2 Chronicles 35WARMB

1Յովսիա Երուսաղէմի մէջ Տէրոջը զատիկը տօնեց ու զատիկը առաջին ամսուան տասնըչորրորդ օրը մորթեցին։

2Քահանաները իրենց պահպանութեանը վրայ կեցուց ու զանոնք քաջալերեց, որ Տէրոջը տանը ծառայութիւն ընեն։

3Բոլոր Իսրայէլին սորվեցնող ու Տէրոջը նուիրուած Ղեւտացիներուն ըսաւ. «Սուրբ տապանակը Իսրայէլի թագաւորին, Դաւիթին որդիին Սողոմոնին, շինած տունը դրէք, ձեր ուսերուն վրայ բեռ թող չըլլայ ու ձեր Տէր Աստուծոյն ու անոր ժողովուրդին Իսրայէլին ծառայութիւն ըրէ՛ք։

4Ձեր ազգատոհմերովն ու ձեր բաժանումներովը՝ Իսրայէլի թագաւորին Դաւիթին գրածին պէս ու անոր որդիին Սողոմոնին գրածին պէս պատրաստ եղէ՛ք։

5Ձեր եղբայրներուն, ժողովուրդին որդիներուն տոհմերուն որոշումներուն համեմատ ու Ղեւտացիներուն ազգատոհմերուն բաժանումներուն համեմատ, սրբարանին մէջ կեցէք։

6Զատիկը մորթեցէ՛ք ու սրբուեցէ՛ք ու զանիկա ձեր եղբայրներուն համար պատրաստեցէ՛ք, որպէս զի անոնք Տէրոջը Մովսէսին միջոցով ըսած խօսքին պէս ընեն։

7Յովսիա բոլոր հոն գտնուող ժողովուրդին որդիներուն՝ իր հօտերէն երեսուն հազար գառ ու այծի ձագ պարգեւեց, ամէնքն ալ զատկի համար, նաեւ երեք հազար արջառ։ Ասոնք թագաւորին ստացուածքէն էին։

8Իր իշխաններն ալ ժողովուրդին, քահանաներուն ու Ղեւտացիներուն յօժարութեամբ պարգեւ տուին։ Աստուծոյ տանը իշխանները՝ Քեղկիան, Զաքարիան ու Յեքիէլը, զատկի համար երկու հազար վեց հարիւր գառ ու երեք հարիւր արջառ քահանաներուն տուին։

9Քոնոնիան ու անոր եղբայրները, Սեմայիան ու Նաթանայէլը ու Ղեւտացիներուն իշխանները, Ասաբիան, Յէիէլը եւ Յովզաբադը, զատկի համար Ղեւտացիներուն հինգ հազար գառ ու հինգ հազար արջառ պարգեւեցին։

10Պաշտամունքը պատրաստուեցաւ ու թագաւորին հրամայածին պէս, քահանաները իրենց կարգին համեմատ ու Ղեւտացիները իրենց բաժանումներուն համեմատ կեցան.

11Զատիկը կը մորթէին ու քահանաները անոնց ձեռքէն արիւնը առնելով կը սրսկէին. իսկ Ղեւտացիները մորթը կը հանէին

12Եւ ողջակէզ ըլլալու մասերը կը զատէին ու զանոնք ժողովուրդին որդիներուն՝ ազգատոհմերուն համեմատ՝ կը բաժնէին, որպէս զի Տէրոջը մատուցանեն Մովսէսին գրքին մէջ գրուածին պէս։ Արջառներն ալ նոյնպէս կ’ընէին ։

13Զատիկը սովորութեան համաձայն կրակով խորովեցին. բայց նուիրուած բաները կաթսաներով, սաներով ու տապակներով եփեցին ու փութով բաժնեցին բոլոր ժողովուրդին։

14Իրենց քահանաներուն համար ետքը պատրաստեցին. քանզի Ահարոնին որդիները՝ քահանաները, մինչեւ գիշեր ողջակէզներն ու ճարպերը մատուցանելով զբաղած էին. ուստի Ղեւտացիները իրենց համար եւ Ահարոնին որդիներուն՝ քահանաներուն՝ համար պատրաստեցին։

15Իսկ Ասափին որդիները, երգողները, Դաւիթին ու Ասափին ու Եմանին եւ թագաւորական տեսանող Իդիթունին պատուիրածին համեմատ իրենց տեղը ու դռնապանները մէկ մէկ դուռը կեցեր էին. պէտք չեղաւ որ իրենց պաշտօնէն զատուին. վասն զի անոնց համար անոնց եղբայրները, Ղեւտացիները կը պատրաստէին։

16Յովսիա թագաւորին հրամայածին պէս՝ այն օրը Տէրոջը բոլոր պաշտամունքը կարգի դրուեցաւ, զատիկը ընելու ու ողջակէզները Տէրոջը սեղանին վրայ մատուցանելու համար։

17Այն ատեն հոն գտնուող Իսրայէլի որդիները զատիկն ու բաղարջակերաց տօնը եօթը օր ըրին։

18Սամուէլ մարգարէին օրերէն ի վեր Իսրայէլի մէջ ասոր պէս զատիկ մը եղած չէր. Յովսիային ու քահանաներուն ու Ղեւտացիներուն բոլոր հոն գտնուող Յուդայի ու Իսրայէլի ու Երուսաղէմի բնակիչներուն ըրած զատկին պէս Իսրայէլի բոլոր թագաւորները ըրած չէին։

19Այս զատիկը Յովսիային թագաւորութեան տասնըութերորդ տարին եղաւ։

20Այս բոլոր բաներէն եւ Յովսիային տաճարին կարգադրութիւնը հաստատելէն ետքը, Եգիպտոսի Նեքաւով թագաւորը Եփրատի քով Քարքամիս քաղաքին դէմ պատերազմելու գնաց։ Յովսիա զանիկա դիմաւորելու գնաց։

21Նեքաւով դեսպաններ ղրկեց Յովսափատին ու ըսաւ. «Ո՛վ Յուդայի թագաւոր, դուն ինծի հետ ի՞նչ գործ ունիս. ես այսօր քեզի դէմ ելած չեմ, հապա ինծի հետ պատերազմ ընող տանը դէմ։ Աստուած ինծի հրամայեց, որ շուտով ընեմ. ինծի հետ եղող Աստուծմէն ետ կեցիր, որպէս զի քեզ չկորսնցնէ»։

22Բայց Յովսիա իր երեսը անկէ չդարձուց, հապա անոր հետ պատերազմելու համար իր հագուստը փոխեց՝ ՝ ու մտիկ չըրաւ Նեքաւովին խօսքին, որ Աստուծոյ բերնէն էր ու Մակեդդովի հովիտը պատերազմելու գնաց։

23Աղեղնաւորները Յովսիա թագաւորը նետով զարկին։ Թագաւորը իր ծառաներուն ըսաւ. «Զիս վերցուցէք ասկէ, վասն զի սաստիկ վիրաւորուեցայ»։

24Իր ծառաները զանիկա կառքէն հանեցին, իր երկրորդ կառքը հեծցնելով Երուսաղէմ տարին, ուր մեռաւ ու իր հայրերուն գերեզմաններուն մէջ թաղուեցաւ եւ բոլոր Յուդան ու Երուսաղէմը Յովսիային համար սուգ ըրին։

25Երեմիան Յովսիային վրայ ողբաց։ Բոլոր երգողները՝ այրեր եւ կիներ՝ մինչեւ այսօր իրենց ողբերուն մէջ Յովսիան կը յիշեն։ Զանոնք երգելու սովորութիւնը Իսրայէլի մէջ մտցուցին, որոնք ողբերուն մէջ գրուած են։

26Եւ Յովսիային մնացորդ պատմութիւնն ու անոր՝ Տէրոջը օրէնքին մէջ գրուածին համեմատ ըրած բարեգործութիւնը

27Եւ անոր առաջին ու վերջին պատմութիւնը ահա Իսրայէլի ու Յուդայի թագաւորներուն գրքին մէջ գրուած են։

Հայ Արեւմտահայերէն Աստուածաշունչ © Bible Society in Lebanon, 1981.

Choose Translation

Switch translation for 2 Chronicles 35.

Reading Settings

Paragraph viewDisplay verses as flowing paragraphs instead of individual lines
Show verse numbersDisplay verse numbers inline
Red letterHighlight the words of Christ in red

Sign in to save your reading preferences across sessions.