1 John 5WARMB

1Ամէն ով որ կը հաւատայ թէ Յիսուսը Քրիստոսն է, Աստուծմէ ծնած է։ Ամէն ով որ ծնողը կը սիրէ՝ անկէ ծնածն ալ կը սիրէ։

2Ասով կը ճանչնանք թէ Աստուծոյ որդիները կը սիրենք, երբ Աստուած սիրենք ու անոր պատուիրանքները պահենք։

3Վասն զի ասիկա է Աստուծոյ սէրը, որ անոր պատուիրանքները պահենք եւ անոր պատուիրանքները ծանր բան չեն։

4Վանս զի ան որ Աստուծմէ ծնած է՝ աշխարհին կը յաղթէ։ Մեր հաւատքն է, որ աշխարհին կը յաղթէ։

5Ո՞վ է որ աշխարհի կը յաղթէ, եթէ ոչ անիկա՝ որ կը հաւատայ թէ Յիսուս Աստուծոյ Որդին է։

6Ասիկա է, որ եկաւ ջուրով եւ արիւնով, այսինքն Յիսուս Քրիստոս. ո՛չ միայն ջուրով, հապա ջուրով եւ արիւնով եւ Հոգին է, որ կը վկայէ, վասն զի Հոգին ճշմարտութիւն է։

7Վասն զի երեք են որ երկնքի մէջ կը վկայեն, Հայրը, Բանը ու Սուրբ Հոգին եւ այս երեքը մէկ են։

8Ու երեք են որ երկրի վրայ՝ ՝ կը վկայեն. Հոգին, ջուրը ու արիւնը եւ երեքը միաբան են։

9Եթէ մարդոց վկայութիւնը կ’ընդունինք, Աստուծոյ վկայութիւնը աւելի մեծ է. վասն զի ասիկա է Աստուծոյ վկայութիւնը, որ իր Որդիին համար վկայեց։

10Ան որ Աստուծոյ Որդիին կը հաւատայ՝ վկայութիւնը իր մէջ ունի։ Ան որ Աստուծոյ չի հաւատար՝ ստախօս կ’ընէ զանիկա, վասն զի չի հաւատար այն վկայութեանը՝ որ Աստուած իր Որդիին համար վկայեց։

11Եւ վկայութիւնը այս է, որ Աստուած մեզի յաւիտենական կեանք տուաւ ու այս կեանքը անոր Որդիին մէջն է։

12Ան որ Որդին ընդունած է՝ կեանք ունի եւ ան որ Աստուծոյ Որդին ընդունած չէ՝ կեանք չունի։

13Այս բաները գրեցի ձեզի՝ որպէս զի գիտնաք թէ յաւիտենական կեանք ունիք դուք՝ որ Աստուծոյ Որդիին անունին կը հաւատաք ։

14Մենք համարձակութիւնը ունինք անոր քով, քանզի գիտենք թէ ինչ որ խնդրելու ըլլանք իր կամքին համեմատ, պիտի լսէ մեզի։

15Եւ եթէ գիտնանք թէ պիտի լսէ ինչ որ խնդրելու ըլլանք, ուրեմն կը գիտնանք թէ պիտի առնենք ինչ որ խնդրենք իրմէ։

16Եթէ մէկը տեսնէ որ իր եղբայրը ո՛չ մահացու մեղք մը գործեց, թող խնդրէ ու Աստուած կեանք պիտի տայ այն մահացու չեղած մեղքը գործողին։ Մեղք կայ որ մահացու է, չեմ ըսեր թէ անոր համար խնդրէ։

17Ամէն անիրաւութիւն մեղք է, բայց մեղք կայ որ մահացու չէ։

18Գիտենք թէ ան, որ Աստուծմէ ծնած է՝ մեղք չի գործեր։ Ա՛ն որ Աստուծմէ ծնած է՝ իր անձը կը պահէ ու չարը անոր չի դպչիր։

19Գիտենք թէ մենք Աստուծմէ ենք ու բոլոր աշխարհ չարին մէջ է։

20Գիտենք թէ Աստուծոյ Որդին եկաւ ու մեզի կարողութիւն տուաւ որպէս զի ճշմարիտը ճանչնանք։ Մենք այն ճշմարիտին մէջ ենք, իր Որդիին Յիսուս Քրիստոսին մէջ։ Անիկա է ճշմարիտ Աստուածն ու յաւիտենական կեանքը։

21Ո՛րդեակներ, ինքզինքնիդ կուռքերէն պահեցէք ։

Հայ Արեւմտահայերէն Աստուածաշունչ © Bible Society in Lebanon, 1981.

Choose Translation

Switch translation for 1 John 5.

Reading Settings

Paragraph viewDisplay verses as flowing paragraphs instead of individual lines
Show verse numbersDisplay verse numbers inline
Red letterHighlight the words of Christ in red

Sign in to save your reading preferences across sessions.