2 Chronicles 20WARMB

1Ասկէ ետքը Մովաբի որդիները ու Ամմոնին որդիները ու անոնց հետ Ամմոնացիներէն ալ Յովսափատին հետ պատերազմելու եկան։

2Քանի մը հոգի գացին ու Յովսափատին պատմեցին ու ըսին. «Քու վրադ ծովուն անդիի կողմէն Ասորիներուն մէջէն մեծ բազմութիւն կու գայ։ Անոնք Ասասանթամարի (այսինքն Ենգադդիի) մէջ են»։

3Յովսափատ վախցաւ ու Տէրը փնտռելու ետեւէ եղաւ՝ ՝ եւ բոլոր Յուդայի մէջ ծոմապահութիւն քարոզեց։

4Յուդայեանները հաւաքուեցան որպէս զի Տէրոջմէ օգնութիւն խնդրեն ու Յուդային բոլոր քաղաքներէն ալ եկան։

5Յովսափատ Տէրոջը տանը մէջ, նոր գաւիթին առջեւ, Յուդային ու Երուսաղէմին ժողովուրդին մէջ կեցաւ

6Ու ըսաւ. «Ո՛վ մեր հայրերուն Տէր Աստուածը, դուն այն Աստուածը չե՞ս որ երկինքը կը բնակիս ու բոլոր ազգերուն թագաւորութիւններուն վրայ կը տիրես եւ քու ձեռքիդ մէջ այնպիսի զօրութիւն եւ ոյժ մը կայ, որ բնաւ մէկը չի կրնար քեզի դէմ դնել։

7Չէ՞ որ դուն, ո՛վ Աստուած, այս երկրին բնակիչները քու Իսրայէլ ժողովուրդիդ առջեւէն վռնտեցիր ու զանիկա յաւիտեան քու սիրելիիդ, Աբրահամին սերունդին տուիր։

8Անոնք հոն բնակեցան ու հոն քու անուանդ համար քեզի սրբարան մը շինեցին ու ըսին.

9‘Եթէ մեր վրայ չարիք, սուր, դատաստան, ժանտախտ, կամ սով գայ, մենք այս տանը առջեւ ու քու առջեւդ կենանք (վասն զի այս տանը մէջ քու անունդ կայ) ու մեր նեղութեան ատենը քեզի աղաղակենք, այն ատեն լսես ու մեզ ազատես’։

10Ահա Ամմոնին ու Մովաբին որդիները ու Սէիր լերանը բնակիչները ՝ որոնց մէջ մտնելու հրաման չտուիր Իսրայէլի որդիներուն Եգիպտոսէն ելած ատենը, հապա անոնցմէ խոտորեցան ու զանոնք չկորսնցուցին՝

11Ահա անոնք մեզի հատուցում ընելու համար՝ կու գան մեզ վռնտելու քու ժառանգութենէդ, որ մեզի տուիր։

12Ո՛վ մեր Աստուածը, անոնց դատաստան չե՞ս ըներ. քանզի մեր վրայ եկող այս մեծ բազմութեանը դէմ դնելու զօրութիւն չունինք ու չենք գիտեր ի՛նչ ընելու ենք. ուստի մեր աչքերը քեզի կ’ուղղենք»։

13Բոլոր Յուդայեանները իրենց ընտանիքներովը, կիներովն ու տղաքներովը Տէրոջը առջեւ կեցեր էին։

14Այն ատեն Ասափին որդիներէն Ղեւտացի Մաթանիային որդիին Յէիէլին որդիին Բանիային որդիին Զաքարիային որդիին Յազիէլին վրայ Տէրոջը Հոգին եկաւ ժողովուրդին մէջ

15Ու անիկա ըսաւ. «Ո՛վ Յուդա ու Երուսաղէմի բնակիչներ ու դո՛ւն, Յո՛վսափատ թագաւոր, մտիկ ըրէ՛ք, Տէրը ձեզի այսպէս կ’ըսէ. ‘Դուք մի՛ վախնաք ու այս մեծ բազմութեանը երեսէն մի՛ զարհուրիք, քանզի պատերազմը ձերը չէ, հապա Աստուծոյն է’։

16Վաղը անոնց վրայ իջէ՛ք. ահա անոնք Ասիսի զառիվերէն պիտի ելլեն։ Զանոնք հեղեղատին ծայրը, Յերուէլին անապատին առջեւ, պիտի գտնէք։

17Այս պատերազմին մէջ դուք պիտի չպատերազմիք. դուք երեւցէք ու կեցէ՛ք, որպէս զի Տէրոջը ձեզի ըրած փրկութիւնը տեսնէք։ Ո՛վ Յուդա ու Երուսաղէմ. մի՛ վախնաք ու մի՛ զարհուրիք. վաղը անոնց դէմ ելէ՛ք ու Տէրը ձեզի հետ պիտի ըլլայ»։

18Այն ատեն Յովսափատ երեսը գետինը ծռեց ու բոլոր Յուդա ու Երուսաղէմի բնակիչները Տէրոջը առջեւ երեսի վրայ ինկան ու Տէրոջը երկրպագութիւն ըրին։

19Կահաթեաններու որդիներէն ու Կորխեաններու որդիներէն եղող Ղեւտացիները Իսրայէլի Տէր Աստուածը խիստ բարձր ձայնով օրհնեցին։

20Առաւօտուն կանուխ ելան ու Թեկուէի անապատը գացին։ Անոնց երթալու ատենը Յովսափատ կեցաւ ու ըսաւ. «Ո՛վ Յուդա ու Երուսաղէմի բնակիչներ, ինծի մտիկ ըրէք. ձեր Տէր Աստուծոյն հաւատացէք ու ապահով պիտի ըլլաք։ Անոր մարգարէներուն հաւատացէ՛ք ու յաջողութիւն պիտի ունենաք»։

21Ժողովուրդին հետ խորհուրդ ըրաւ ու Տէրոջը երգողներ որոշեց, որպէս զի զօրքին առջեւէն ելլեն ու Տէրոջը սուրբ փառքը օրհնեն ու ըսեն. «Գոհացէք Տէրոջմէն, վասն զի անոր ողորմութիւնը յաւիտեան է»։

22Երբ անոնք ցնծութեան երգն ու օրհնութիւնը սկսան, Յուդայի վրայ եկող Ամմոնին ու Մովաբին որդիներուն ու Սէիր լերանը բնակիչներուն դէմ Տէրը դարանակալներ հանեց եւ անոնք կոտորուեցան։

23Քանզի Ամմոնի ու Մովաբի որդիները Սէիր լերանը բնակիչներուն վրայ յարձակեցան, որպէս զի զանոնք ջարդեն ու բնաջնջեն։ Երբ Սէիրի բնակիչները հատցուցին, մէկզմէկ կոտորելու սկսան։

24Յուդայեանները անապատին մէջ եղող դիտանոցը հասնելով՝ այն բազմութեանը նայեցան եւ ահա անոնց դիակները գետնին վրայ փռուած էին ու ազատուած մը չկար։

25Այն ատեն Յովսափատ ու անոր ժողովուրդը անոնց աւարը հաւաքելու գացին ու շատ ապրանք ու պատուական ամաններ գտան ու կողոպտեցին, այնքան որ ալ չէին կրնար տանիլ։ Աւարը երեք օր հաւաքեցին, վասն զի խիստ շատ էր։

26Չորրորդ օրը Օրհնութեան Հովիտը հաւաքուեցան ու հոն Տէրը օրհնեցին։ Ատոր համար այն տեղին անունը Օրհնութեան Հովիտ կոչուեցաւ մինչեւ այսօր։

27Բոլոր Յուդայի ու Երուսաղէմի մարդիկը ու անոնց առաջնորդը Յովսափատ ուրախութեամբ Երուսաղէմ դարձան. քանզի Տէրը զիրենք իրենց թշնամիներէն ազատելով ուրախացուցեր էր

28Եւ տաւիղներով, քնարներով ու փողերով Երուսաղէմ Տէրոջը տունը գացին։

29Բոլոր երկիրներուն թագաւորութիւններուն վրայ Աստուծոյ վախը ինկաւ, երբ լսեցին թէ Տէրը Իսրայէլի թշնամիներուն հետ պատերազմեցաւ։

30Յովսափատին թագաւորութիւնը խաղաղ էր ու Աստուած զանիկա ամէն կողմանէ հանգստացուց։

31Յովսափատ Յուդայի վրայ թագաւորութիւն ըրաւ։ Երեսունըհինգ տարեկան էր, երբ թագաւոր եղաւ ու քսանըհինգ տարի Երուսաղէմի մէջ թագաւորեց։ Անոր մօրը անունը Ազուբա էր ու Սաղիին աղջիկն էր։

32Յովսափատ իր հօրը Ասային ճամբուն մէջ քալեց ու անկէ չխոտորեցաւ՝ Տէրոջը առջեւ ուղղութիւն ընելով։

33Բայց բարձր տեղերը չվերցուեցան ու ժողովուրդը դեռ սրտերնին լման չէին դարձուցած իրենց հայրերուն Աստուծոյն։

34Յովսափատին մնացորդ պատմութիւնը, առաջինն ու վերջինը, ահա Իսրայէլի թագաւորներուն գրքին մէջ յիշուած Անանիին որդիին Յէուին պատմութեանը մէջ գրուած է։

35Ասկէ ետքը Յուդայի Յովսափատ թագաւորը՝ չարութիւն ընող Իսրայէլի Ոքոզիա թագաւորին հետ միաբանեցաւ

36Ու անոր հետ ընկերութիւն ըրաւ, որպէս զի Թարսիս երթալու նաւեր շինեն ու Գասիոն-Գաբերի մէջ նաւեր շինեցին։

37Մարեսացի Դօդիային որդին Եղիազարը Յովսափատին վրայ մարգարէութիւն ըրաւ ու ըսաւ. «Որովհետեւ դուն Ոքոզիային հետ ընկերացար, Տէրը քու գործդ աւրեց»։ Նաւերը խորտակուեցան ու չկրցան Թարսիս երթալ։

Հայ Արեւմտահայերէն Աստուածաշունչ © Bible Society in Lebanon, 1981.

Choose Translation

Switch translation for 2 Chronicles 20.

Reading Settings

Paragraph viewDisplay verses as flowing paragraphs instead of individual lines
Show verse numbersDisplay verse numbers inline
Red letterHighlight the words of Christ in red

Sign in to save your reading preferences across sessions.