2 Kings 19WARMB

1Երբ Եզեկիա թագաւորը լսեց, իր հանդերձները պատռեց ու քուրձ հագաւ եւ Տէրոջը տունը մտաւ։

2Պալատին հազարապետը Եղիակիմ եւ Սեբնա ատենադպիրն ու քահանաներուն ծերերը քուրձեր հագած՝ Ամովսի որդիին Եսայի մարգարէին ղրկեց։

3Անոր ըսին. Եզեկիան այսպէս կ’ըսէ. «Այսօր նեղութեան, կշտամբանքի ու նախատինքի օր է. քանզի տղաքը մինչեւ ծնանելու վայրկեանը հասան, բայց ծնանելու ոյժ չկայ։

4Կարելի է որ քու Տէր Աստուածդ Ռափսակին բոլոր խօսքերը լսէ, որ իր տէրը, Ասորեստանի թագաւորը, ղրկեց կենդանի Աստուածը նախատելու համար ու քու Տէր Աստուածդ այն իր լսած խօսքերուն համար յանդիմանէ. ուրեմն դուն մնացորդին համար աղօթք ըրէ՛»։

5Եզեկիա թագաւորին ծառաները Եսայիին գացին։

6Եսայի անոնց ըսաւ. «Ձեր տիրոջը այսպէս ըսէք. Տէրը այսպէս կ’ըսէ. ‘Մի՛ վախնար այն լսած խօսքերէդ, որոնցմով Ասորեստանի թագաւորին ծառաները ինծի հայհոյեցին։

7Ահա ես անոր վրայ ոգի մը պիտի ղրկեմ։ Ան լուր մը լսելով իր երկիրը պիտի դառնայ ու զանիկա իր երկրին մէջ սրով պիտի կործանեմ’»։

8Ռափսակ դարձաւ ու Ասորեստանի թագաւորը գտաւ, որ Լեբնայի հետ կը պատերազմէր, վասն զի լսած էր թէ Լաքիսէն չուեր է։

9Սենեքերիմ Եթովպացիներուն Թարակա թագաւորին համար լսեց, որ կ’ըսէին. «Ահա անիկա քեզի հետ պատերազմելու ելեր է»։ Նորէն Եզեկիային դեսպաններ ղրկեց՝ ըսելով.

10«Յուդայի Եզեկիա թագաւորին այսպէս խօսեցէք ու ըսէք. ‘Այն քու Աստուածդ, որուն դուն ապաւիներ ես, թող քեզ չխաբէ՝ ըսելով, Երուսաղէմ Ասորեստանի թագաւորին ձեռքը պիտի չտրուի։

11Ահա դուն լսեցիր ինչ որ Ասորեստանի թագաւորները բոլոր երկիրներուն ըրին ու ի՛նչպէս զանոնք բոլորովին կործանեցին ու հիմա դո՞ւն պիտի ազատիս։

12Միթէ իմ հայրերուս կործանած ազգերուն, այսինքն Գովզանի, Խառանի, Ռեսեփի ու Թելասարի մէջ եղող Եդեմին որդիներուն աստուածները զանոնք ազատեցի՞ն։

13Ո՞ւր են Եմաթին թագաւորն ու Արփաթին թագաւորը ու Սեփարուիմ քաղաքին՝ Անային եւ Աւային թագաւորը’»։

14Եզեկիա նամակը դեսպաններուն ձեռքէն առաւ ու զանիկա կարդաց եւ Տէրոջը տունը ելաւ ու Եզեկիա Տէրոջը առջեւ բացաւ զանիկա։

15Ու Եզեկիա Տէրոջը առջեւ աղօթք ըրաւ ու ըսաւ. «Ով Տէր Աստուած Իսրայէլի, որ քերովբէներու վրայ կը նստիս, երկրի բոլոր թագաւորութիւններուն մէջ Աստուած միայն դուն ես. երկինքն ու երկիրը դուն ստեղծեցիր։

16Ո՛վ Տէր, ականջդ խոնարհեցուր ու լսէ՛. ո՛վ Տէր, աչքերդ բաց ու նայէ՛ եւ լսէ՛ Սենեքերիմին խօսքերը, որ ղրկեց կենդանի Աստուածը նախատելու համար։

17Ո՛վ Տէր, իրաւցընէ Ասորեստանի թագաւորները՝ ազգերը ու անոնց երկիրը աւերեցին

18Եւ անոնց աստուածները կրակի տուին, վասն զի անոնք Աստուած չէին, հապա մարդու ձեռագործ, փայտ ու քար, էին. անոր համար զանոնք կորսնցուցին։

19Հիմա դուն, ո՜վ Տէր Աստուած մեր, ազատէ մեզ անոր ձեռքէն, որպէս զի երկրի բոլոր թագաւորութիւնները գիտնան թէ միայն դո՛ւն ես Աստուած»։

20Ամովսի որդին Եսայի Եզեկիային մարդ ղրկեց՝ ըսելով. «Իսրայէլի Տէր Աստուածը այսէս կ’ըսէ. ‘Ասորեստանի Սենեքերիմ թագաւորին համար ինծի ըրած աղօթքդ լսեցի.

21Անոր վրայով Տէրոջը ըսած խօսքը այս է. «Սիօնին կոյս աղջիկը քեզ անարգեց, քեզ ծաղր ըրաւ. Երուսաղէմին աղջիկը քու ետեւէդ գլուխ շարժեց։

22Դուն զո՞վ նախատեցիր ու որո՞ւ հայհոյեցիր Ու որո՞ւ վրայ ձայնդ վերցուցիր Եւ աչքերդ Իսրայէլի սուրբին դէմ վեր վերցուցիր։

23Քու դեսպաններուդ ձեռքով Տէրը նախատելով՝ ըսիր. ‘Իմ կառքերուս շատութիւնովը լեռներուն բարձունքը, Լիբանանի քովերը ելայ Ու անոր բարձր եղեւինները Եւ ընտիր մայրիները պիտի կտրեմ՝ ՝ Ու անոր վերջին բնակութիւնը Անոր Կարմեղոսին անտառը պիտի մտնեմ։

24Ես փորեցի ու օտար ջուրերը խմեցի Ու պաշարուած տեղերուն՝ ՝ բոլոր գետերը Ոտքերուս թաթերովը ցամքեցուցի։

25Միթէ լսած չե՞ս որ ասիկա շատոնցմէ ես կազմեցի Ու սկիզբէն ծրագրեցի. Հիմա կատարեցի, Որպէս զի դուն պարսպապատ քաղաքները աւերակի հողակոյտերու դարձնես։

26Ուստի անոնց բնակիչներուն ձեռքը կարճ ըլլալուն համար Զարհուրեցան ու ամչցան. Անոնք դաշտի խոտի պէս Եւ կանանչ բանջարի պէս, Տանիքի խոտի պէս Եւ դեռ չհասած ու խորշակէն զարնուած հունձքի պէս եղան։

27Բայց ես քու բնակութիւնդ, ելլելդ ու մտնելդ Եւ ինծի դէմ ունեցած սրտմտութիւնդ գիտեմ։

28Որովհետեւ ինծի դէմ ունեցած սրտմտութիւնդ Ու քու ամբարտաւանութիւնդ իմ ականջներուս հասան։ Ես ալ իմ կարթս քու քիթդ Եւ իմ սանձս քու բերանդ պիտի դնեմ Ու քու եկած ճամբայէդ քեզ ետ պիտի դարձնեմ։

29Եւ ասիկա քեզի նշան ըլլայ. Այս տարի ինքնիրմէ բուսածը Ու երկրորդ տարին ինկած հատերէն բուսածը պիտի ուտէք, Իսկ երրորդ տարին ցանեցէք ու հնձեցէք Եւ այգիներ տնկեցէք ու անոնց պտուղը կերէք։

30Յուդայի տունէն ազատուած մնացորդը Վարէն արմատ պիտի արձակէ Ու վերէն պտուղ պիտի տայ,

31Քանզի Երուսաղէմէն մնացորդ մը Ու Սիօն լեռնէն վերապրողներու խումբ մը պիտի ելլէ։ Ասիկա զօրքերու Տէրոջը նախանձախնդրութիւնը պիտի ընէ։

32Ասոր համար Ասորեստանի թագաւորին վրայով Տէրը այսպէս կ’ըսէ. ‘Անիկա այս քաղաքը պիտի չմտնէ Ու անոր նետ պիտի չնետէ Եւ անոր առջեւ վահանով պիտի չգայ Ու անոր դէմ պատնէշ պիտի չկանգնեցնէ։

33Իր եկած ճամբայէն ետ պիտի դառնայ Ու այս քաղաքը պիտի չմտնէ’, կ’ըսէ Տէրը։

34Եւ այս քաղաքը պիտի պաշտպանեմ Ու զանիկա ազատեմ ինծի համար Ու իմ ծառայիս Դաւիթին համար»։

35Ու այն գիշերը Տէրոջը հրեշտակը ելաւ եւ Ասորեստանի բանակին մէջ հարիւր ութսունըհինգ հազար մարդ զարկաւ։ Երբ առաւօտուն կանուխ ելան, ահա անոնց ամէնքը մեռած մարմիններ էին։

36Ասորեստանի Սենեքերիմ թագաւորը չուեց գնաց ու դարձաւ Նինուէի մէջ նստաւ։

37Երբ անիկա իր աստուծոյն Նեսրաքին տանը մէջ երկրպագութիւն կ’ընէր, անոր որդիները Ադրամելէքն ու Սարասարը զանիկա սրով զարկին ու Արարատի երկիրը փախան։ Անոր տեղ անոր որդին Ասորդան թագաւոր եղաւ։

Հայ Արեւմտահայերէն Աստուածաշունչ © Bible Society in Lebanon, 1981.

Choose Translation

Switch translation for 2 Kings 19.

Reading Settings

Paragraph viewDisplay verses as flowing paragraphs instead of individual lines
Show verse numbersDisplay verse numbers inline
Red letterHighlight the words of Christ in red

Sign in to save your reading preferences across sessions.