեմէին ասոր համար պիտի չմեռնի՞, որ Տէրոջը օծեալը անիծեց»։

22Բայց Դաւիթ ըսաւ. «Դուք ինծի հետ ի՞նչ բան ունիք, ո՛վ Շարուհեայի որդիներ, որ այսօր, ինծի թշնամութիւն կ’ընէք։ Միթէ այսօր Իսրայէլէն ոեւէ մարդ պէ՞տք է մեռնի, որովհետեւ գիտեմ թէ ես այսօր Իսրայէլի վրայ թագաւոր եմ»

23Եւ թագաւորը Սեմէին ըսաւ. «Պիտի չմեռնիս» ու թագաւորը անոր երդում ըրաւ։

24Սաւուղի որդին՝ Մեմփիբոսթէն՝ թագաւորը դիմաւորելու եկաւ։ Անիկա թագաւորին գացած օրէն մինչեւ անոր խաղաղութեամբ եկած օրը՝ ոտքերը չէր դարմաներ ու մօրուքը չէր շտկեր եւ լաթերը չէր լուացեր։

25Երբ թագաւորը դիմաւորելու համար Երուսաղէմ եկաւ, թագաւորը անոր ըսաւ. «Ո՛վ Մեմփիբոսթէ, ինչո՞ւ ինծի հետ չգացիր»։

26Անիկա ըսաւ. «Ով տէ՛ր իմ թագաւոր, իմ ծառաս զիս խաբեց. քանզի ես՝ քու ծառադ ըսի. ‘Էշը պատրաստեմ, որպէս զի վրան հեծնեմ ու թագաւորին հետ երթամ. վասն զի ծառադ կաղ է’։

27Բայց անիկա զիս՝ քու ծառադ՝ իմ թագաւոր տիրոջս առջեւ բամբասեց. բայց իմ թագաւոր տէրս Աստուծոյ հրեշտակի մը պէս է, ուստի քու աչքերուդ հաճոյ երեւցածը ըրէ։

28Թէպէտեւ իմ հօրս բոլոր տունը իմ թագաւոր տիրոջս առջեւ միայն մեռնելու մարդիկ էին, բայց դուն քու ծառադ քու սեղանդ կերակուր ուտողներուն կարգը դրիր, ուստի ա՛լ ասկէ յետոյ ի՞նչ իրաւունք ունիմ թագաւորին բողոքելու»։

29Թագաւորը անոր ըսաւ. «Ալ ինչո՞ւ քու բաներուդ վրայ կը խօսիս։ Ես ըսի, որ դուն ու Սիբա արտերը ձեր մէջ բաժնէք»։

30Մեմփիբոսթէն ըսաւ թագաւորին. «Թող անիկա ամէնն ալ առնէ, որովհետեւ իմ թագաւոր տէրս խաղաղութեամբ իր տունը եկաւ»։

31Գաղաադացի Բերզելի Ռովգելիմէն իջաւ ու թագաւորին հետ Յորդանանէն անցաւ, որպէս զի զանիկա Յորդանանէն ճամբեցնէ։

32Բերզելի խիստ ծեր էր, ութսուն տարեկան ըլլալով եւ որչափ ժամանակ որ թագաւորը Մանայիմի մէջ կեցաւ, ինք զանիկա կերակրեց, քանզի խիստ մեծ մարդ մըն էր։

33Թագաւորը Բերզելիին ըսաւ. «Ինծի հետ անցիր եւ քեզ իմ քովս Երուսաղէմի մէջ կերակրեմ»։

34Ու Բերզելի թագաւորին ըսաւ. «Տակաւին քանի՞ տարի պիտի ապրիմ, որ թագաւորին հետ Երուսաղէմ երթամ.

35Ես այսօր ութսուն տարեկան եմ. միթէ աղէկն ու գէշը կրնա՞մ որոշել, միթէ ծառադ իր կերածին ու խմածին համը կրնա՞յ առնել։ Ասկէ ետքը խաղ կանչող մարդերուն կամ կիներուն ձայնը կրնա՞մ լսել. ուստի քու ծառադ իմ թագաւոր տիրոջս ինչո՞ւ համար բեռ ըլլայ։

36Քու ծառադ թագաւորին հետ Յորդանանէն անցնելուն համար թագաւորը ինչո՞ւ ինծի ատոր փոխարէնը հատուցանէ։

37Արտօնէ որ դառնամ իմ քաղաքիս մէջ՝ իմ հօրս ու մօրս գերեզմանին քով մեռնիմ։ Թող քու ծառադ Քամաամ իմ տիրոջս՝ թագաւորին հետ անցնի ու քու աչքերուդ հաճոյ երեւցածը ըրէ անոր»։

38Թագաւորը ըսաւ. «Թող Քամաամ ինծի հետ անցնի ու ես քու աչքերուդ հաճոյ երեւցածը պիտի ընեմ անոր։ Ինծմէ ինչ որ խնդրես՝ քեզի պիտի ընեմ»։

39Բոլոր ժողովուրդը Յորդանանէն անցաւ։ Թագաւորն ալ անցաւ։ Թագաւորը Բերզելին համբուրեց ու զանիկա օրհնեց։ Ան ալ իր տեղը դարձաւ։

40Թագաւորը Գաղգաղա անցաւ ու Քամաամ անոր հետ անցաւ։ Այսպէս Յուդայի բոլոր ժողովուրդը ու Իսրայէլի ալ կէս ժողովուրդը թագաւորը անցուցին։

41Եւ ահա բոլոր Իսրայէլի մարդիկը թագաւորին եկան ու թագաւորին ըսին. «Ինչո՞ւ համար մեր եղբայրները, Յուդայի մարդիկը, քեզ գողցան ու թագաւորն ու անոր տունը ու անոր հետ Դաւիթի բոլոր մարդիկը Յորդանանէն անցուցին»։

42Յուդայի բոլոր մարդիկը Իսրայէլի մարդոցը պատասխան տուին ու ըսին. «Քանզի թագաւորը մեզի մօտ ազգական է։ Այս բանին համար ինչո՞ւ այսպէս կը նեղանաք. միթէ թագաւորէն բան մը կերա՞նք կամ թէ անիկա մեզի պարգեւ մը տուա՞ւ»։

43Իսրայէլի մարդիկը Յուդայի մարդոցը պատասխան տուին ու ըսին. «Մենք թագաւորին քով տասը բաժին ունինք ու նաեւ Դաւիթին վրայ ձեզմէ աւելի իրաւունք ունինք։ Ինչո՞ւ համար մեզ անարգեցիք ու մեր թագաւորը ետ դարձնելու համար առաջ մեզմէ խորհուրդ չհարցուցիք՝ ՝»։ Բայց Յուդայի մարդոց խօսքը Իսրայէլի մարդոց խօսքէն աւելի խիստ էր։

Հայ Արեւմտահայերէն Աստուածաշունչ © Bible Society in Lebanon, 1981.

Choose Translation

Switch translation for 2 Samuel 19.

Reading Settings

Paragraph viewDisplay verses as flowing paragraphs instead of individual lines
Show verse numbersDisplay verse numbers inline
Red letterHighlight the words of Christ in red

Sign in to save your reading preferences across sessions.