1Տէրը Նաթանը Դաւիթին ղրկեց։ Նաթան գնաց եւ անոր ըսաւ. «Քաղաքի մը մէջ երկու մարդ կային, մէկը՝ հարուստ ու միւսը՝ աղքատ։
2Հարուստը խիստ շատ հօտեր ու արջառներ ունէր,
3Բայց աղքատը ուրիշ բան մը չունէր, միայն էգ գառնուկ մը, որ ծախու առեր էր ու կը սնուցանէր։ Գառնուկը անոր հետ ու անոր տղոցը հետ մէկտեղ մեծցաւ։ Անոր պատառէն կ’ուտէր ու անոր գաւաթէն կը խմէր եւ անոր ծոցը կը պառկէր ու անոր՝ աղջկան մը պէս էր։
4Ճամբորդ մը եկաւ այն հարուստ մարդուն, ան ալ չուզեց իր հօտերէն ու արջառներէն առնել ու իրեն եկող ճամբորդին կերակուր պատրաստել, գնաց այն աղքատ մարդուն էգ գառնուկը առաւ ու զանիկա իրեն եկող մարդուն համար պատրաստեց»։
5Այն ատեն Դաւիթին բարկութիւնը այն մարդուն դէմ սաստիկ բորբոքեցաւ ու Նաթանին ըսաւ. «Տէրը կենդանի է, որ այդ բանը ընող մարդը մեռնելու արժանի է։
6Այն գառնուկին չորեքպատիկը պէտք է հատուցանէ, քանզի այս բանը ըրաւ ու գութ չունեցաւ»։
7Այն ատեն Նաթան Դաւիթին ըսաւ. «Այդ մարդը դո՛ւն ես։ Իսրայէլի Տէր Աստուածը այսպէս կ’ըսէ. ‘Քեզ Իսրայէլի վրայ ե՛ս թագաւոր օծեցի ու քեզ Սաւուղին ձեռքէն ե՛ս ազատեցի
8Եւ տիրոջդ տունը քեզի ու տիրոջդ կիները քու ծոցդ տուի եւ Իսրայէլի ու Յուդայի տունը քեզի տուի ու եթէ քիչ կ’երեւնար, քեզի ասոնցմէ աւելի բաներ կու տայի՝ ՝։
9Ինչո՞ւ համար Տէրոջը խօսքը անարգեցիր անոր աչքերուն առջեւ չարութիւն ընելով եւ Ուրիային կինը քեզի կին առիր ու զանիկա Ամմոնի որդիներուն սրովը սպաննեցիր։
10Հիմա զիս անարգելուդ համար ու Քետացի Ուրիային կինը քեզի կին առնելուդ համար, քու տունէդ սուրը յաւիտեան պակաս պիտի չըլլայ։
11Եւ Տէրը այսպէս կ’ըսէ. ‘Քու տունէդ քեզի դէմ չարիք մը պիտի հանեմ ու քու աչքերուդ առջեւ քու կիներդ պիտի առնեմ եւ զանոնք քու դրացիիդ պիտի տամ ու անիկա այս արեգակին առջեւ քու կիներուդ հետ պիտի պառկի։
12Թէեւ դուն ծածկաբար ըրիր, բայց ես այս բանը բոլոր Իսրայէլին առջեւ ու արեգակին առջեւ պիտի ընեմ’»։
13Դաւիթ Նաթանին ըսաւ. «Տէրոջը դէմ մեղք գործեցի»։ Եւ Նաթան Դաւիթին ըսաւ. «Տէրն ալ քու մեղքդ ներեց, պիտի չմեռնիս
14Եւ որովհետեւ այս բանով Տէրոջը թշնամիներուն հայհոյութիւն ընելու առիթ տուիր, անոր համար այս քեզի ծնած տղան անշուշտ պիտի մեռնի»։
15Նաթան իր տունը գնաց։ Տէրը զարկաւ այն մանուկը, որ Ուրիային կինը Դաւիթին ծներ էր ու սաստիկ հիւանդացաւ։
16Դաւիթ մանուկին համար Աստուծոյ աղաչեց ու ծոմ պահեց ու գնաց բոլոր գիշերը գետնին վրայ պառկեցաւ։
17Անոր տանը ծերերը անոր քով գացին՝ ՝, որպէս զի զանիկա գետնէն վերցնեն. բայց անիկա չուզեց ու անոնց հետ հաց չկերաւ։
18Եօթներորդ օրը մանուկը մեռաւ։ Դաւիթին ծառաները մանուկին մեռնիլը անոր իմացնել վախցան, քանզի ըսին. «Ահա քանի որ մանուկը ողջ էր՝ անոր ըսինք ու անիկա մեր խօսքին մտիկ չըրաւ. ի՞նչպէս անոր ըսենք թէ՝ ‘Մանուկը մեռաւ’, որ գէշ բան մը ընէ»։
19Բայց Դաւիթ իր ծառաներուն շշնջիւնը տեսնելով՝ իմացաւ որ մանուկը մեռեր է ու Դաւիթ իր ծառաներուն ըսաւ. «Մանուկը մեռա՞ւ»։ Անոնք ըսին. «Մեռաւ»։
20Այն ատեն Դաւիթ գետնէն ելաւ, լուացուեցաւ, օծուեցաւ, հանդերձները փոխեց ու Տէրոջը տունը մտնելով՝ երկրպագութիւն ըրաւ։ Յետոյ իր տունը դարձաւ եւ ուզեց ու անոր առջեւ հաց դրին ու կերաւ։
21Ծառաները անոր ըսին. «Այս ըրած բանդ ի՞նչ պիտի ըլլայ. քանի որ մանուկը ողջ էր, անոր համար ծոմ պահեցիր ու լացիր. իսկ մանուկը մեռածին պէս ելար հաց կերար»։
22Դաւիթ ըսաւ. «Քանի որ մանուկը ողջ էր, ծոմ պահեցի ու լացի. քանզի ըսի. ‘Ո՞վ գիտէ, թերեւս Աստուած ինծի ողորմի ու մանուկը առողջանայ’։
23Բայց հիմա անիկա մեռած է, ինչո՞ւ համար ծոմ պահեմ. միթէ ես կրնա՞մ զանիկա ետ դարձնել։ Ես անոր պիտի երթամ, բայց անիկա ինծի պիտի չդառնայ»։
24Դաւիթ իր կինը Բերսաբէն մխիթարեց ու անոր քով մտաւ եւ անոր հետ պառկեցաւ ու անիկա որդի մը ծնաւ ու անոր անունը Սողոմոն դրաւ։ Տէրը զանիկա սիրեց։
25Նաթան մարգարէին ձեռքով պատգամ ղրկեց եւ անոր անունը Տէրոջը համար Յեդիդիա կոչեց։
26Յովաբ Ամմոնի որդիներուն Ռաբբային դէմ պատերազմ ըրաւ ու թագաւորանիստ քաղաքը առաւ։
27Յովաբ Դաւիթին պատգամաւորներ ղրկեց ու ըսաւ. «Ռաբբային դէմ պատերազմ ըրի ու ջուրերուն քաղաքը առի։
28Հիմա մնացած ժողովուրդը հաւաքէ ու քաղաքին դէմ բանակ դիր եւ զանիկա առ. չըլլայ որ քաղաքը ես առնեմ ու անոր վրայ իմ անունս դրուի»։
29Ուստի Դաւիթ բոլոր ժողովուրդը հաւաքեց ու Ռաբբա գնաց եւ անոր դէմ պատերազմելով՝ զանիկա առաւ։
30Անոնց թագաւորին գլխէն թագը առաւ, որ տաղանդ մը ոսկիի ծանրութիւն ունէր՝ պատուական քարերով զարդարուած ։ Անիկա Դաւիթին գլուխը դրուեցաւ։ Դաւիթ քաղաքէն խիստ շատ աւար առաւ։
31Եւ անոր մէջ եղած ժողովուրդը հանեց ու զանոնք սղոցներու ու երկաթէ կամնասայլերու ու երկաթէ տապարներու տակ դրաւ եւ զանոնք աղիւսէ փուռէ անցուց։ Ամմոնի որդիներուն բոլոր քաղաքներուն այսպէս ըրաւ։ Դաւիթ բոլոր ժողովուրդով Երուսաղէմ դարձաւ։