1 Kings 16WARMB

1Բաասային համար Տէրոջը խօսքը Անանիին որդիին Յէուին եղաւ՝ ըսելով.

2«Թէեւ քեզ փոշիէն բարձրացուցի ու քեզ իմ ժողովուրդիս Իսրայէլին վրայ իշխան դրի, բայց դուն Յերոբովամին ճամբան գացիր ու իմ ժողովուրդիս Իսրայէլին մեղանչել տուիր ու անոնց մեղքերովը զիս բարկացուցիր.

3Ուստի ահա ես Բաասան ու անոր տունը՝ ՝ բնաջինջ պիտի ընեմ եւ քու տունդ Նաբատեան Յերոբովամին տանը պէս պիտի ընեմ։

4Բաասայէն քաղաքի մէջ մեռնողը շուները պիտի ուտեն ու դաշտի մէջ մեռնողը երկնքի թռչունները պիտի ուտեն»։

5Բաասային մնացորդ պատմութիւնը ու անոր ըրածն ու զօրութիւնը ահա Իսրայէլի թագաւորներուն յիշատակներու գրքին մէջ գրուած են։

6Բաասան իր հայրերուն հետ քնացաւ ու Թերսայի մէջ թաղուեցաւ։ Անոր տեղ անոր որդին Էլա թագաւոր եղաւ։

7Նաեւ Անանիին որդիին Յէու մարգարէին միջոցով Տէրոջը խօսքը եղաւ Բաասային ու անոր տանը վրայ այն ամէն չարիքներուն համար, որոնք ինք Տէրոջը առջեւ ըրած էր, իր ձեռքերուն գործովը զանիկա բարկացնելով ու Յերոբովամին տանը պէս ըլլալով, նաեւ զանիկա մեռցնելուն համար։

8Յուդայի Ասա թագաւորին քսանըվեցերորդ տարին Բաասային որդին Էլա Թերսայի մէջ Իսրայէլի վրայ թագաւոր եղաւ ու երկու տարի թագաւորութիւն ըրաւ ։

9Անիկա երբ Թերսայի տանը հազարապետին Արսային տունը խմեր ու գինովցեր էր, անոր ծառան Զամբրին, որ անոր կառքերուն կէսին վրայ իշխան էր, անոր դէմ գլուխ վերցուց։

10Զամբրին ներս մտնելով՝ զանիկա զարկաւ մեռցուց եւ անոր տեղ ինք թագաւոր եղաւ՝ Յուդայի Ասա թագաւորին քսանըեօթներորդ տարին։

11Երբ թագաւոր եղաւ ու իր աթոռը նստաւ, իսկոյն Բաասային բոլոր տունը թէ՛ անոր ազգականները եւ թէ՛ բարեկամները, մեռցուց ու մէ՛կ այր մարդ ողջ չթողուց։

12Ու Զամբրի Բաասային բոլոր տունը բնաջինջ ըրաւ, Բաասային վրայով Յէու մարգարէին միջոցովը Տէրոջը ըսած խօսքին համեմատ,

13Բաասային բոլոր մեղքերուն համար ու անոր որդիին Էլային մեղքերուն համար, որոնցմով իրենք մեղանչեցին եւ Իսրայէլին մեղանչել տուին ու իրենց սնապաշտութիւններովը Իսրայէլին Տէր Աստուածը բարկացուցին։

14Էլային մնացորդ պատմութիւնը եւ անոր բոլոր ըրածը՝ ահա Իսրայէլի թագաւորներուն յիշատակներու գրքին մէջ գրուած են։

15Յուդայի Ասա թագաւորին քսանըեօթներորդ տարին Զամբրին Թերսայի մէջ եօթը օր թագաւորութիւն ըրաւ. բայց ժողովուրդը Փղշտացիներուն Գաբաթոնին դէմ բանակեր էր։

16Բանակին մէջ եղող ժողովուրդը լսելով որ Զամբրին գլուխ վերցուցեր է ու թագաւորը մեռցուցեր է, նոյն օրը բոլոր Իսրայէլ՝ բանակին մէջ Ամրի զօրավարը Իսրայէլի վրայ թագաւոր ըրին։

17Եւ Ամրի ու անոր հետ եղող բոլոր Իսրայէլ Գաբաթոնէն ելան ու Թերսան պաշարեցին։

18Ու երբ Զամբրին քաղաքին առնուիլը տեսաւ թագաւորական տանը ներսի կողմը՝ ՝ մտաւ եւ իր վրայ թագաւորական տունը կրակով այրեց ու մեռաւ։

19Իր գործած մեղքերուն համար, որոնցմով Տէրոջը առջեւ չարութիւն ըրաւ ու քալեց Յերոբովամին ճամբուն մէջ ու անոր ըրած մեղքին մէջ, որով անիկա Իսրայէլին մեղանչել տուեր էր։

20Եւ Զամբրիին մնացորդ պատմութիւնն ու անոր ըրած դաւաճանութիւնը ահա Իսրայէլի թագաւորներուն յիշատակներու գրքին մէջ գրուած է։

21Այն ատեն Իսրայէլի ժողովուրդը երկուքի բաժնուեցաւ։ Ժողովուրդին կէսը Գինաթի որդիին Թաբնիին ետեւէն գնաց, որպէս զի զանիկա թագաւոր ընեն ու կէսն ալ Ամրիին ետեւէն գնաց։

22Ամրիին ետեւէն գացող ժողովուրդը Գինաթեան Թաբնիին ետեւէն գացող ժողովուրդէն զօրաւոր գտնուեցաւ։ Թաբնին մեռաւ եւ Ամրին թագաւոր եղաւ։

23Յուդայի Ասա թագաւորին երեսունըմէկերորդ տարին Ամրի Իսրայէլի վրայ թագաւոր եղաւ ու տասներկու տարի թագաւորութիւն ըրաւ ։ Վեց տարի Թերսայի մէջ թագաւորութիւն ըրաւ։

24Սամերէն երկու տաղանդ արծաթով Սամարիայի լեռը ծախու առաւ ու լերան վրայ քաղաք մը շինեց եւ շինած քաղաքին անունը այն լերանը տիրոջը Սամերին անունով Սամարիա կոչեց։

25Ամրին Տէրոջը առջեւ չարութիւն ըրաւ եւ բոլոր իրմէ առաջ եղողներէն աւելի չար եղաւ.

26Քանզի անիկա Նաբատեան Յերոբովամին բոլոր ճամբուն մէջ քալեց ու անոր մեղքին մէջ, որով Իսրայէլին մեղանչել տուաւ, այնպէս որ իրենց սնապաշտութիւններովը Իսրայէլին Տէր Աստուածը բարկացուցին։

27Ամրիին ըրած գործերուն մնացորդ պատմութիւնն ու անոր ունեցած զօրութիւնը՝ ահա Իսրայէլի թագաւորներուն յիշատակներու գրքին մէջ գրուած են։

28Եւ Ամրի իր հայրերուն հետ քնացաւ ու Սամարիայի մէջ թաղուեցաւ։ Անոր տեղ անոր որդին Աքաաբ թագաւոր եղաւ։

29Եւ Ամրիին որդին Աքաաբ Յուդայի Ասա թագաւորին երեսունըութերորդ տարին Իսրայէլի վրայ թագաւոր եղաւ։ Ամրիին որդին Աքաաբ Իսրայէլի վրայ Սամարիայի մէջ քսանըերկու տարի թագաւորութիւն ըրաւ։

30Ամրիին որդին Աքաաբ բոլոր իրմէ առաջ եղողներէն աւելի Տէրոջը առջեւ չարութիւն ըրաւ։

31Նաբատեան Յերոբովամին մեղքերուն մէջ քալելը անոր առջեւ ոչինչ բան մը սեպուելով, Սիդոնացիներուն Եթբաաղ թագաւորին աղջիկը Յեզաբէլը կնութեան առաւ եւ գնաց Բահաղին ծառայութիւն ըրաւ ու անոր երկրպագութիւն ըրաւ։

32Սամարիայի մէջ՝ իր շինած Բահաղի տանը մէջ Բահաղի սեղան մը կանգնեցուց։

33Աքաաբ Աստարովթի կուռք մը շինեց եւ Աքաաբ իր ըրած գործերովը իրմէ առաջ եղող Իսրայէլի բոլոր թագաւորներէն աւելի Իսրայէլի Տէր Աստուածը բարկացուց։

34Անոր օրերը Բեթելացի Յիէլ Երիքովը շինեց ու իր անդրանիկ տղուն Աբիրոնովի գնով անոր հիմը դրաւ եւ իր պզտիկ տղուն Սեգուրովի գնով անոր դռները կանգնեցուց՝ Նաւեան Յեսուին միջոցով Տէրոջը ըսած խօսքին համեմատ։

Հայ Արեւմտահայերէն Աստուածաշունչ © Bible Society in Lebanon, 1981.

Choose Translation

Switch translation for 1 Kings 16.

Reading Settings

Paragraph viewDisplay verses as flowing paragraphs instead of individual lines
Show verse numbersDisplay verse numbers inline
Red letterHighlight the words of Christ in red

Sign in to save your reading preferences across sessions.