1Աքաաբ Եղիային բոլոր ըրածները ու բոլոր մարգարէները սրով մեռցնելը Յեզաբէլին պատմեց։
2Յեզաբէլ պատգամաւոր մը ղրկեց Եղիային՝ ըսելով. «Աստուածները այսպէս ու ասկէ աւելի ընեն ինծի, եթէ վաղը այս ատեն քու անձդ անոնց մէկուն անձին տեղ չդնեմ»։
3Եղիան այս բանը տեսնելով՝ ՝ ելաւ իր անձին ազատութեանը համար գնաց եւ Յուդայի Բերսաբէէն մտաւ ու իր մանչը հոն ձգեց։
4Ինք անապատին մէջ մէկ օրուան ճամբայ գնաց ու գիհիի մը տակ նստաւ եւ սրտանց մեռնիլ ուզեց ու ըսաւ. «Ալ հերի՛ք է, ո՛վ Տէր, ա՛ռ իմ հոգիս, քանզի ես իմ հայրերէս լաւ չեմ»։
5Գիհիին տակ պառկեցաւ քնացաւ։ Ահա հրեշտակ մը անոր դպաւ ու անոր ըսաւ. «Ելի՛ր կեր»։
6Եղիա նայեցաւ եւ ահա գլխուն քով մոխիրի տակ եփուած շօթ՝ ՝ մը ու մէկ կուժ ջուր կար։ Կերաւ խմեց ու նորէն պառկեցաւ։
7Տէրոջը հրեշտակը դարձաւ երկրորդ անգամ անոր դպաւ ու անոր ըսաւ. «Ելի՛ր կե՛ր, քանզի քու երթալու ճամբադ՝ ՝ երկար է։
8Անիկա ելաւ, կերաւ ու խմեց։ Այն կերակուրին ուժովը քառասուն օր ու քառասուն գիշեր գնաց ու մինչեւ Քորեբ, Աստուծոյ լեռը, հասաւ ։
9Հոն քարայրը մտաւ ու գիշերը հոն մնաց։ Եւ ահա Տէրոջը խօսքը անոր եղաւ՝ ըսելով. «Ո՛վ Եղիա, հոս ի՞նչ բան ունիս»։
10Անիկա ըսաւ. «Զօրքերու Տէր Աստուծոյն համար մեծ նախանձաւորութիւն ունեցայ, քանզի Իսրայէլի որդիները քու ուխտդ թողուցին, քու սեղաններդ փլցուցին ու քու մարգարէներդ սրով մեռցուցին ու միայն ես մնացեր եմ ու իմ անձս ալ կը փնտռեն, որպէս զի զանիկա վերցնեն»։
11Տէրը անոր ըսաւ. «Ելի՛ր ու լեռը Տէրոջը առջեւ կայնէ»։ Ահա Տէրը կ’անցնէր ու Տէրոջը առջեւէն լեռները քակող ու ապառաժները կոտրտող մեծ ու սաստիկ հով մը ելաւ, բայց Տէրը այն հովին մէջ չէր։ Հովին ետեւէն երկրաշարժ եղաւ, բայց Տէրը երկրաշարժին մէջ չէր։
12Երկրաշարժին ետեւէն կրակ եղաւ, բայց Տէրը կրակին մէջ չէր։ Կրակին ետեւէն մեղմ ու բարակ ձայն մը կը լսուէր ։
13Ու Եղիա զանիկա լսածին պէս՝ իր վերարկուովը երեսը ծածկեց ու ելաւ քարայրին բերանը կայնեցաւ։ Ահա անոր ձայն մը եկաւ ու ըսաւ. «Ո՛վ Եղիա, հոս ի՞նչ բան ունիս»։
14Անիկա ըսաւ. «Զօրքերու Տէր Աստուծոյն համար մեծ նախանձաւորութիւն մը ունեցայ, քանզի Իսրայէլի որդիները քու ուխտդ թողուցին, քու սեղաններդ փլցուցին ու քու մարգարէներդ սրով մեռցուցին ու միայն ես մնացեր եմ եւ իմ անձս ալ կը փնտռեն, որպէս զի զանիկա վերցնեն»։
15Տէրը անոր ըսաւ. «Գնա՛, քու ճամբադ դարձիր եւ Դամասկոսի ճամբայէն երթալով՝ Ազայէլը Ասորիներուն վրայ թագաւոր օծէ՛
16Եւ Նամեսսիի որդին Յէուն Իսրայէլի վրայ թագաւոր օծէ՛ ու Աբէլմաուլայէ եղող Սափատին որդին Եղիսէն քու տեղդ մարգարէ օծէ՛։
17Եւ ով որ Ազայէլի սուրէն ազատի, Յէուն պիտի մեռցնէ զանիկա ու ով որ Յէուին սուրէն ազատի, Եղիսէն պիտի մեռցնէ զանիկա.
18Բայց ես Իսրայէլէն եօթը հազար մարդ պահեցի, այսինքն բոլոր անոնք, որ Բահաղին առջեւ ծունկ կրկնած չեն ու զանիկա բերնով պագած չեն»։
19Անկէ գնաց ու Սափատին որդին Եղիսէն գտաւ, որ արտ կը վարէր՝ իր առջեւ տասներկու զոյգ եզներ ունենալով ։ Ինք տասներկրորդին հետ էր։ Եղիա անոր քովէն անցնելով՝ իր վերարկուն անոր վրայ ձգեց։
20Այն ատեն Եղիսէ եզները թողուց ու Եղիային ետեւէն վազեց ու ըսաւ. «Հրաման տուր, որ երթամ հայրս ու մայրս համբուրեմ ու քու ետեւէդ գամ»։ Եղիա անոր ըսաւ. «Գնա՛, ե՛տ դարձիր, քանզի ես քեզի ի՞նչ ըրի»։
21Եղիսէն անոր քովէն դարձաւ ու եզներուն մէկ զոյգը բռնեց մորթեց ու եզներուն գործիքներովը անոնց միսը եփեց եւ ժողովուրդին տուաւ, որ ուտեն եւ ինք Եղիային ետեւէն գնաց ու անոր ծառայութիւն կ’ընէր։