1Դռնապաններուն դասակարգութիւնները. Կորխեաններէն, Ասափին որդիներէն, Կովրէին որդին Մասեղամիան էր։
2Մասեղամիային որդիները՝ անդրանիկը՝ Զաքարիան, երկրորդը՝ Յեդիէլը, երրորդը՝ Զաբադիան, չորրորդը՝ Յաթնիէլը,
3Հինգերորդը՝ Եղամը, վեցերորդը՝ Յօհանան, եօթներորդը՝ Եղիովէնային էին։
4Աբդեդօմին որդիները՝ անդրանիկը՝ Սեմայիան, երկրորդը՝ Յովզաբադը, երրորդը՝ Յովաքը, չորրորդը՝ Սաքարը, հինգերորդը՝ Նաթանայէլը,
5Վեցերորդը՝ Ամիէլը, եօթներորդը՝ Իսաքարը, ութերորդը՝ Փեղաթին. քանզի Աստուած զանիկա օրհներ էր։
6Անոր որդիին Սեմայիային որդիներ ծնան, որոնք իրենց հօրը տանը իշխանները եղան, քանզի անոնք զօրաւոր կտրիճներ էին։
7Սեմայիային որդիները Ոթնին, Ռափայէլը, Ովբէդը, Եղզաբադը, Աքիովը, Բենհայիլը՝ ՝, Եղիուսն ու Սամաքիան էին։
8Ասոնք Աբդեդօմին որդիներն էին։ Իրենք ու իրենց որդիները ու իրենց եղբայրները, ծառայութեան համար զօրաւոր ու կտրիճ մարդիկ՝ Աբդեդօմէն վաթսունըերկու հոգի էին։
9Մասեղամիան տասնըութը զօրաւոր որդիներ ու եղբայրներ ունէր։
10Մերարիին որդիներէն Ուսան որդիներ ունէր։ Գլխաւորը Սամարին էր. թէպէտեւ անիկա անդրանիկը չէր, բայց անր հայրը զանիկա գլուխ ըրաւ։
11Երկրորդը՝ Քեղկիան, երրորդը՝ Տաբաղիան, չորրորդը՝ զաքարիան էր։ Ուսային բոլոր որդիներն ու եղբայրները տասնըերեք հոգի էին։
12Դռնապաններուն դասակարգութիւնները ասոնց տրուեցան իբրեւ գլխաւոր մարդոց, որպէս զի իրենց եղբայրներուն հետ պահպանութիւն ընելով՝ Տէրոջը տանը մէջ ծառայեն։
13Պզտիկն ու մեծը հաւասարապէս վիճակ ձգեցին իրենց ազգատոհմերուն համեմատ՝ ամէն մէկ դրան համար։
14Արեւելեան կողմին վիճակը Սեղեմիային ելաւ. ետքը անոր որդիին, խելացի ու օրէնսգէտ Զաքարիային համար վիճակ ձգեցին ու անոր վիճակը հիւսիսային կողմը ելաւ։
15Աբդեդօմին՝ հարաւային կողմը ու իր որդիներուն՝ Բեթասուփիմը։
16Սուփիմին եւ Ուսային արեւմտեան կողմը ելաւ Սալեքեթին դրանը քով վեր ելլող ճամբուն վրայ։ Մէկ պահակատունը միւսին դէմն էր։
17Արեւելեան կողմը օրը վեց Ղեւտացի, հիւսիսային կողմը օրը՝ չորս, հարաւային կողմը օրը՝ չորս, Ասուփիմին կողմը երկու երկու էին։
18Փարպարի կողմը դէպի արեւմուտք վեր ելլող ճամբան՝ չորս ու Փարպար երկու դռնապան կար։
19Կորխեաններու որդիներէն ու Մերարիին որդիներէն եղող դռնապաններուն դասակարգութիւնները ասոնք էին։
20Ղեւտացիներէն Աստուծոյ տանը գանձերուն ու նուիրական գանձերուն վրայ՝ Աքիան էր։
21Գերսոնացի Ղադանին ազգատոհմերուն իշխաններէն, Գերսոնացի Ղադանի որդիներէն, Յեքիէլն էր։
22Յեքիէլի որդիները՝ Զեթամն ու անոր եղբայրը Յովէլը Տէրոջը տանը գանձերուն վրայ էին։
23Ամրամեաններէն, Իսահառեաններէն, Քեբրոնեաններէն ու Ոզիէլեաններէն ասոնք էին։
24Մովսէսին որդիին Գերսամին որդին Սուբայէլը գանձերուն վերակացուն էր։
25Անոր եղբայրները՝ Եղիազարին որդիները. անոր որդին Հռաբիան, անոր որդին Եսային, անոր որդին Յովրամը, անոր որդին Զեքրին ու անոր որդին Սաղօմօթն էր։
26Այս Սաղօմօթն ու անոր եղբայրները Դաւիթ թագաւորին ու տոհմերուն իշխաններուն ու հազարապետներուն եւ հարիւրապետներուն ու զօրքերու իշխաններուն նուիրած բոլոր սուրբ գանձերուն վրայ էին,
27Որոնք պատերազմներէն ու աւարէն Տէրոջը տանը շինութեանը՝ ՝ համար նուիրուեր էին։
28Նաեւ Սամուէլ տեսանողին ու Կիսեան Սաւուղին ու Ներեան Աբեններին ու Շարուհեան Յովաբին նուիրած բոլոր նուէրները Սաղօմօթին ու անոր եղբայրներուն ձեռքին տակն էին։
29Իսահառեաններէն՝ Քոնոնիան ու անոր որդիները արտաքին գործերու համար, Իսրայէլին վրայ ոստիկաններ ու դատաւորներ էին։
30Քեբրոնեաններէն՝ Ասաբիան ու անոր եղբայրները, հազար եօթը հարիւր զօրաւոր մարդիկ, Յորդանանի ասդիի կողմը դէպի արեւմուտք, Տէրոջը գործին համար ու թագաւորին ծառայութեանը համար Իսրայէլին վրայ վերակացու էին։
31Քեբրոնեաններէն՝ Քեբրոնեաններուն ազգատոհմին իշխանը Յերիան էր. Դաւիթին թագաւորութեանը քառասուներորդ տարին անոնք համրուեցան ու Գաղաադի Յազերին մէջ անոնցմէ զօրաւոր կտրիճներ գտնուեցան։
32Անոր եղբայրները երկու հազար եօթը հարիւր զօրաւոր մարդիկ ու տոհմերու իշխաններ էին։ Դաւիթ թագաւորը զանոնք Ռուբէնեաններուն, Գադեաններուն ու Մանասեաններուն կէս ցեղին վրայ դրաւ՝ Աստուծոյ եւ թագաւորին գործին համար։