2 Kings 22WARMB

1Յովսիա ութը տարեկան էր, երբ թագաւոր եղաւ ու Երուսաղէմի մէջ երեսունըմէկ տարի թագաւորութիւն ըրաւ։ Անոր մօրը անունը Յեդիդա էր ու Բազկաթացի Ադայիային աղջիկն էր։

2Անիկա Տէրոջը առջեւ ուղղութիւն ըրաւ ու իր հօրը Դաւիթին ճամբուն մէջ քալեց եւ աջ կամ ձախ չխոտորեցաւ։

3Յովսիա թագաւորին տասնըութերորդ տարին թագաւորը Մեսուղամին որդիին Եսելիային որդին Սափան դպրիը Տէրոջը տունը ղրկեց՝ ըսելով.

4«Քեղկիա քահանայապետին գնա՛ ու անիկա Տէրոջը տունը բերուած ստակը թող համրէ՛, որ դրան պահապանները ժողովուրդէն հաւաքեցին

5Ու զանիկա Տէրոջը տանը գործին վրայ դրուած բանուորներուն ու տանը փլած տեղերը շինելու համար Տէրոջը տանը մէջ գործող

6Հիւսներուն, շինողներուն ու որմնադիրներուն թող տան, նաեւ փայտ ու տաշուած քարեր թող ծախու առնեն տունը նորոգելու համար»։

7Բայց անոնց ձեռքը տրուած ստակին հաշիւը չէին հարցներ, քանզի անոնք հաւատարմութեամբ կը գործէին։

8Քեղկիա քահանայապետը Սափան դպիրին ըսաւ. «Տէրոջը տանը մէջ օրէնքներու գիրք մը գտայ» ու այն գիրքը Սափանին տուաւ ու այն կարդաց։

9Սափան դպիրը թագաւորին ըսաւ. «Քու ծառաներդ տանը մէջ գտնուած ստակը հանեցին ու Տէրոջը տանը գործին վրայ դրուած բանուորներուն ձեռքը տուին»։

10Սափան դպիրը թագաւորին պատմեց ու ըսաւ. «Քեղկիա քահանան ինծի գիրք մը տուաւ»։ Սափան զանիկա թագաւորին առջեւ կարդաց։

11Ու թագաւորը օրէնքներու գրքին խօսքերը լսածին պէս իր հանդերձները պատռեց։

12Թագաւորը Քեղկիա քահանային ու Սափանին որդիին Աքիկամին ու Միքիային որդիին Աքոբորին եւ Սափան դպիրին ու թագաւորին ծառային Ասայիային պատուիրեց ու ըսաւ.

13«Գացէ՛ք, ինծի համար ու ժողովուրդին համար ու բոլոր Յուդային համար՝ այս գտնուած գրքերուն խօսքերուն վրայով Տէրոջը հարցուցէ՛ք. քանզի մեր վրայ Տէրոջը մեծ բարկութիւնը բորբոքեր է, որովհետեւ մեր հայրերը այս գրքին խօսքերուն հնազանդած չեն ու մեզի համար ամէն գրուած բաները գործադրած չեն»։

14Քեղկիա քահանան եւ Աքիկամն ու Աքոբորը եւ Սափանն ու Ասայիան՝ Արասին որդիին Թեկուայի որդիին Սեղղում հանդերձապետին կնոջ Ողդա մարգարէին գացին։ Անիկա Երուսաղէմ Մասենայի մէջ կը բնակէր ու անոր հետ խօսեցան։

15Անիկա ըսաւ անոնց. «Իսրայէլի Տէր Աստուածը այսպէս կ’ըսէ. ‘Ձեզ ինծի ղրկող մարդուն այսպէս ըսէք.

16«Ահա ես այս տեղին ու անոր բնակիչներուն վրայ չարիք պիտի բերեմ, այսինքն Յուդայի թագաւորին կարդացած գրքին ամէն խօսքերը։

17Որովհետեւ զիս թողուցին եւ ուրիշ աստուածներու խունկ ծխեցին, որպէս զի իրենց ձեռքերուն բոլոր գործերովը զիս բարկացնեն. ուստի այս տեղին վրայ իմ բարկութիւնս պիտի բորբոքի ու պիտի չմարի»

18Բայց Տէրոջը հարցնելու համար ձեզ ղրկող Յուդայի թագաւորին այսպէս ըսէք. «Իսրայէլի Տէր Աստուածը այսպէս կ’ըսէ.

19‘Լսած խօսքերուդ համար, որովհետեւ քու սիրտդ կակղացաւ ու Տէրոջը առջեւ խոնարհեցար, երբ լսեցիր իմ խօսքս, թէ այս տեղին վրայ ու անոր բնակիչներուն վրայ աւերում ու անէծք պիտի ըլլայ եւ քու հանդերձներդ պատռեցիր ու իմ առջեւս լացիր, ես ալ լսեցի՛, կ’ըսէ Տէրը։

20Անոր համար ահա ես քեզ քու հայրերուդ պիտի խառնեմ ու խաղաղութեամբ քու գերեզմանիդ մէջ պիտի ամփոփուիս։ Այս տեղին վրայ իմ բերելու բոլոր չարիքներս քու աչքերդ պիտի չտեսնեն’»։ Ու անոնք թագաւորին պատասխան բերին։

Հայ Արեւմտահայերէն Աստուածաշունչ © Bible Society in Lebanon, 1981.

Choose Translation

Switch translation for 2 Kings 22.

Reading Settings

Paragraph viewDisplay verses as flowing paragraphs instead of individual lines
Show verse numbersDisplay verse numbers inline
Red letterHighlight the words of Christ in red

Sign in to save your reading preferences across sessions.