2 Chronicles 2WARMB

1Սողոմոն միտքը դրաւ՝ ՝, որ Տէրոջը անուանը տուն ու իր թագաւորութեանը տուն շինէ։

2Եւ Սողոմոն եօթանասուն հազար բեռնակիր ու լեռը փայտ կտրելու համար ութսուն հազար մարդ ընտրեց եւ անոնց վրայ երեք հազար վեց հարիւր վերակացու դրաւ ։

3Սողոմոն Տիւրոսի Քիրամ թագաւորին մարդ ղրկեց ու ըսաւ. «Ինչպէս իմ հօրս Դաւիթին եղեւնափայտեր ղրկեցիր, որպէս զի իրեն բնակելու համար տուն շինէ,

4Ահա ես իմ Տէր Աստուծոյս անուան տուն պիտի շինեմ, որպէս զի անոր նուիրուի, անոր առջեւ անուշահոտ խունկ ծխուի ու առաջաւորութեան հացը դրուի, առտուն ու իրիկունը, շաբաթները եւ ամսագլուխները ու մեր Տէր Աստուծոյն տօներուն օրերը ողջակէզներ մատուցանուին. ասիկա Իսրայէլի յաւիտենական պարտաւորութիւնն է։

5Այն տունը որ ես պիտի շինեմ, մեծ ըլլալու է. քանզի մեր Աստուածը բոլոր աստուածներէն մեծ է

6Ու ո՞վ կարող է անոր տուն շինել. քանզի երկինք, նոյնիսկ ամենաբարձր երկինքը չի կրնար պարունակել զանիկա։ Ուրեմն ես ո՞վ եմ, որ անոր տուն շինեմ։ Միայն անոր խունկ ծխելու տեղ մը պիտի պատրաստեմ ։

7Ուստի ինծի իմաստուն մարդ մը ղրկէ, որ հմուտ ըլլայ ոսկին, արծաթը, պղինձը, երկաթը, ծիրանեգոյնը, կարմիրը եւ կապուտակը գործածելու ու քանդակագործութիւն ալ գիտնայ, որպէս զի իմ քովս Յուդայի ու Երուսաղէմի մէջ եղող իմ հօրս Դաւիթին պատրաստած վարպետներուն հետ գործէ։

8Ինծի Լիբանանէն եղեւնափայտեր, մայրիի փայտեր ու ալմուկ փայտեր ղրկէ. քանզի ես գիտեմ թէ քու ծառաներդ Լիբանանէն փայտ կտրել գիտեն։ Ուրեմն իմ ծառաներս քու ծառաներուդ հետ թող գործակցին։

9Ինծի խիստ շատ փայտ թող պատրաստեն. քանզի իմ շինելու տունս մեծ ու փառաւոր ըլլալու է։

10Եւ ահա ես քու ծառաներուդ, փայտ կտրող բանուորներուդ, քսան հազար քոռ ծեծուած ցորեն ու քսան հազար քոռ գարի ու քսան հազար մար գինի ու քսան հազար մար իւղ պիտի տամ»։

11Տիւրոսի Քիրամ թագաւորը Սողոմոնին նամակ ղրկեց ու ըսաւ. «Տէրը իր ժողովուրդը սիրելուն համար քեզ անոնց վրայ թագաւոր դրաւ»։

12Եւ Քիրամ աւելցուց. «Երկինքն ու երկիրը ստեղծող Իսրայէլին Տէր Աստուածը օրհնեալ ըլլայ, որ Դաւիթ թագաւորին խոհեմութիւն ու գիտութիւն ունեցող իմաստուն որդի մը տուաւ, որ Տէրոջը տուն ու իր թագաւորութեանը տուն շինէ։

13Իմ վարպետս Քիրամը կը ղրկեմ, որ հանճարեղ ու իմաստուն մարդ մըն է։

14Անիկա Դանի աղջիկներէն կնոջ մը որդին է ու անոր հայրը Տիւրացի է։ Անիկա ոսկի, արծաթ, պղինձ, երկաթ, քարեր ու փայտեր, նաեւ ծիրանեգոյնի, կապուտակի, բեհեզի եւ կարմիրի վրայ բանելու ու ամէն տեսակ քանդակ փորագրելու կողմէ վարպետ է։ Քու վարպետներուդ հետ ու քու հօրդ Դաւիթին, իմ տիրոջս վարպետներուն հետ ամէն առաջարկուած բանին հնարքը կրնայ գտնել։

15Իմ տէրս իր ըսած ցորենն ու գարին, իւղն ու գինին իր ծառաներուն թող ղրկէ։

16Մենք Լիբանանէն հարկաւոր եղածին չափ փայտ պիտի կտրենք եւ լաստեր շինելով ՝ զանոնք ծովէն Յոպպէ պիտի բերենք քեզի։ Դուն զանոնք Երուսաղէմ փոխադրէ»։

17Սողոմոն Իսրայէլի երկրին մէջ եղող բոլոր օտարազգի մարդիկը՝ որոնք իր հօրը Դաւիթին մարդահամարէն ետքը եկած էին՝ համրեց։ Անոնք հարիւր յիսունըերեք հազար վեց հարիւր հոգի էին։

18Անոնցմէ եօթանասուն հազար բեռնակիր ու լեռը փայտ կտրող ութսուն հազար ու զանոնք բանեցնելու համար երեք հազար վեց հարիւր վերակացու որոշեց։

Հայ Արեւմտահայերէն Աստուածաշունչ © Bible Society in Lebanon, 1981.

Choose Translation

Switch translation for 2 Chronicles 2.

Reading Settings

Paragraph viewDisplay verses as flowing paragraphs instead of individual lines
Show verse numbersDisplay verse numbers inline
Red letterHighlight the words of Christ in red

Sign in to save your reading preferences across sessions.