1 Kings 12WARMB

1Ռոբովամ Սիւքէմ գնաց, վասն զի բոլոր Իսրայէլ զանիկա թագաւոր ընելու համար Սիւքէմ գացեր էր։

2Նաբատեան Յերոբովամ, որ Սողոմոն թագաւորին երեսէն փախած Եգիպտոս կը բնակէր, դեռ Եգիպտոսի մէջ էր, երբ այս բանը լսեց։

3Մարդ ղրկելով զանիկա կանչեցին։ Յերոբովամ եւ Իսրայէլի բոլոր ժողովուրդը եկան ու Ռոբովամին հետ խօսեցան ու ըսին.

4«Քու հայրդ մեր վրայ ծանր լուծ մը դրաւ։ Դուն հիմա քու հօրդ խիստ ծառայութիւնն ու մեր վրայ դրած ծանր լուծը թեթեւցուր ու քեզի ծառայութիւն ընենք»։

5Անիկա ըսաւ անոնց. «Գացէ՛ք ու երեք օր ետքը ինծի դարձէ՛ք»։ Ժողովուրդը գնաց։

6Ռոբովամ թագաւորը խորհուրդ հարցուց այն ծերերուն, որոնք իր հօրը Սողոմոնին առջեւ կը կայնէին, երբ անիկա ողջ էր ու ըսաւ. «Դուք ինծի ի՞նչ խորհուրդ կու տաք, որ այս ժողովուրդին պատասխան տամ»։

7Անոնք խօսեցան ու ըսին. «Եթէ դուն այսօր այս ժողովուրդին ծառայ ըլլաս ու անոնց ծառայութիւն ընես եւ անոնց բարի խօսքեր ըսելով պատասխան տաս, այն ատեն անոնք քեզի միշտ ծառայ կ’ըլլան»։

8Բայց անիկա ծերերուն իրեն տուած խորհուրդը մերժեց ու իր առջեւ կեցող ու իրեն հետ մեծցած երիտասարդներուն խորհուրդ հարցուց

9Եւ անոնց ըսաւ. «Դուք ի՞նչ խորհուրդ կու տաք, որ այս ժողովուրդին պատասխան տամ, քանզի անոնք ինծի խօսեցան ու ըսին. ‘Քու հօրդ մեր վրայ դրած լուծը թեթեւցուր’»։

10Անոր հետ մեծցած երիտասարդները անոր խօսեցան ու ըսին. «‘Քու հայրդ մեր լուծը ծանրացուց, բայց դուն մեր վրայէն թեթեւցուր’ ըսող ժողովուրդին այսպէս խօսի՛ր ու անոնց այսպէս ըսէ՛. ‘Իմ պզտիկ մատս իմ հօրս մէջքէն հաստ է։

11Իմ հայրս ձեր վրայ ծանր լուծ դրեր էր, բայց ես ձեր լուծը աւելի պիտի ծանրացնեմ։ Իմ հայրս ձեզ խարազաններով խրատեր էր, բայց ես ձեզ կարիճներով պիտի խրատեմ’»։

12Յերոբովամ ու բոլոր ժողովուրդը երրորդ օրը Ռոբովամին եկան, ինչպէս թագաւորը ըսեր էր թէ ‘Երրորդ օրը ինծի եկէք’։

13Ու թագաւորը ժողովուրդին խստութեամբ պատասխան տուաւ եւ ծերերուն իրեն տուած խրատը մերժելով,

14Երիտասարդներուն խորհուրդին պէս անոնց հետ խօսեցաւ ու ըսաւ. «Իմ հայրս ձեր լուծը ծանրացուցեր էր, բայց ես ձեր լուծը աւելի պիտի ծանրացնեմ։ Իմ հայրս ձեզ խարազաններով խրատեր էր, բայց ես ձեզ կարիճներով պիտի խրատեմ»։

15Թագաւորը ժողովուրդին խօսքին մտիկ չըրաւ, վասն զի այս բանը Տէրոջմէն եղաւ, որպէս զի Տէրը Սիլօնացի Աքիային միջոցով Նաբատեան Յերոբովամին ըսած խօսքը հաստատէ։

16Երբ բոլոր Իսրայէլ տեսաւ թէ թագաւորը իրենց մտիկ չըրաւ, ժողովուրդն ալ թագաւորին պատասխան տուին ու ըսին. «Մենք Դաւիթին քով ի՞նչ բաժին ունինք ու Յեսսէի որդիին քով ժառանգութիւն չունինք։ Ո՛վ Իսրայէլ, ձեր վրանները դարձէք ։ Ո՛վ Դաւիթ, հիմա դուն քու տունդ հոգայ»։ Իսրայելացիները իրենց վրանները գացին։

17Բայց Յուդայի քաղաքներուն մէջ բնակող Իսրայէլի որդիներուն վրայ Ռոբովամ թագաւոր եղաւ։

18Ռոբովամ թագաւորը երբ հարկերուն վրայ եղող Ադորամը ղրկեց, բոլոր Իսրայէլ զանիկա քարերով քարկոծեցին ու մեռցուցին։ Ռոբովամ թագաւորը արտորալով կառքը հեծաւ, որպէս զի Երուսաղէմ փախչի։

19Այսպէս Իսրայէլ Դաւիթին տանը դէմ ապստամբեցաւ։

20Բոլոր Իսրայէլ Յերոբովամին դառնալը լսելով՝ մարդ ղրկեցին ու զանիկա ժողովի կանչեցին եւ զանիկա բոլոր Իսրայէլի վրայ թագաւոր դրին ու Յուդայի ցեղէն զատ Դաւիթին տանը ուրիշ հետեւող մը չկար։

21Ռոբովամ Երուսաղէմ մտաւ ու բոլոր Յուդայի տունէն ու Բենիամինի ցեղէն հարիւր ութսուն հազար ընտիր պատերազմողներ հաւաքեց, որ Իսրայէլի տանը հետ պատերազմին ու թագաւորութիւնը Սողոմոնի որդիին Ռոբովամին դարձնեն։

22Բայց Աստուած խօսեցաւ Աստուծոյ մարդուն՝ Սեմայիային՝ ըսելով.

23«Սողոմոնի որդիին՝ Յուդայի Ռոբովամ թագաւորին ու բոլոր Յուդայի տանը ու Բենիամինին եւ մնացորդ ժողովուրդին խօսիր ու ըսէ՛՝ Տէրը այսպէս կ’ըսէ.

24‘Մի՛ ելլէք ու Իսրայէլի որդիներուն, ձեր եղբայրներուն հետ մի՛ պատերազմիք։ Ամէն մարդ թող իր տունը դառնայ. վասն զի այս բանը ինծմէ եղաւ’»։ Տէրոջը խօսքին մտիկ ըրին ու Տէրոջը ըսածին պէս ետ դարձան։

25Յերոբովամ Եփրեմին լերանը վրայ Սիւքէմը շինեց ու հոն բնակեցաւ։ Անկէ ելաւ, Փանուէլը շինեց։

26Յերոբովամ իր սրտին մէջ ըսաւ. «Հիմա թագաւորութիւնը Դաւիթին տանը պիտի դառնայ։

27Եթէ այս ժողովուրդը Երուսաղէմ Տէրոջը տունը ելլէ զոհ ընելու համար, այն ատեն այս ժողովուրդին սիրտը իրենց տիրոջը՝ Յուդայի Ռոբովամ թագաւորին՝ պիտի դառնայ եւ զիս պիտի մեռցնեն ու Յուդայի Ռոբովամ թագաւորին պիտի դառնան»։

28Թագաւորը խորհուրդ ըրաւ ու երկու հատ ոսկիէ հորթ շինեց ու անոնց ըսաւ. « Ասկէ յետոյ Երուսաղէմ պէտք չէ ելլէք՝ ՝, ո՛վ Իսրայէլ, ահա քու աստուածներդ՝ որոնք քեզ Եգիպտոսէն հանեցին»։

29Մէկը Բեթէլի մէջ դրաւ ու միւսն ալ Դանի մէջ դրաւ։

30Այս բանը մեղքի պատճառ եղաւ. վասն զի ժողովուրդը մինչեւ Դան կ’երթար այս հորթերէն մէկուն առջեւ երկրպագութիւն ընելու համար ։

31Բարձր տեղերու վրայ կռատուններ շինեց ու ժողովուրդին ցած մարդոցմէն քուրմեր նշանակեց, որոնք Ղեւիի որդիներէն չէին։

32Ու Յերոբովամ ութերորդ ամսուան տասնըհինգերորդ օրը, Յուդայի մէջ պահուած տօնին պէս սահմանեց ու սեղանին վրայ զոհեր մատուցանեց։ Բեթէլի մէջ այսպէս ըրաւ ու իր շինած հորթերուն զոհեր մատուցանեց եւ բարձր տեղերուն համար նշանակած քուրմերը Բեթէլի մէջ դրաւ։

33Ու իր մտքէն հնարած ամսուան մէջ, այսինքն ութերորդ ամսուան տասնըհինգերորդ օրը, Բեթէլի մէջ իր շինած սեղանին վրայ զոհեր մատուցանեց ու Իսրայէլի որդիներուն տօն սահմանեց։ Սեղանին վրայ զոհեր մատուցանելով խունկ ծխեց՝ ՝։

Հայ Արեւմտահայերէն Աստուածաշունչ © Bible Society in Lebanon, 1981.

Choose Translation

Switch translation for 1 Kings 12.

Reading Settings

Paragraph viewDisplay verses as flowing paragraphs instead of individual lines
Show verse numbersDisplay verse numbers inline
Red letterHighlight the words of Christ in red

Sign in to save your reading preferences across sessions.