2 Chronicles 29WARMB

1Եզեկիա քսանըհինգ տարեկան էր, երբ թագաւոր եղաւ ու Երուսաղէմի մէջ քսանըինը տարի թագաւորութիւն ըրաւ։ Անոր մօրը անունը Աբիա էր, որ Զաքարիային աղջիկն էր։

2Եզեկիա իր հօրը Դաւիթին բոլոր ըրածին պէս Տէրոջը առջեւ ուղղութիւն ըրաւ։

3Անիկա իր թագաւորութեան առաջին տարուան առաջին ամիսը Տէրոջը տանը դռները բացաւ ու զանոնք նորոգեց։

4Քահանաներն ու Ղեւտացիները բերել տուաւ ու զանոնք արեւելեան հրապարակին մէջ հաւաքեց

5Եւ անոնց ըսաւ. «Ինծի մտիկ ըրէ՛ք, ո՛վ Ղեւտացիներ, հիմա սրբուեցէ՛ք ու ձեր հայրերուն Տէր Աստուծոյն տունը սրբեցէ՛ք եւ պղծութիւնը սրբարանէն դուրս հանեցէք.

6Քանզի մեր հայրերը ապստամբեցան ու մեր Տէր Աստուծոյն առջեւ չարութիւն ըրին ու զանիկա թողուցին եւ իրենց երեսը Տէրոջը խորանէն դարձուցին ու արհամարհեցին զանիկա ՝ ՝.

7Սրահին դռներն ալ գոցեցին, ճրագները մարեցին, խունկ չծխեցին ու սուրբ տեղը Իսրայէլի Աստուծոյն ողջակէզ չմատուցանեցին։

8Անոր համար Յուդայի ու Երուսաղէմի վրայ Տէրը բարկացաւ ու զանոնք խռովութեան, աւերման ու խայտառակութեան մէջ ձգեց, ինչպէս հիմա ձեր աչքերովը կը տեսնէք։

9Այս պատճառով ահա մեր հայրերը որով ինկան ու մեր տղաքները եւ աղջիկներն ու կիները գերութեան մէջ են։

10Հիմա ես սրտանց կը փափաքիմ, որ Իսրայէլի Տէր Աստուծոյն հետ ուխտ ընեմ, որպէս զի իր սաստիկ բարկութիւնը իջնէ։

11Արդ՝ որդեակնե՛րս, անհոգութիւն մի՛ ընէք. վասն զի Տէրը ձեզ ընտրեց, որպէս զի իրեն ծառայութիւն ընելու համար իր առջեւ կայնիք, իրեն սպասաւորներ ըլլաք ու խունկ ծխէք»։

12Այն ատեն ոտքի ելան Ղեւտացիները, այսինքն Կահաթի որդիներէն Ամեսայիի որդին Մաաթն ու Ազարիայի որդին Յովէլը եւ Մերարիի որդիներէն՝ Աբդիի որդին Կիսը ու Յալէլէլի որդին Ազարիան ու Գերսոնեաններէն Զամմայի որդին Յովաքը եւ Յովաքի որդին Եդէնը,

13Ու Եղիսափանի որդիներէն՝ Սամարին ու Յէիէլը եւ Ասափի որդիներէն՝ Զաքարիան ու Մաթանիան

14Ու Եմանի որդիներէն՝ Յեքիէլն ու Սեմէին եւ Իդիթունի որդիներէն՝ Սեմայիան ու Ոզիէլը։

15Եւ իրենց եղբայրները հաւաքեցին ու սրբուեցան եւ թագաւորին հրամանովն ու Տէրոջը խօսքովը Տէրոջը տունը մաքրելու գացին։

16Քահանաները մաքրելու համար՝ Տէրոջը տանը ներսի կողմը մտան ու Տէրոջը տաճարին մէջ գտնուած բոլոր աղտեղութիւնը Տէրոջը տանը գաւիթը հանեցին ու Ղեւտացիները զանիկա վերցուցին, որպէս զի դուրսը Կեդրոն հեղեղատը տանին։

17Առաջին ամսուան առաջին օրը սկսան սրբել ու ամսուան ութերորդ օրը Տէրոջը սրահը եկան ու Տէրոջը տունը ութ օրուան մէջ սրբեցին եւ առաջին ամսուան տասնըվեցերորդ օրը լմնցուցին։

18Եզեկիա թագաւորին քով գացին ու ըսին. «Տէրոջը բոլոր տունն ու ողջակէզի սեղանը ու անոր բոլոր գործիքները եւ առաջաւորութեան հացին սեղանն ու անոր բոլոր գործիքները մաքրեցինք։

19Ու նաեւ պատրաստեցինք ու սրբեցինք այն բոլոր ամանները, որոնք Աքազ թագաւորը իր թագաւորութեանն ու իր անօրէնութեանը ատենը պղծեց։ Ահա անոնք Տէրոջը սեղանին առջեւն են»։

20Եզեկիա թագաւորը կանուխ ելաւ ու քաղաքին իշխանները հաւաքելով Տէրոջը տունը գնաց

21Եւ իր թագաւորութեանն ու սրբարանին ու Յուդային համար եօթը զուարակ, եօթը խոյ ու եօթը գառ ու մեղքի պատարագ ըլլալու համար եօթը նոխազ բերին եւ անիկա Ահարոնին որդիներուն, քահանաներուն, հրամայեց, որ զանոնք Տէրոջը սեղանին վրայ մատուցանեն։

22Զուարակները մորթեցին եւ քահանաները արիւնը առին ու սեղանին վրայ սրսկեցին եւ խոյերն ալ մորթեցին ու արիւնը սեղանին վրայ սրսկեցին։

23Ու մեղքի պատարագի նոխազները թագաւորին ու ժողովուրդին առջեւ բերին եւ անոնք ձեռքերնին անոնց վրայ դրին։

24Քահանաները զանոնք մորթեցին եւ անոնց արիւնը սեղանին վրայ սրսկեցին բոլոր Իսրայէլին քաւութիւն ընելու համար. վասն զի թագաւորը ըսեր էր որ ողջակէզն ու մեղքի պատարագը բոլոր Իսրայէլին համար մատուցանեն ։

25Ու Ղեւտացիները ծնծղաներով, տաւիղներով ու քնարներով Տէրոջը տանը մէջ կեցուց, ինչպէս Դաւիթ ու Դաւիթ թագաւորին տեսանողը Գաթ եւ Նաթան մարգարէն պատուիրեր էին. վասն զի Տէրը իր մարգարէներուն միջոցով այսպէս հրամայեր էր։

26Ու Ղեւտացիները Դաւիթին նուագարաններով եւ քահանաները փողերով կեցան։

27Եզեկիա հրամայեց որ ողջակէզը սեղանին վրայ մատուցանեն ու ողջակէզին սկսած ատենը Տէրոջը օրհնութիւնն ալ փողերով ու Իսրայէլի թագաւորին Դաւիթին նուագարաններովը սկսաւ։

28Մինչեւ ողջակէզին լմննալը բոլոր ժողովը երկրպագութիւն կ’ընէր, երգողները օրհնութիւն կ’երգէին եւ քահանաները փողերը կը հնչեցնէին։

29Երբ ողջակէզ մատուցանելը լմնցուցին, թագաւորը եւ բոլոր քովը գտնուողները ծռելով երկրպագութիւն ըրին։

30Եզեկիա թագաւորն ու իշխանները Ղեւտացիներուն ըսին, որ Տէրոջը օրհնութիւն երգեն Դաւիթին ու Ասափ տեսանողին խօսքերովը։ Անոնք ալ ուրախութեամբ երգեցին ու խոնարհելով երկրպագութիւն ըրին։

31Եզեկիա ժողովուրդին ըսաւ. «Հիմա ինքզինքնիդ Տէրոջը նուիրեցիք. մօտեցէ՛ք ու Տէրոջը տունը զոհեր ու օրհնութեան ընծաներ բերէ՛ք»։ Ժողովուրդը զոհեր ու օրհնութեան ընծաներ բերաւ եւ ամէն յօժարութիւն ունեցողը ողջակէզներ բերաւ ։

32Ու ժողովուրդին բերած ողջակէզներուն թիւը այս էր՝ եօթանասուն արջառ, հարիւր խոյ ու երկու հարիւր գառ. ասոնց ամէնքը Տէրոջը ողջակէզ ըլլալու համար էին։

33Նուիրուածները վեց հարիւր արջառ ու երեք հազար ոչխար էին։

34Բայց քահանաները քիչուոր ըլլալնուն համար՝ բոլոր ողջակէզներուն մորթերը հանելու կարող չեղան ու մինչեւ այս գործը լմննալը ու մինչեւ միւս քահանաներուն սրբուիլը, իրենց Ղեւտացի եղբայրները իրենց օգնեցին. քանզի Ղեւտացիները քահանաներէն աւելի յօժարութեամբ սրբուեցան։

35Ողջակէզներուն խաղաղութեան զոհերուն ճարպը եւ ողջակէզներուն ըմպելի նուէրները շատ էին։ Այսպէս Տէրոջը տանը պաշտամունքը կարգի դրուեցաւ։

36Եզեկիա եւ բոլոր ժողովուրդը ուրախացան, որ Աստուած ժողովուրդը այսպէս պատրաստեց. քանզի այս բանը յանկարծ եղաւ։

Հայ Արեւմտահայերէն Աստուածաշունչ © Bible Society in Lebanon, 1981.

Choose Translation

Switch translation for 2 Chronicles 29.

Reading Settings

Paragraph viewDisplay verses as flowing paragraphs instead of individual lines
Show verse numbersDisplay verse numbers inline
Red letterHighlight the words of Christ in red

Sign in to save your reading preferences across sessions.