Romans 32019

1Ի՞նչ է ուրեմն Հրեային առաւելութիւնը, եւ ի՞նչ էթլփատութեան օգուտը։

2Առաւելութիւնները շատ են եւ ամէն տեսակի։ Եւ առաջին հերթին այն՝ որ Աստուծոյ պատգամները իրենց վստահուեցան։

3Իսկ եթէ անոնցմէ ոմանք հաւատարիմ չմնացին, միթէ անոնց անհաւատարմութիւնը արգե՞լք պիտի ըլլար որ Աստուած ինք հաւատարիմ մնայ։

4Բնա՛ւ երբեք։ Աստուած ճշմարիտ դուրս պիտի գայ, եւ բոլոր մարդիկ՝ սուտ. ինչպէս որ գրուած է.– «Ուստի արդար ես, ի՛նչ վճիռ ալ արձակես. իրաւունք ունիս, ի՛նչ պատիժ ալ սահմանես։ Որպէսզի արդար ճանչցուիս քու վճիռներուդ մէջ եւ յաղթական դուրս գաս քու դատաստաններուդ մէջ։»

5Իսկ եթէ մեր անիրաւ ըլլալն է որ Աստուծոյ արդարութիւնը ի յայտ կը բերէ, ի՞նչ ըսենք. իբրեւ մարդ կը հարցնեմ.– Միթէ անարդա՞ր է Աստուած, որ մեզի հանդէպ բարկութիւն կը ցուցաբերէ։

6Ո՛չ, բնա՛ւ։ Ապա թէ ոչ՝ ի՞նչպէս պիտի դատէ Աստուած աշխարհը։

7Բայց եթէ իմ ստութեամբս Աստուծոյ ճշմարիտ ըլլալը կը շեշտուի՝ իր փառքին համար, ալ ինչո՞ւ համար ես իբրեւ մեղաւոր կը դատապարտուիմ։

8Եւ արդեօք ըսե՞նք, ինչպէս ոմանք զրպարտութեամբ խօսքեր կը վերագրեն մեզի, որպէս թէ ըսած ըլլանք՝ «Չարիք գործենք որ բարիք յառաջ գայ»։ Այդպիսի մարդիկ արդարօրէն պիտի դատապարտուին։

9Ի՞նչ ըսենք ուրեմն. մենք՝ Հրեաներս բանով մը աւելի՞ լաւ ենք քան հեթանոսները ։ Ո՛չ, ոչ մէկ բանով։ Ահա թէ ինչու՝ սկիզբէն իսկ մեղադրեցի բոլոր մարդիկը, ըլլա՛յ Հրեայ, ըլլա՛յ հեթանոս, ըսելով՝ թէ բոլորն ալ մեղքի տակ են։

10Ինչպէս որ Սուրբ գիրքը կ՚ըսէ.– «Մէկ հատիկ արդար իսկ չկայ,

11չկայ իմաստուն մը որ զԱստուած փնտռէ։

12Ամէնքն ալ խոտորեցան, բոլորն ալ անպէտ դարձան. չկայ մէկը, որ շիտակը գործէ. չկայ մէկը, ո՛չ իսկ մէկը։

13Բացուած գերեզման է կոկորդն անոնց, եւ նենգութեան գործիք են դարձած լեզուներն անոնց։ Իժի թոյն կայ պահուած անոնց խօսքերուն տակ։

14Անէծքով ու դառնութեամբ լեցուն է բերանն անոնց։

15Անմեղ արիւն թափելու չեն վարանիր.

16իրենց ընթացքով՝ միայն կործանումի ու դժբախտութեան պատճառ կ՚ըլլան։

17Խաղաղութեան ճամբան չճանչցան։

18Աստուծոյ վախը չունին իրենց աչքերուն առջեւ»։

19Գիտենք որ Օրէնքը ինչ որ կ՚ըսէ՝ Օրէնքին ենթակայ մարդոց է որ կ՚ըսէ, որպէսզի ամէն բերան գոցուի եւ ամբողջ աշխարհ Աստուծոյ հանդէպ իր յանցաւոր ըլլալը ճանչնայ։

20Ահա թէ ինչու՝ «Աստուծոյ առջեւ ոեւէ մէկը պիտի չարդարանայ» Օրէնքին գործադրութեամբ, որովհետեւ Օրէնքով է որ կը գիտնանք թէ ի՛նչ է մեղքը։

21Բայց հիմա Աստուած ցոյց տուաւ, թէ մարդիկը արդարացնելու իր կերպը կապ չունի Օրէնքին հետ, թէպէտ նոյնինքն Օրէնքն ու մարգարէները կը վկայեն այդ մասին։

22Առանց խտրութեան, բոլոր անոնք որոնք Քրիստոս Յիսուսի կը հաւատան, Աստուծոյ առջեւ կ՚արդարանան։

23Արդարեւ, թէպէտ բոլոր մարդիկ մեղանչեցին եւ Աստուծոյ փառքէն զրկուած կը մնան,

24սակայն Աստուած զանոնք կ՚արդարացնէ իր ձրիօրէն պարգեւած շնորհքովը, Քրիստոս Յիսուսի փրկագործութեան միջոցաւ։

25Որովհետեւ Աստուած նախասահմանեց, որ Քրիստոս իր թափած արիւնով քաւութեան միջոց ըլլայ անոնց՝ որոնք իրեն կը հաւատան։ Անցեալին մէջ Աստուած իր արդարութիւնը ցոյց կու տար՝ անյիշաչար գտնուելով մարդոց գործած մեղքերուն հանդէպ.

26իսկ ներկայիս, նոյն իր արդարութիւնը կը յայտնէ՝ մեղքերուն թողութիւն շնորհելով, ցոյց տալով թէ արդար է ինք եւ կ՚արդարացնէ ոեւէ մէկը որ Քրիստոսի կը հաւատայ։

27Պարծենալիք բան կը մնա՞յ. բացարձակապէս ոչ։ Կրնա՞նք պարծենալ՝ թէ Օրէնքին միջոցաւ կամ մեր գործերով կ՚արդարանանք։ Ո՛չ. այլ՝ հաւատքով։

28Հետեւաբար կ՚եզրակացնենք, թէ մարդ հաւատքո՛վ կ՚արդարանայ, առանց Օրէնքի գործերուն։

29Արդարեւ, Աստուած միայն Հրեաներո՞ւն Աստուածն է. հեթանոսներուն ալ Աստուածը չէ՞։ Այո՛, նաեւ հեթանոսներունն է։

30Որովհետեւ մէկ է Աստուած՝ որ կ՚արդարացնէ թէ՛ թլփատութենէ եկող Հրեան՝ իր հաւատքով, եւ թէ՛ անթլփատութենէ եկող հեթանոսը՝ նոյն հաւատքով։

31Արդ, Օրէնքը ջնջա՞ծ կ՚ըլլանք մեր հաւատքով։ Բնա՛ւ երբեք։ Ընդհակառակը, հաստատած կ՚ըլլանք։

© Bible Society Lebanon (BSL), 2001/2019

Choose Translation

Switch translation for Romans 3.

Reading Settings

Paragraph viewDisplay verses as flowing paragraphs instead of individual lines
Show verse numbersDisplay verse numbers inline
Red letterHighlight the words of Christ in red

Sign in to save your reading preferences across sessions.