1Սաբայի թագուհին Սողոմոնին համբաւն ու Տէրոջը անունը լսեց ու եկաւ որպէս զի խրթին հարցումներով զանիկա փորձէ։
2Անիկա Երուսաղէմ եկաւ շատ հետեւորդներով, խունկեր ու խիստ շատ ոսկի ու պատուական քարեր բեռցած ուղտերով։ Ան Սողոմոնին քով գնաց ու բոլոր իր սրտին մէջ եղածը անոր ըսաւ։
3Սողոմոն անոր բոլոր հարցումները բացատրեց ու բնաւ խօսք մը չկար, որ թագաւորը չհասկնար ու չբացատրէր անոր։
4Սաբայի թագուհին Սողոմոնին բոլոր իմաստութիւնը ու անոր շինած տունը
5Եւ անոր սեղանին կերակուրներն ու անոր ծառաներուն բնակարանները եւ սպասաւորներուն կեցուածքն ու անոնց հագուստները եւ անոր մատռուակները ու Տէրոջը տունը ելլելու սանդուխը՝ ՝ տեսնելով՝ խելքը գլխէն գնաց
6Եւ թագաւորին ըսաւ. «Քու վիճակիդ ու իմաստութեանդ վրայով իմ երկրիս մէջ լսած խօսքերս ճշմարիտ են եղեր,
7Բայց ես այն խօսքերուն չհաւատացի, մինչեւ որ անձամբ եկայ ու իմ աչքերովս տեսայ եւ ահա ինծի ասոր կէսը պատմած չէին։ Քու իմաստութիւնդ ու երջանկութիւնդ իմ լսած համբաւէս աւելի է։
8Երանի՜ քու մարդոցդ, երանի՜ այս քու ծառաներուդ՝ որոնք միշտ քու առջեւդ կենալով՝ քու իմաստութիւնդ կը լսեն։
9Քու Եհովա Աստուածդ օրհնեալ ըլլայ, որ քեզի հաւնեցաւ ու քեզ Իսրայէլի աթոռին վրայ դրաւ։ Եհովա Իսրայէլը յաւիտեան սիրելուն համար՝ քեզ թագաւոր ըրաւ, որպէս զի իրաւունք ու արդարութիւն ընես»։
10Ապա թագաւորին հարիւր քսան տաղանդ ոսկի ու խիստ շատ խունկեր ու պատուական քարեր տուաւ։ Անկէ յետոյ այնչափ խունկ չեկաւ, որչափ Սաբայի թագուհին Սողոմոն թագաւորին տուաւ։
11Քիրամին նաւերը, որոնք Ոփիրէն ոսկի կը բերէին, Ոփիրէն խիստ շատ ալմուկ փայտեր ու պատուական քարեր ալ բերին։
12Թագաւորը ալմուկ փայտէն յենարաններ շինեց՝ Տէրոջը տանը ու թագաւորական տանը համար եւ քնարներ ու տաւիղներ՝ երգեցողներուն համար։ Անկէ յետոյ այսպիսի փայտ ալ բնաւ չեկաւ ու չերեւցաւ մինչեւ այսօր։
13Սողոմոն թագաւորը Սաբայի թագուհիին բոլոր ուզած ու խնդրած բաները տուաւ, իր առատաձեռնութեամբ անոր տուածէն զատ։ Եւ անիկա իր ծառաներուն հետ դարձաւ իր երկիրը գնաց։
14Մէկ տարուան մէջ Սողոմոնին եկած ոսկիին կշիռը վեց հարիւր վաթսունըվեց տաղանդ էր.
15Առուտուր ընողներէն ու վաճառականներէն եւ Արաբացիներու բոլոր թագաւորներէն ու երկրին նախարարներէն առածէն զատ։
16Սողոմոն թագաւորը կռածոյ ոսկիէ երկու հարիւր վահան շինեց։ Ամէն մէկ վահանին համար վեց հարիւր սիկղ ոսկի գնաց։
17Կռածոյ ոսկիէ երեք հարիւր ասպար ալ շինեց ։ Ամէն մէկ ասպարի երեք մնաս ոսկի գնաց։ Թագաւորը ասոնք Լիբանանի Անտառը կոչուող սրահը դրաւ։
18Թագաւորը փղոսկրէ մեծ աթոռ մը շինեց ու զուտ ոսկիով պատեց զանիկա։
19Այս աթոռը վեց աստիճան ունէր ու աթոռին վերի ծայրը ետեւէն բոլորակաձեւ էր եւ նստելու տեղը մէկ կողմէն ու միւս կողմէն յենարաններ ունէր։ Յենարաններուն քով երկու առիւծներ կը կենային։
20Վեց աստիճաններուն վրայ մէկ կողմէն ու միւս կողմէն տասներկու առիւծներ կը կենային։ Ոեւէ թագաւորութեան մէջ այսպիսի բան մը շինուած չէր։
21Սողոմոն թագաւորին բոլոր խմելիքի ամանները ոսկի էին։ Լիբանանի Անտառը կոչուող սրահին բոլոր ամանները զուտ ոսկիէ էին։ Արծաթէ չկար. քանզի արծաթը Սողոմոնին օրերը բանի մը տեղ չէր սեպուեր։
22Վասն զի թագաւորը ծովու վրայ Քիրամին նաւերուն հետ Թարսիսցի նաւեր ունէր. Թարսիսցի նաւերը երեք տարին անգամ մը ոսկիով, արծաթով, փղոսկրով եւ կապիկներով ու սիրամարգներով բեռնաւորուած կու գային։
23Սողոմոն թագաւորը հարստութեան ու իմաստութեան կողմանէ երկրի բոլոր թագաւորներէն մեծ եղաւ։
24Բոլոր երկիրը կը փափաքէր Սողոմոնին երեսը տեսնել եւ անոր իմաստութիւնը լսել, որ Աստուած անոր սրտին մէջ դրեր էր։
25Անոնց ամէնքը ամէն տարի իրենց ընծաները կը բերէին, այսինքն արծաթէ ամաններ, ոսկիէ ամաններ, հանդերձներ, զէնքեր, խունկեր, ձիեր ու ջորիներ։
26Սողոմոն կառքեր ու ձիաւորներ հաւաքեց ու անիկա հազար չորս հարիւր կառք ու տասներկու հազար ձիաւոր ունեցաւ։ Զանոնք կառքերու քաղաքներուն մէջ ու Երուսաղէմի մէջ թագաւորին քով տեղաւորեց։
27Թագաւորը Երուսաղէմի մէջ արծաթը քարերու պէս հասարակ բան մը ըրաւ ու եղեւնափայտը շատութենէն՝ դաշտի մէջ եղող մոլաթզենիներուն պէս ըրաւ։
28Սողոմոնին ձիերը Եգիպտոսէն կու գային ու թագաւորին վաճառականներուն կարաւանը որոշուած գնով մը ձիերու երամակներ ծախու կ’առնէր։
29Եգիպտոսէն կառք մը կ’արտածուէր՝ վեց հարիւր արծաթով ու մէկ ձին՝ հարիւր յիսուն արծաթով ու Քետացիներուն բոլոր թագաւորներուն համար ալ անոնց ձեռքով այնպէս կ’արտածուէին։