2 Kings 6WARMB

1Մարգարէներուն որդիները Եղիսէին ըսին. «Ահա այս տեղը, որ մենք քու առջեւդ կը նստինք, մեզի նեղ է։

2Երթանք ուրեմն մինչեւ Յորդանան ու այնտեղէն ամէն մէկս մէկմէկ գերան առնենք ու հոն մեզի բնակելու տեղ շինենք»։ Անիկա ըսաւ. «Գացէ՛ք»։

3Անոնցմէ մէկը ըսաւ. «Շնորհք ըրէ՛, քու ծառաներուդ հետ եկուր» եւ անիկա «Կու գամ», ըսաւ։

4Ու անոնց հետ գնաց։ Յորդանան հասնելով ծառեր կտրեցին։

5Երբ մէկը գերան մը կը կտրէր, տապարին երկաթը ջուրին մէջ ինկաւ, ուստի անիկա պոռալով՝ ըսաւ. «Ո՜հ, տէր իմ, կացինը փոխ առնուած էր»։

6Աստուծոյ մարդը ըսաւ. «Ո՞ւր ինկաւ»։ Անիկա այն տեղը ցուցուց անոր։ Եղիսէ փայտ մը կտրեց ու հոն նետեց ու երկաթը ջուրին երեսը ելաւ

7Եւ անոր ըսաւ. « Զանիկա վերցո՛ւր»։ Ան ալ ձեռքը երկնցուց ու կացինը առաւ։

8Անգամ մը, երբ Ասորիներուն թագաւորը Իսրայէլի դէմ պատերազմ կ՛ընէր, իր ծառաներուն հետ խորհուրդ ըրաւ ու ըսաւ. «Այս ինչ կամ այն ինչ տեղը բանակ դնեմ»։

9Աստուծոյ մարդը Իսրայէլի թագաւորին մարդ ղրկեց՝ ըսելով. «Զգուշացի՛ր, որ այն տեղէն չանցնիս, վասն զի Ասորիները հոն իջած են»։

10Իսրայէլի թագաւորը Աստուծոյ մարդուն ըսած տեղը մարդ ղրկելով տեղեկացաւ եւ անկէ զգուշացաւ շատ անգամ։

11Այս բանին համար Ասորիներու թագաւորին սիրտը նեղանալով՝ իր ծառաները կանչեց ու անոնց ըսաւ. «Չէ՞ք յայտներ ինծի թէ մերիններէն ո՞վ կայ, որ Իսրայէլի թագաւորին լուր կը ղրկէ »։

12Ծառաներէն մէկը ըսաւ. «Չկայ այդպիսի մէկը, ո՛վ տէր իմ թագաւոր, հապա Իսրայէլի մէջ եղող Եղիսէ մարգարէն՝ քու պառկելու սենեակիդ մէջ խօսած խօսքերդ Իսրայէլի թագաւորին կը յայտնէ»։

13Եւ թագաւորը ըսաւ. «Գացէ՛ք ու անոր ուր ըլլալը իմացէք, որպէս զի զանիկա բռնել տամ»։ Անոր յայտնեցին ու ըսին. «Ահա անիկա Դօթայիմի մէջ է»։

14Ուստի թագաւորը ձիեր ու կառքեր եւ բազմաթիւ զօրքեր ղրկեց հոն, որոնք գիշերով գացին եւ քաղաքը պաշարեցին։

15Աստուծոյ մարդուն ծառան առաւօտուն կանուխ ելաւ ու դուրս գնաց եւ ահա զօրքեր, ձիեր ու կառքեր քաղաքը պաշարեր էին ու ծառան տիրոջը ըսաւ. «Ո՜հ, տէ՛ր իմ, ի՞նչ ընենք»։

16Եղիսէ ըսաւ. «Մի՛ վախնար, քանզի մեզի հետ եղողները անոնց հետ եղողներէն շատուոր են»։

17Եղիսէ աղօթք ըրաւ ու ըսաւ. «Ո՛վ Տէր, ասոր աչքերը բաց, որպէս զի տեսնէ»։ Տէրը ծառային աչքերը բացաւ ու տեսաւ որ ահա լեռը Եղիսէին չորս կողմը հրեղէն ձիերով ու կառքերով լեցուն էր։

18Երբ անոնք Եղիսէի քով իջան՝ Եղիսէ Տէրոջը աղօթէ ըրաւ ու ըսաւ. «Կ’աղաչեմ, այս ազգը կուրութեամբ զարկ»։ Տէրը զանոնք կուրութեամբ զարկաւ Եղիսէի խօսքին համեմատ։

19Այն ատեն Եղիսէ անոնց ըսաւ. «ճամբան այս չէ ու քաղաքը ասիկա չէ, ետեւէս եկէք, որպէս զի ձեզ ձեր փնտռած մարդուն տանիմ» եւ զանոնք Սամարիա տարաւ։

20Ու երբ Սամարիա եկան, Եղիսէ ըսաւ. «Ո՛վ Տէր, ասոնց աչքերը բաց, որպէս զի տեսնեն»։ Տէրը անոնց աչքերը բացաւ ու տեսան եւ ահա Սամարիայի մէջ էին։

21Իսրայէլի թագաւորը զանոնք տեսնելով՝ Եղիսէին ըսաւ. «Ո՛վ հայր իմ, զարնե՞մ, զարնե՞մ»։

22Անիկա ըսաւ. «Մի՛ զարներ. միթէ քու սրովդ ու աղեղովդ գերի բռնածներդ կը զարնե՞ս. անոնց առջեւ հաց ու ջուր դիր, որպէս զի ուտեն, խմեն ու իրենց տիրոջը երթան»։

23Անոնց մեծ կոչունք մը ըրաւ։ Կերան խմեցին։ Զանոնք ետ ղրկեց։ Անոնք իրենց տիրոջը գացին։ Ասորիներու գունդերը անգամ մըն ալ Իսրայէլի երկիրը չեկան։

24Անկէ ետքը Ասորիներու Բենադադ թագաւորը իր բոլոր բանակը հաւաքեց ու ելաւ Սամարիան պաշարեց։

25Սամարիայի մէջ մեծ սով եղաւ, քանզի զանիկա պաշարեր էին, այնպէս որ մէկ իշու գլուխը ութսուն սիկղ արծաթի ու աղաւնիի աղբին՝ ՝ մէկ կապիճին մէկ չորրորդ մասը հինգ սիկղ արծաթի ծախուեցաւ։

26Երբ Իսրայէլի թագաւորը պարսպին վրայէն կ’անցնէր, կին մը անոր աղաղակեց ու ըսաւ. «Ո՛վ տէր իմ թագաւոր, օգնէ ինծի »։

27Անիկա ըսաւ. «Եթէ Տէրը քեզի չօգնէ, ես քեզի ուրկէ՞ օգնեմ, կալէ՞ն թէ հնձանէն»։

28Ու թագաւորը անոր ըսաւ. «Քեզի ի՞նչ եղաւ»։ Անիկա ըսաւ. «Այս կինը ինծի ըսաւ թէ ‘Քու տղադ տուր ու այսօր զանիկա ուտենք եւ իմ տղաս վաղը ուտենք’։

29Ուստի իմ տղաս եփեցինք եւ զանիկա կերանք։ Երկրորդ օրը անոր ըսի. ‘Տղադ տուր, որպէս զի ուտենք’, բայց անիկա իր տղան պահեց»։

30Թագաւորը այն կնոջ խօսքը լսածին պէս իր հանդերձները պատռեց ու պարսպին վրայէն անցած ատենը՝ ժողովուրդը տեսաւ որ ահա ներսէն անոր մարմնին վրայ քուրձ կար։

31Անիկա ըսաւ. «Աստուած ինծի այսպէս ու ասկէ աւելի ընէ, եթէ այսօր Սափատեան Եղիսէին գլուխը իր վրայ մնայ»։

32Եղիսէ իր տունը կը նստէր ու ծերերը անոր հետ կը նստէին։ Թագաւորը իր առջեւէն մարդ մը ղրկեց անոր ու պատգամաւորը դեռ չեկած՝ Եղիսէ ծերերուն ըսաւ. «Կը տեսնէ՞ք որ այս մարդասպանին որդին գլուխս առնելու մարդ ղրկեց. նայեցէ՛ք, այն մարդը եկածին պէս դուռը գոցեցէ՛ք ու զանիկա դրանը քով բռնեցէ՛ք. միթէ անոր տիրոջը ոտքերուն ձայնը անոր ետեւէն չէ՞»։

33Երբ անոնց հետ կը խօսէր, այն պատգամաւորը անոր քով իջաւ ու ըսաւ. «Ահա այս չարիքը տէրոջմէն է. ա՛լ ասկէ յետոյ Տէրոջմէն ի՞նչ պիտի յուսամ»։

Հայ Արեւմտահայերէն Աստուածաշունչ © Bible Society in Lebanon, 1981.

Choose Translation

Switch translation for 2 Kings 6.

Reading Settings

Paragraph viewDisplay verses as flowing paragraphs instead of individual lines
Show verse numbersDisplay verse numbers inline
Red letterHighlight the words of Christ in red

Sign in to save your reading preferences across sessions.