1Դաւիթ անկէ ելաւ ու Ենգադդիի ամուր տեղերը նստաւ։
2Երբ Սաւուղ Փղշտացիներէն ետ դարձաւ, անոր իմացուցին ու ըսին. «Ահա Դաւիթ Ենգադդիի մէջ է»։
3Սաւուղ բոլոր Իսրայէլէն երեք հազար ընտրուած մարդիկ առաւ ու գնաց, որպէս զի Դաւիթն ու անոր մարդիկը փնտռէ այծեամներու ժայռերուն վրայ։
4Ճամբուն վրայ եղող ոչխարներուն փարախները եկաւ ու հոն քարայր մը կար։ Սաւուղ հարկաւորութեան համար ներս մտաւ։ Դաւիթ իր մարդոցմով ներսը նստեր էր։
5Դաւիթին մարդիկը անոր ըսին. «Ահա Տէրոջը քեզի ըսած օրը ասիկա է, թէ ‘Քու թշնամիդ քու ձեռքդ պիտի մատնեմ’։ Քու աչքերուդ հաճոյ երեւցածը ըրէ անոր»։ Դաւիթ ելաւ եւ Սաւուղին վերարկուին ծայրը գաղտուկ կտրեց։
6Բայց յետոյ Դաւիթին սիրտը զղջաց, Սաւուղին վերարկուին ծայրը կտրելուն համար։
7Իր մարդոցը ըսաւ. «Աստուած չընէ, որ Տէրոջը օծեալին, իմ տիրոջս, այս բանը ընեմ, ձեռքս անոր վրայ երկնցնելով. քանզի անիկա Տէրոջը օծեալն է»։
8Դաւիթ այս խօսքերով իր մարդիկը զսպեց ու չթողուց որ Սաւուղին վրայ յարձակին։ Սաւուղ քարայրէն դուրս ելաւ ու իր ճամբան գնաց։
9Անոր ետեւէն Դաւիթ ալ քարայրէն դուրս ելաւ ու Սաւուղին ետեւէն կանչելով՝ ըսաւ. «Ո՛վ տէր իմ թագաւոր»։ Երբ Սաւուղ ետին նայեցաւ, Դաւիթ երեսը գետինը ծռելով երկրպագութիւն ըրաւ
10Եւ ըսաւ Սաւուղին. «Ինչո՞ւ համար մարդոց խօսքին մտիկ կ’ընես, որոնք քեզի կ’ըսեն թէ՝ ‘Ահա Դաւիթ քեզի չարութիւն ընել կը ջանայ’։
11Ահա այսօր քու աչքերդ կը տեսնեն, թէ Տէրը այսօր քարայրին մէջ քեզ իմ ձեռքս մատնեց ու ըսին որ քեզ մեռցնեմ, բայց ես քեզի խնայեցի ու ըսի. ‘Ես իմ ձեռքս իմ տիրոջս չեմ երկնցներ, քանզի անիկա Տէրոջը օծեալն է’։
12Տե՛ս, հայր իմ, տե՛ս, քու վերարկուիդ ծայրը իմ ձեռքիս մէջ է ու ես քու վերարկուիդ ծայրը կտրեցի բայց քեզի չմեռցուցի. ասկէ հասկցիր ու տես, թէ իմ ձեռքիս մէջ չարութիւն ու անօրէնութիւն չկայ ու քեզի դէմ յանցանք մը չեմ ըրած, բայց դուն զիս մեռցնելու կ’աշխատիս՝ ՝։
13Տէրը դատաստան թող ընէ իմ ու քու մէջտեղ ու Տէրը իմ վրէժս քեզմէ թող առնէ. բայց իմ ձեռքս քու վրադ պիտի չըլլայ։
14Ինչպէս հին առակը կ’ըսէ՝ ‘Անօրէններէն անօրէնութիւն կ’ելլէ’, բայց իմ ձեռքս քու վրադ պիտի չըլլայ։
15Իսրայէլի թագաւոր, որո՞ւն ետեւէն ինկեր կը հալածես. մեռած շա՞ն ետեւէն, լուի՞ մը ետեւէն ելար ։
16Ուստի Տէրը դատաւոր թող ըլլայ եւ իմ ու քու մէջտեղ դատաստան թող ընէ եւ տեսնէ՛ ու պաշտպանէ՛ զիս եւ քու ձեռքէդ ազատէ»։
17Երբ Դաւիթ այս խօսքերը Սաւուղին խօսիլը լմնցուց, Սաւուղ ըսաւ. «Որդեա՛կ իմ Դաւիթ, ատիկա քո՞ւ ձայնդ է»։ Սաւուղ իր ձայնը վերցուց ու լացաւ
18Ու Դաւիթին ըսաւ. «Դուն ինծմէ արդար ես. քանզի դուն ինծի բարիք ըրիր, բայց ես քեզի չարիք հատուցանեցի։
19Ու դուն այսօր քու ինծի ըրած աղէկութիւնդ յայտնեցիր, որովհետեւ Տէրը զիս քու ձեռքդ մատնեց, բայց դուն զիս չմեռցուցիր։
20Վասն զի մարդ մը եթէ իր թշնամին գտնելու ըլլայ, զանիկա թող կու տա՞յ որ խաղաղութեամբ երթայ. ուստի այսօր քու ինծի ըրածիդ փոխարէն Տէրը քեզի բարիք թող հատուցանէ։
21Հիմա գիտեմ թէ դուն անշուշտ թագաւոր պիտի ըլլաս ու Իսրայէլի թագաւորութիւնը քու ձեռքիդ մէջ պիտի հաստատուի։
22Հիմա Տէրոջմով ինծի երդում ըրէ՝ թէ ինծմէ ետքը իմ սերունդս պիտի չմեռցնես ու իմ հօրս տունէն իմ անունս բնաջինջ պիտի չընես»։
23Դաւիթ Սաւուղին երդում ըրաւ։ Յետոյ Սաւուղ իր տունը գնաց։ Իսկ Դաւիթ իր մարդոցմով ամուր տեղը ելաւ։