1Երբ Տէրը Եղիան մրրիկով երկինք պիտի վերցնէր, Եղիա ու Եղիսէ Գաղգաղա գացին։
2Եղիա ըսաւ Եղիսէին. «Դուն հոս նստէ՛, քանզի Տէրը զիս Բեթէլ ղրկեց»։ Եղիսէ ըսաւ. Տէրը կենդանի է ու քու անձդ կենդանի է, որ ես քեզ չեմ թողուր»։ Ու Բեթէլ իջան։
3Բեթէլի մէջ գտնուող մարգարէներուն որդիները Եղիսէին ելան ու անոր ըսին. «Գիտե՞ս որ այսօր Տէրը քու տէրդ քու գլխէդ պիտի առնէ»։ Անիկա ըսաւ. «Ես ալ գիտեմ, լո՛ւռ կեցէք»։
4Եղիա անոր ըսաւ. «Ո՛վ Եղիսէ, դուն հոս նստէ՛, քանզի Տէրը զիս Երիքով ղրկեց»։ Անիկա ըսաւ. «Տէրը կենդանի է ու քու անձդ կենդանի է, որ ես քեզ չեմ թողուր»։ Ու Երիքով գացին։
5Երիքովի մէջ գտնուող մարգարէներուն որդները Եղիսէին մօտեցան ու անոր ըսին. «Գիտե՞ս որ այսօր Տէրը քու տէրդ քու գլխէդ պիտի առնէ»։ Անիկա ըսաւ. «Ես ալ գիտեմ, լո՛ւռ կեցէք»։
6Եղիա անոր ըսաւ. «Դուն հոս նստէ՛, քանզի Տէրը զիս Յորդանան ղրկեց»։ Անիկա ըսաւ. «Տէրը կենդանի է ու քու անձդ կենդանի է, որ ես քեզ չեմ թողուր»։ Երկուքը գացին։
7Մարգարէներուն որդիներէն յիսուն մարդ գացին անոր դէմ՝ հեռուն կայնեցան, իսկ իրենք երկուքը Յորդանանի քով կայնեցան։
8Եղիա իր վերարկուն առաւ ծալլեց եւ ջուրերուն զարկաւ ու մէկ կողմն ու միւս կողմը բաժնուեցան ու երկուքը ցամաքով անցան։
9Երբ անոնք անցան, Եղիա ըսաւ Եղիսէին. «Խնդրէ՛, ի՞նչ ընեմ քեզի, քանի որ դեռ քեզմէ վերցուած չեմ»։ Եղիսէ ըսաւ. «Քող քու ոգիիդ կրկնապատիկը ունենամ»։
10Եղիա անոր ըսաւ. «Դժուար բան խնդրեցիր. բայց եթէ քեզմէ վերցուելու ատենս զիս տեսնես՝ խնդրածիդ պէս թող ըլլայ, ապա թէ ոչ՝ թող չըլլայ»։
11Երբ անոնք խօսելով կ’երթային, ահա հրեղէն կառք մը եւ հրեղէն ձիեր երեւցան ու զանոնք իրարմէ զատեցին ու Եղիա մրրիկով երկինք ելաւ։
12Եղիսէ տեսաւ ու աղաղակեց. «Հա՛յր իմ, հա՛յր իմ, Իսրայէլին կառքը ու անոր ձիաւորները»։ Ա՛լ չտեսաւ զանիկա։ Իր հանդերձները բռնեց ու զանոնք երկու կտորի պատռեց։
13Եղիային վրայէն ինկած վերարկուն վերցուց եւ դարձաւ Յորդանանի եզերքը կեցաւ։
14Եղիային վրայէն ինկած վերարկուն առաւ, ջուրերուն զարկաւ ու ըսաւ. «Եղիային Տէր Աստուածը ո՞ւր է հիմա»։ Երբ ջուրերուն զարկաւ, մէկ կողմն ու միւս կողմը բաժնուեցան ու Եղիսէ անցաւ։
15Երիքովի մարգարէներուն որդիները զանիկա տեսնելով՝ ըսին. «Եղիային ոգին Եղիսէին վրայ հանգչեցաւ»։ Զանիկա դիմաւորելու գացին ու գետնէն անոր խոնարհութիւն ըրին
16Եւ անոր ըսին. «Ահա քու ծառաներուդ հետ յիսուն զօրաւոր մարդիկ կան, թող երթան ու քու տէրդ փնտռեն. կարելի է Տէրոջը Հոգին զանիկա վերցուց ու լերան մը վրայ կամ ձորի մը մէջ ձգեց»։ Անիկա ըսաւ. «Մի՛ ղրկէք»։
17Բայց անոնք բռնադատեցին զանիկա մինչեւ որ ամչցաւ ու ըսաւ. «Ղրկեցէ՛ք»։ Եւ յիսուն մարդ ղրկեցին, որոնք երեք օր փնտռեցին, բայց զանիկա չգտան
18Ու անոր դարձան։ Անիկա Երիքով կը նստէր ու անոնց ըսաւ. «Ես ձեզի չըսի՞, թէ ‘Մի՛ երթաք’»։
19Քաղաքին մարդիկը Եղիսէին ըսին. «Ահա քաղաքիս բնակութիւնը աղէկ է, ինչպէս մեր տէրը կը տեսնէ, բայց ջուրերը գէշ ու երկիրը անպտուղ է»։
20Անիկա ըսաւ. «Ինծի նոր կուժ մը բերէ՛ք ու մէջը աղ դրէ՛ք»։ Անոնք անոր բերին։
21Անիկա ջուրերուն աղբիւրը ելաւ ու հոն աղ նետեց ու ըսաւ. Տէրը այսպէս կ’ըսէ. ‘Այս ջուրերը բժշկեցի, անգամ մըն ալ ասկէ մահ ու անպտղութիւն չըլլայ’»։
22Այն ջուրերը բժշկուեցան մինչեւ այսօր՝ Եղիսէի ըսած խօսքին համեմատ։
23Անկէ Բեթէլ ելաւ ու երբ ճամբայէն վեր կ’ելլէր, քաղաքէն պզտիկ տղաքներ ելան եւ զանիկա ծաղր կ’ընէին ու կ’ըսէին. «Ելի՛ր կնտակ, ելի՛ր կնտակ»։
24Ետին դարձաւ ու զանոնք տեսաւ եւ Տէրոջը անունովը զանոնք անիծեց։ Անտառէն երկու մատակ արջ ելան ու անոնցմէ քառասունըերկու տղայ պատառեցին։
25Եւ անկէ Կարմեղոս լեռը գնաց, ապա Սամարիա դարձաւ։