1 Chronicles 6WARMB

1Ղեւիին որդիները Գերսոնը, Կահաթն ու Մերարին էին։

2Կահաթին որդիները Ամրամը, Իսահառը, Քեբրոնն ու Ոզիէլն էին։

3Ամրամին որդիները՝ Ահարոնը, Մովսէսն ու Մարիամն էին։ Ահարոնին որդիները՝ Նադաբը, Աբիուդը, Եղիազարն ու Իթամարն էին։

4Եղիազար ծնաւ Փենէհէսը ու Փենէհէս ծնաւ Աբիսուան,

5Եւ Աբիսուան ծնաւ Բոկկին ու Բոկկին ծնաւ Ոզին

6Եւ Ոզին ծնաւ Զարիան, Զարիան ծնաւ Մարիօթը

7Ու Մարիօթ ծնաւ Ամարիան եւ Ամարիան ծնաւ Աքիտովբը

8Ու Աքիտովբ ծնաւ Սադովկը ու Սադովկը ծնաւ Աքիմաասը

9Եւ Աքիմաասը ծնաւ Ազարիան ու Ազարիան ծնաւ Յօհանանը

10Եւ Յօհանանը ծնաւ Ազարիան. (ասիկա էր որ Սողոմոնին Երուսաղէմ շինած տաճարին մէջ քահանայութիւն ըրաւ)

11Ու Ազարիան ծնաւ Ամարիան եւ Ամարիան ծնաւ Աքիտովբը

12Ու Աքիտովբ ծնաւ Սադովկը ու Սադովկը ծնաւ Սեղղումը

13Եւ Սեղղումը ծնաւ Քեղկիան ու Քեղկիան ծնաւ Ազարիան

14Եւ Ազարիան ծնաւ Սարայիան ու Սարայիան ծնաւ Յովսեդեկը։

15Յովսեդեկը գերի գնաց, երբ Տէրը Յուդան ու Երուսաղէմը Նաբուգոդոնոսորին ձեռքով փոխադրեց։

16Ղեւիին որդիները՝ Գերսոնը, Կահաթն ու Մերարին էին։

17Գերսոնին որդիներուն անունները ասոնք էին՝ Ղոբենի ու Սեմէի։

18Եւ Կահաթին որդիները՝ Ամրամը, Իսահառը, Քեբրոնն ու Ոզիէլն էին։

19Մերարիին որդիները՝ Մոողին ու Մուսին էին։ Ասոնք են Ղեւտացիներուն տոհմերը իրենց հայրերուն համեմատ։

20Գերսոնին որդիները ՝ անոր որդին Ղոբենի, անոր որդին Յեթ, անոր որդին Զամմա,

21Անոր որդին Յովաք, անոր որդին Ադդով, անոր որդին Զարա, անոր որդին Յաթրին էր։

22Կահաթին որդիները՝ անոր որդին Ամինադաբ, անոր որդին Կորխ, անոր որդին Ասիր,

23Անոր որդին Եղկանա, անոր որդին Աբիասափ, անոր որդին Ասիր,

24Անոր որդին Թաաթ, անոր որդին Ուրիէլ, անոր որդին Ոզիա ու անոր որդին Սաւուղն էր։

25Եղկանային որդիները՝ Ամեսայի, Աքիմօթ ու Եղկանա էին։

26Եղկանային որդիները՝ անոր որդին Սուփի, անոր որդին Նահաթ,

27Անոր որդին Եղիաբ, անոր որդին Յերոամ, անոր որդին Եղկանան էր։

28Սամուէլին որդիները՝ անոր անդրանիկը Յովէլ ու երկրորդը Աբիան էր։

29Մերարիին որդիները՝ Մոողի, անոր որդին Ղոբենի, անոր որդին Սեմէի, անոր որդին Ոզա,

30Անոր որդին Սամաա, անոր որդին Անգիա, անոր որդին Ասայիան էր։

31Ասոնք են, որոնք Դաւիթ երգեցողութեան պաշտօնին վրայ դրաւ Տէրոջը տանը մէջ տապանակին հաստատուելէն յետոյ։

32Անոնց պաշտօնը վկայութեան խորանին առջեւ օրհնութիւն երգել էր։ Երբ Սողոմոն Երուսաղէմի մէջ Տէրոջը տունը շինեց, անոնք իրենց կարգին համեմատ իրենց պաշտօնին վրայ կը կենային։

33Իրենց որդիներով կեցողները ասոնք են՝ Կահաթեաններու որդիներէն երգող Եմանը, Յովէլի որդին, որ Սամուէլի որդին,

34Որ Եղկանայի որդին, որ Յերոամի որդին, որ Եզիէլի որդին, որ Թովայի որդին,

35Որ Սուփիի որդին, որ Եղկանայի որդին, որ Մաաթի որդին, որ Ամեսայիի որդին,

36Որ Եղկանայի որդին, որ Յովէլի որդին, որ Ազարիայի որդին, որ Սոփոնիայի որդին,

37Որ Թաաթի որդին, որ Ասիրի որդին, որ Աբիասափի որդին, որ Կորխի որդին,

38Որ Իսահառի որդին, որ Կահաթի որդին, որ Ղեւիի որդին, որ Իսրայէլի որդին էր։

39Եւ անոր աջ կողմը կեցողը իր եղբայրը Ասափն էր ու Ասափ՝ Բարաքիայի որդին, որ Սամաայի որդին,

40Որ Միքայէլի որդին, որ Բաասիայի որդին, որ Մեղքիայի որդին,

41Որ Աթանիի որդին, որ Զարայի որդին, որ Ադայիայի որդին,

42Որ Եթանի որդին, որ Զամմայի որդին, որ Սեմէիի որդին,

43Որ Յեթի որդին, որ Գերսոնի որդին, որ Ղեւիի որդին էր։

44Անոնց եղբայրները՝ Մերարիին որդիները, ձախ կողմը կը կենային. Եթան՝ Կիսիային որդին, որ Աբդիի որդին, որ Մալուքի որդին,

45Որ Ասաբիայի որդին, որ Ամասիայի որդին, որ Քեղկիայի որդին,

46Որ Ամասիի որդին, որ Բանիի որդին, որ Սամերի որդին,

47Որ Մոողի որդին, որ Մուսիի որդին, որ Մերարիի որդին, որ Ղեւիի որդին էր։

48Ու անոնց եղբայրները՝ Ղեւտացիները, Աստուծոյ տանը խորանին բոլոր ծառայութեանը նուիրուած էին։

49Բայց Ահարոն ու անոր որդիները ողջակէզի սեղանին վրայ ողջակէզ ու խունկի սեղանին վրայ խունկ կը մատուցանէին, Սրբութիւն Սրբութեանցին գործը կատարելով ու Իսրայէլի համար քաւութիւն ընելով, այն ամենուն համեմատ, որ Աստուծոյ ծառան Մովսէս պատուիրեր էր։

50Ահարոնին որդիները ասոնք էին՝ անոր որդին Եղիազար, անոր որդին Փենէհէս, անոր որդին Աբիսուա,

51Անոր որդին Բոկկի, անոր որդին Ոզի, անոր որդին Զարիա,

52Անոր որդին Մարիօթ, անոր որդին Ամարիա, անոր որդին Աքիտովբ,

53Անոր որդին Սադովկ, անոր որդին Աքիմաաս։

54Կահաթին տոհմին՝ Ահարոնին որդիներուն՝ բնակութիւնները ասոնք էին իրենց գիւղերովը ու իրենց սահմաններովը, քանզի վիճակով այդ ելաւ։

55Յուդայի երկրին մէջ Քեբրոնը ու անոր շրջակայ արուարձանները անոնց տուին.

56Բայց այն քաղաքին արտերը ու անոր գիւղերը Յեփոնեան Քաղէբին տուին։

57Յուդայի քաղաքներէն Ահարոնի որդիներուն Քեբրոնը տուին (որ ապաստանի քաղաք էր,) ու Լեբնան իր արուարձաններովը եւ Յաթիրը ու Եսթեմովը իր արուարձաններովը

58Եւ Քիլէնը իր արուարձաններովը ու Դաբիրը իր արուարձաններովը

59Եւ Ասանը իր արուարձաններովը ու Բեթսամիւսը իր արուարձաններովը

60Եւ Բենիամին ցեղէն Գաբան իր արուարձաններովը ու Գաղեմէթը իր արուարձաններովը եւ Անաթովթը իր արուարձաններովը անոնց տոհմերուն բոլոր քաղաքները տասնըերեք քաղաք էին։

61Այս ցեղին տոհմերէն մնացած Կահաթին որդիներուն՝ Մանասէին կէս ցեղէն վիճակով տասը քաղաք տրուեցաւ ։

62Գեսրոնի որդիներուն՝ իրենց տոհմերուն համեմատ Իսաքարին ցեղէն, Ասերին ցեղէն ու Նեփթաղիմի ցեղէն ու Բասանի մէջ բնակող Մանասէին ցեղէն տասնըերեք քաղաք տրուեցաւ։

63Մերարիին որդիներուն՝ իրենց տոհմերուն համեմատ Ռուբէնին ցեղէն ու Գադին ցեղէն եւ Զաբուղոնին ցեղէն վիճակով տասներկու քաղաք տրուեցաւ։

64Իսրայէլին որդիները այս քաղաքները իրենց արուարձաններովը Ղեւտացիներուն տուին։

65Յուդային որդիներուն ցեղէն ու Շմաւոնին որդիներուն ցեղէն ու Բենիամինին որդիներուն ցեղէն վիճակով՝ այս անունով յիշուած քաղաքները տուին։

66Կահաթին որդիներուն մնացած տոհմերուն կալուածներու քաղաքները Եփրեմի ցեղէն էին։

67Անոնց Եփրեմի լերանը վրայ Սիւքէմը տուին, (որ ապաստանի քաղաքներէն էր) ու անոր արուարձանները եւ Գազերը իր արուարձաններովը

68Ու Յեկմամը իր արուարձաններովը եւ Բեթորոնը իր արուարձաններովը

69Ու Այեղոնը իր արուարձաններովը եւ Գեթրեմօնը իր արուարձաններովը

70Ու Մանասէին կէս ցեղէն Անէրը իր արուարձաններովը եւ Յեբղաամը իր արուարձաններովը Կահաթի որդիներուն մնացած տոհմին տուին ։

71Գերսոնի որդիներուն Մանասէին կէս ցեղին տոհմէն Բասանի մէջ Գովղանը իր արուարձաններովը ու Աստարովթը իր արուարձաններովը

72Եւ Իսաքարի ցեղէն Կադէսը իր արուարձաններովը, Դաբարաթը իր արուարձաններովը

73Ու Ռամովթը իր արուարձաններովը եւ Անամը իր արուարձաններովը

74Ու Ասերի ցեղէն Մասաղը իր արուարձաններովը եւ Աբդօնը իր արուարձաններովը

75Ու Հուկոկը իր արուարձաններովը եւ Րոոբը իր արուարձաններովը

76Ու Նեփթաղիմին ցեղէն Գալիլիայի մէջ Կադէսը իր արուարձաններովը եւ Համմօնը իր արուարձաններովը ու Կարիաթեմը իր արուարձաններովը տուին ։

77Մնացածներուն, այսինքն Մերարիին որդիներուն, Զաբուղոնին ցեղէն Ռեմօնը իր արուարձաններովը, Թաբօրը իր արուարձաններովը,

78Ու Երիքովի անդիի կողմը, Յորդանանի արեւելեան կողմը, Ռուբէնին ցեղէն անապատին մէջ Բոսորը իր արուարձաններովը ու Յասսան իր արուարձաններովը

79Եւ Կադէմօթը իր արուարձաններովը ու Մեփայաթը իր արուարձաններովը

80Եւ Գադին ցեղէն Գաղաադի մէջ Ռամովթը իր արուարձաններովը ու Մանայիմը իր արուարձաններովը

81Ու Եսեբոնը իր արուարձաններովը եւ Յազերը իր արուարձաններովը տուին ։

Հայ Արեւմտահայերէն Աստուածաշունչ © Bible Society in Lebanon, 1981.

Choose Translation

Switch translation for 1 Chronicles 6.

Reading Settings

Paragraph viewDisplay verses as flowing paragraphs instead of individual lines
Show verse numbersDisplay verse numbers inline
Red letterHighlight the words of Christ in red

Sign in to save your reading preferences across sessions.