1 Chronicles 4WARMB

1Յուդային որդիները՝ Փարէս, Եսրոն ու Քարմի եւ Ովր ու Սոբաղն էին։

2Սոբաղին որդին Ռէայիան Յեթը ծնաւ ու Յեթը՝ Աքիմային ու Ղաադը ծնաւ. Սարաացիներուն տոհմերը ասոնք են։

3Ու Ետամին հօրմէն ասոնք եղան՝ Յեզրայէլ ու Յեսմա ու Յեդրաս եւ անոնց քրոջը անունը Եսեղեփօն էր։

4Գեդովրի հայրը՝ Փանուէլ եւ Ովսայի հայրը Եզեր էր։ Ասոնք Բեթլէհէմին հօրը՝ Եփրաթի, անդրանիկին Ովրին որդիներն էին։

5Թեկուէին հայրը՝ Ասքուր՝ երկու կին ունէր, Եղաս ու Նաարա։

6Նաարան անոր ծնաւ Ոքոզամը, Ոփերը, Թեմանն ու Ահասթարին։ Նաարային որդիները ասոնք էին։

7Եղաային որդիները Սարեթ, Սահառ ու Եթնան էին։

8Կովս ծնաւ Ենովբը, Սօբեբան ու Հարումի որդիին Ահարհէլին տոհմերը։

9Գաբէս իր եղբայրներէն փառաւոր էր։ Անոր մայրը իր անունը Գաբէս դրաւ, քանզի ‘Զանիկա տրտմութեամբ ծնայ’։

10Գաբէս Իսրայէլի Աստուծոյն աղաղակեց ու ըսաւ. «Երանի՜ թէ ամէն կողմանէ զիս օրհնես ու իմ սահմանս մեծցնես եւ քու ձեռքդ ինծի հետ ըլլայ ու զիս չարէն ազատես, որպէս զի ինծի տրտմութիւն չըլլայ»։ Աստուած անոր խնդիրքը կատարեց։

11Սուհային եղբայրը Քեղուբ՝ Մաքիրը ծնաւ, որ Եսթօնին հայրն էր։

12Եսթօն ծնաւ Բեթռափան ու Փասէն եւ Իրնաասին հայրը Թանան։ Ասոնք Հռեքային մարդիկն էին։

13Կենէզի որդիները Գոթոնիէլն ու Սարայիան էին։ Գոթոնիէլին որդին Աթաթն էր։

14Մաոնաթային ծնաւ Եփրան եւ Սարայիան ծնաւ Յովաբը, Գեքարասիմին հայրը. (քանզի անոնք արհեստաւորներ էին։)

15Ու Յեփոնեան Քաղէբին որդիները՝ Իրու, Էլա ու Նաամն էին։ Էլային որդին Կենէզն էր։

16Յալէլէլին որդիները՝ Զիփ, Զիբա, Թիրիա ու Ասարէլ։

17Եզրային որդիները՝ Յեթեր, Մօրադ, Ափէր ու Յազօնն էին։ Ասոր կինը ծնաւ Մարիամը եւ Սամային ու Եսթեմովին հայրը Եսբան։

18Անոր կինը Յուդիան ծնաւ Գեդովրին հայրը՝ Յարեդը, Սոքովին հայրը՝ Քաբերը ու Զանովին հայրը՝ Յեքթիելը։ Մօրադին առած Փարաւոնին աղջկան, Բեթիային որդիները ասոնք էին։

19Անոր կնոջ Նայեմին քրոջ՝ Ովդիայի՝ որդիները Կէիլային հայրը Գարմի ու Մաքաթացի Եսթեմովն էր։

20Սիմոնին որդիները Ամնոն, Հռինա, Բենանան ու Թիղօնն էին։ Յեսսիին որդիները Զօհէթ ու Բենզօհէթն էին։

21Եւ Յուդայի որդիին Սելօմին որդիները՝ Ղեքային հայրը՝ Էր ու Մարեսային հայրը՝ Ղաադա եւ Ասբէային տանը, բեհեզագործներուն տանը, տոհմերն էին։

22Յովակիմ եւ Քուզեբային մարդիկը ու Յովաս եւ Սարափը, որոնք Մովաբի մէջ ստացուածք ունէին ու Յասուբի-Լէհէմ. իսկ ասոնք հին բաներ են՝ ՝։

23Ասոնք բրուտներ էին եւ Նեթայիմին ու Գադերային մէջ կը բնակէին։ Թագաւորին քովը կը բնակէին անոր գործին համար։

24Շմաւոնին որդիները՝ Նամուէլ, Յամին, Յարիբ, Զարա ու Սաւուղ։

25Անոր որդին՝ Սեղղում, անոր որդին Մաբսամ, անոր որդին՝ Մասմա։

26Մասմային որդիները՝ անոր որդին՝ Ամուէլ, անոր որդին՝ Զաքուր, անոր որդին Սեմէի։

27Եւ Սեմէին տասնըվեց տղայ ու վեց աղջիկ ունէր, բայց անոր եղբայրները շատ տղաքներ չունէին ու անոնց բոլոր տոհմերը Յուդային որդիներուն չափ չշատցան։

28Անոնք Բերսաբէէին ու Մօլադային ու Ասեր-Սուաղին

29Եւ Բաղային ու Ասեմին եւ Թուղաթին

30Ու Բաթուլին ու Հօրմային եւ Սիկելակին

31Ու Բեթմարքաբովթին եւ Ասեր-Սուսիմին ու Բեթբարէիին եւ Սագարիմին մէջ բնակեցան։ Մինչեւ Դաւիթի թագաւոր եղած ատենը՝ ասոնք էին անոնց քաղաքները

32Ու անոնց գիւղերը։ Նաեւ Եթամ, Ային, Ռեմօն, Թոքան ու Ասան՝ հինգ քաղաք։

33Այս քաղաքներուն բոլորտիքը եղած բոլոր գիւղերը մինչեւ Բաաղ, անոնց բնակութիւններն ու վիճակները՝ ասոնք էին։

34Մոսոբաբ եւ Յամլէք ու Ամասիային որդին Յօսան

35Եւ Յովէլն ու Ասիէլիին որդիին Սարայիային որդիին Յօսաբիային որդին Յէուն

36Ու Եղիովէնային ու Յեկեբան եւ Յասուիան ու Ասայիան եւ Ադիէլն ու Յեսեմիէլն ու Բանիան

37Եւ Սեմայիային որդիին Սամարիին որդիին Յեդայիային որդիին Աղօնին որդիին Սեփէիին որդին Զիզա։

38Անուններով յիշուածները իրենց տոհմերուն մէջ իշխաններ էին ու անոնց ազգատոհմերը խիստ շատցան։

39Իրենց անասուններուն համար արօտ փնտռելով՝ Գեդովրին մուտքը գացին մինչեւ ձորին արեւելեան կողմը։

40Առատ ու աղէկ արօտ գտան։ Այն երկիրը ընդարձակ էր եւ խաղաղութեան ու հանդարտութեան մէջ էր, քանզի առաջ Քամէն եղողները հոն կը բնակէին։

41Այս անուններով գրուածները Յուդայի Եզեկիա թագաւորին օրերը գացին ու անոնց վրանները եւ հոն գտնուած բնակարանները զարկին ու զանոնք բնաջինջ ըրին մինչեւ այսօր եւ անոնց տեղը բնակեցան. վասն զի հոն իրենց հօտերուն համար արօտ կար։

42Անոնցմէ, այսինքն Շմաւոնին որդիներէն, հինգ հարիւր մարդ Սէիր լեռը գացին, իրենց վրայ Յեսսիին որդիները Փաղատիան, Նաարիան, Հռափայիան ու Ոզիէլը իշխան ունենալով ։

43Եւ Ամաղէկին փախստական մնացորդները զարկին ու մինչեւ այսօր հոն բնակեցան։

Հայ Արեւմտահայերէն Աստուածաշունչ © Bible Society in Lebanon, 1981.

Choose Translation

Switch translation for 1 Chronicles 4.

Reading Settings

Paragraph viewDisplay verses as flowing paragraphs instead of individual lines
Show verse numbersDisplay verse numbers inline
Red letterHighlight the words of Christ in red

Sign in to save your reading preferences across sessions.