1Այն ատեն Յերոբովամի որդին Աբիան հիւանդացաւ։
2Ու Յերոբովամ իր կնոջ ըսաւ. «Ելի՛ր, կերպարանքդ փոխէ՛, այնպէս որ Յերոբովամին կինը ըլլալդ չգիտցուի ու Սելով գնա՛։ Աքիա մարգարէն հոն է, անիկա էր որ ինծի համար ըսաւ թէ այս ժողովուրդին վրայ թագաւոր պիտի ըլամ։
3Ձեռքդ տասը հաց եւ բլիթներ ու մէկ սափոր մեղր ա՛ռ ու անոր գնա՛։ Անիկա քեզի պիտի յայտնէ ինչ որ տղուն պիտի պատահի»։
4Յերոբովամին կինը այնպէս ըրաւ ու ելաւ Սելով գնաց, Աքիային տունը մտաւ։ Աքիային աչքերը ծերութենէն տկարացեր էին ու չէր կրնար տեսնել։
5Եւ Տէրը Աքիային ըսաւ. «Ահա Յերոբովամին կինը իր տղուն համար քեզի հարցնելու կու գայ, վասն զի անիկա հիւանդ է։ Անոր այսպէս ու այսպէս ըսէ։ Անիկա գալու ատենը անծանօթ կերպարանքով պիտի գայ »։
6Երբ կինը դռնէն ներս կը մտնէր, Աքիա անոր ոտքերուն ձայնը լսածին պէս ըսաւ. «Ո՛վ Յերոբովամի կին, եկո՛ւր. դուն ինչի այդպիսի անծանօթ կերպարանք առեր ես. բայց ես քեզի տխուր լուր մը տալու ղրկուեցայ։
7Գնա՛, Յերոբովամին ըսէ. ‘Իսրայէլի Տէր Աստուածը այսպէս կ’ըսէ. «Քեզ ժողովուրդի մէջէն բարձրացուցի ու քեզ իմ ժողովուրդիս Իսրայէլի վրայ իշխան ըրի
8Եւ թագաւորութիւնը Դաւիթին տունէն պատռեցի ու զանիկա քեզի տուի, բայց դուն իմ պատուիրանքներս պահող ու իմ առջեւս ուղղութիւն ընելու համար իր բոլոր սրտովը ինծի հնազանդ եղող՝ ՝ իմ Դաւիթ ծառայիս պէս չեղար.
9Մանաւանդ բոլոր քեզմէ առաջ եղողներէն աւելի չարութիւն ըրիր ու զիս բարկացնելու համար գացիր քեզի ուիրշ աստուածներ ու ձուլածոյ կուռքեր շինեցիր ու զիս ետիդ նետեցիր։
10Ասոր համար ահա Յերոբովամին տանը վրայ չարիք պիտի բերեմ ու Յերոբովամին բոլոր այր մարդիկը ու նաեւ Իսրայէլի մէջ գտնուող գերին ու ազատը պիտի կոտորեմ եւ Յերոբովամին տունը պիտի աւլեմ՝ ինչպէս աղբը կ’աւլեն, մինչեւ որ հատնի։
11Յերոբովամէն քաղաքի մէջ մեռնողը շուները պիտի ուտեն ու դաշտի մէջ մեռնողը երկնքի թռչունները պիտի ուտեն, քանզի Տէրը խօսեցաւ»’։
12Եւ դուն ելի՛ր, քու տունդ գնա՛։ Երբ քու ոտքերդ քաղաք մտնեն, տղան պիտի մեռնի
13Ու բոլոր Իսրայէլ ողբալով զանիկա պիտի թաղեն, վասն զի Յերոբովամէն միայն անիկա գերեզման պիտի մտնէ. որովհետեւ Իսրայէլի Տէր Աստուծոյն առջեւ Յերոբովամի տանը մէջ բարի բան մը միայն անոր վրայ գտնուեցաւ։
14Տէրը իրեն համար Իսրայէլի վրայ թագաւոր մը պիտի հանէ, որ նոյն օրը՝ ՝ Յերոբովամին տունը ու ի՛նչ որ մնայ պիտի կոտորէ։
15Եւ Տէրը ջուրերու մէջ եղող շարժուն եղէգի պէս Իսրայէլը արմատէն պիտի խլէ այս բարի երկրի երեսէն, որ անոնց հայրերուն տուեր էր ու զանոնք Գետին անդիի կողմը պիտի ցրուէ, որովհետեւ Տէրը բարկացնելով՝ իրենց Աստարովթի կուռքեր՝ ՝ շինեցին
16Եւ Իսրայէլը երեսէ պիտի ձգէ, Յերոբովամին ըրած մեղքերուն համար ու Իսրայէլին ալ մեղանչել տալու համար»։
17Այն ատեն Յերոբովամին կինը ելաւ գնաց ու Թերսա մտաւ։ Ան տանը դռնէն ներս մտածին պէս՝ տղան մեռաւ։
18Զանիկա թաղեցին ու բոլոր Իսրայէլ անոր վրայ ողբաց Տէրոջը խօսքին համար, որ իր ծառային Աքիա մարգարէին միջոցով խօսեր էր։
19Ու Յերոբովամին մնացորդ պատմութիւնը՝ թէ ի՛նչպէս պատերազմ ըրաւ եւ թէ ի՛նչպէս թագաւորեց, ահա Իսրայէլի թագաւորներուն յիշատակներու գրքին մէջ գրուած է։
20Յերոբովամին թագաւորութիւն ըրած օրերը քսանըերկու տարի եղան ու իր հայրերուն հետ քնացաւ ու անոր տեղ անոր որդին Նադաբ թագաւոր եղաւ։
21Սողոմոնին որդին Ռոբովամ Յուդայի մէջ թագաւորեց։ Ռոբովամ քառասունըմէկ տարեկան էր, երբ թագաւոր եղաւ եւ տասնըեօթը տարի թագաւորութիւն ըրաւ Երուսաղէմի մէջ, այսինքն այն քաղաքին մէջ, որ Տէրը Իսրայէլի բոլոր ցեղերէն ընտրեց իր անունը հոն դնելու համար։ Անոր մայրը Ամմոնացի էր, Նաամա անունով։
22Յուդայեաններն ալ Տէրոջը առջեւ չարութիւն ըրին ու իրենց ըրած մեղքերովը իրենց հայրերուն բոլոր ըրածէն աւելի զանիկա բարկացուցին։
23Անոնք ալ բոլոր բարձր բլուրներուն վրայ ու կանանչ ծառերուն տակ բարձր տեղեր ու արձաններ եւ Աստարովթի կուռքեր շինեցին
24Ու երկրի մէջ Սոդոմական մեղք գործողներ ալ կային, որոնք Տէրոջը՝ Իսրայէլի որդիներուն առջեւէն վռնտած ազգերուն բոլոր գարշելի բաներուն նման կ’ընէին։
25Ռոբովամ թագաւորին հինգերորդ տարին Եգիպտոսի Սիսակ թագաւորը Երուսաղէմի վրայ յարձակեցաւ։
26Տէրոջը տանը գանձերը ու թագաւորին տանը գանձերը առաւ. բոլորն ալ առաւ. Սողոմոնին շինած բոլոր ոսկիէ ասպարներն ալ առաւ։
27Ռոբովամ թագաւորը անոնց տեղ պղնձէ ասպարներ շինեց ու զանոնք թագաւորական տանը դուռը պահպանութիւն ընող սուրհանդակներուն ոստիկաններուն ձեռքը յանձնեց։
28Երբ թագաւորը Տէրոջը տունը կ’երթար՝ սուրհանդակները զանոնք կը կրէին ու ետքը զանոնք սուրհանդակներուն խուցը կը դարձնէին։
29Ռոբովամին մնացորդ պատմութիւնն ու անոր բոլոր ըրածը ահա Յուդայի թագաւորներուն յիշատակներու գրքին մէջ գրուած է։
30Ռոբովամին եւ Յերոբովամին մէջտեղ միշտ պատերազմ կար։
31Ռոբովամ իր հայրերուն հետ քնացաւ ու իր հայրերուն հետ Դաւիթի քաղաքին մէջ թաղուեցաւ։ Անոր մայրը Ամմոնացի էր, Նաամա անունով։ Անոր տեղ իր որդին Աբիա թագաւոր եղաւ։