Bible

Connect

With Your Congregation Like Never Before

Try RisenMedia.io Today!

Click Here

Mark 1

:
Armenian - 2019
1 Այսպէս կը սկսի Աստուծոյ Որդիին՝ Յիսուս Քրիստոսի Աւետարանը ։
2 Եսայի մարգարէի գիրքին մէջ գրուած է.– «Ահաւասիկքուառջեւէդկը ղրկեմիմպատգամաբերս, որ քեզի համար ճամբայ պատրաստէ։
3 Անապատին մէջ աղաղակողին ձայնը կ՚ըսէ.– Պատրաստեցէ՛ք Տիրոջ ճանապարհը, հարթեցէ՛ք անոր շաւիղները»։
4 Եւ ահա Յովհաննէս անապատին մէջ կը մկրտէր։ Անիկա կը քարոզէր ապաշխարել եւ մկրտուիլ՝ որպէսզի Աստուած մեղքերու թողութիւն տայ։
5 Իրեն կ՚երթային ամբողջ Հրէաստանի եւ Երուսաղէմի բնակիչներէն շատեր եւ իրենց մեղքերը խոստովանելով՝ կը մկրտուէին անկէ Յորդանան գետին մէջ։
6 Յովհաննէս ուղտի մազէ շինուած հագուստ մը հագած էր եւ մէջքին կապած կաշիէ գօտի մը։ Իր կերակուրը մարախ եւ վայրի մեղր էր։
7 Կը քարոզէր, ըսելով. Ան որ ինձմէ ետք պիտի գայ՝ ինձմէ աւելի հզօր է, որուն առջեւ ծռելով՝ կօշիկներուն կապերն անգամ քակելու արժանի չեմ։
8 Ես ձեզ ջուրով մկրտեցի, բայց անիկա ձեզ Սուրբ Հոգիով պիտի մկրտէ։
9 Այդ օրերուն Յիսուս Գպլիլեպյի Նազարէթ քաղաքէն եկաւ եւ Յովհաննէսի կողմէ մկրտուեցաւ Յորդանան գետին մէջ։
10 Նոյն պահուն, երբ Յիսուս ջուրէն դուրս կ՚ելլէր, տեսաւ երկինքը բացուած եւ Աստուծոյ Հոգին՝ որ աղաւնիի նման կ՚իջնէր իր վրայ։
11 Երկինքէն ձայն մը լսուեցաւ, որ կ՚ըսէր. Դո՛ւն ես իմ սիրելի Որդիս, որուն ես հաճեցայ։
12 Մկրտուելէն անմիջապէս ետք Հոգին տարաւ զինք անապատ,
13 ուր անիկա քառասուն օրեր մնաց՝ Սատանայէն փորձուելով։ Հոն գազաններուն հետ էր, եւ հրեշտակները իրեն կը սպասաւորէին։
14 Յովհաննէսի բանտարկութենէն ետք, Յիսուս Գալիլեա եկաւ։ Անիկա Աստուծոյ Աւետարանը կը քարոզէր,
15 ըսելով. Փրկութեան ժամանակը հասած է եւ եկած՝ Աստուծոյ արքայութիւնը. ապաշխարեցէք եւ հաւատացէ՛ք Աւետարանին։
16 Յիսուս երբ Գալիլեայի լիճին եզերքէն կ՚անցնէր, տեսաւ երկու ձկնորսներ՝ Սիմոնը եւ անոր եղբայրը՝ Անդրէասը, որոնք ուռկանը ջուրը նետած՝ ձուկ կ՚որսային։
17 Յիսուս ըսաւ անոնց. Հետեւեցէ՛ք ինծի, եւ ես ձեզ մարդու որսորդ պիտի ընեմ։
18 Անոնք անմիջապէս ձգեցին ուռկանները եւ հետեւեցան Յիսուսի։
19 Քիչ մը առաջ երթալով, Յիսուս տեսաւ Զեբեդէոսի որդիները՝ Յակոբոսը եւ եղբայրը՝ Յովհաննէսը, որոնք նաւակին մէջ էին եւ իրենց ուռկանները կարգի կը դնէին։
20 Իսկոյն զանոնք ալ կանչեց։ Անոնք իրենց հայրը՝ Զեբեդէոսը վարձականներուն հետ ձգեցին նաւակին մէջ եւ հետեւեցան Յիսուսի։
21 Մտան Կափառնաում։ Շաբաթ օրը, Յիսուս ժողովարան գնաց եւ սկսաւ ուսուցանել։
22 Բոլորն ալ կը զարմանային անոր ուսուցման կերպին վրայ, որովհետեւ հեղինակութեամբ կ՚ուսուցանէր եւ ո՛չ թէ Օրէնքի ուսուցիչներուն պէս։
23 Ժողովարանին մէջ մէկը կար, պիղծ ոգիէ բռնուած, որ աղաղակեց.
24 Յիսո՛ւս Նազովրեցի, ձգէ՛, ի՞նչ կ՚ուզես մեզմէ. մեզ ոչնչացնելո՞ւ եկար. գիտենք թէ ո՛վ ես. դուն Աստուծոյ Սուրբն ես։
25 Յիսուս սաստեց ոգին եւ ըսաւ. Լռէ՛ եւ դո՛ւրս ել մարդէն։
26 Պիղծ ոգին զգետնեց մարդը, բարձրաձայն աղաղակեց եւ դուրս ելաւ անկէ։
27 Բոլորն ալ ապշահար իրարու կ՚ըսէին. Այս ի՜նչ նոր ուսուցում է, որովհետեւ հեղինակութեամբ կը սաստէ պիղծ ոգիները եւ անոնք դուրս կ՚ելլեն։
28 Եւ շուտով Յիսուսի համբաւը տարածուեցաւ Գալիլեա նահանգին բոլոր կողմերը։
29 Ժողովարանէն ելլելէ անմիջապէս ետք Յիսուս Յակոբոսի եւ Յովհաննէսի հետ գնաց Սիմոնի եւ Անդրէասի տունը։
30 Սիմոնի զոքանչը տաքութիւն ունէր եւ այս մասին Յիսուսի ըսին։
31 Յիսուս մօտեցաւ անոր եւ ձեռքէն բռնելով՝ ոտքի հանեց։ Տաքութիւնը անցաւ եւ անիկա սկսաւ սպասարկել իրենց։
32 Երբ երեկոյ եղաւ, արեւնամուտին, Յիսուսի բերին բոլոր հիւանդներն ու դիւահարները:
33 Քաղաքին ամբողջ ժողովուրդը տան դրան առջեւ հաւաքուած էր։
34 Յիսուս բազմաթիւ հիւանդներ բժշկեց, որոնք զանազան ցաւերէ բռնուած էին եւ շատ մը չար ոգիներ հանեց։ Եւ չէր ձգեր որ ոգիները խօսին, որովհետեւ անոնք գիտէին թէ ինք Քրիստոսն է։
35 Յաջորդ առաւօտ կանուխ Յիսուս ելաւ ամայի վայր մը գնաց եւ հոն սկսաւ աղօթել։
36 Սիմոն եւ իրեն հետ եղողները ելան զինք փնտռելու։
37 Երբ գտան, ըսին անոր. Ամէն մարդ քեզ կը փնտռէ։
38 Յիսուս ըսաւ. Եկէք մօտակայ ուրիշ գիւղաքաղաքներ ալ երթանք, որպէսզի հոն եւս քարոզեմ, որովհետեւ ճիշդ ատոր համար Աստուած զիս ղրկեց։
39 Եւ Գալիլեայի բոլոր շրջաններու ժողովարաններուն մէջ կը քարոզէր եւ դեւեր դուրս կը հանէր։
40 Բորոտ մը եկաւ Յիսուսի մօտ եւ ծունկի իջած՝ կ՚աղաչէր, ըսելով. Տէ՛ր, եթէ ուզես՝ կրնաս զիս մաքրել։
41 Յիսուս գթաց եւ ձեռքը երկարելով դպաւ անոր եւ ըսաւ. Կ՚ուզեմ, մաքրուէ՛։
42 Հազիւ ասիկա ըսած, իսկոյն բորոտութիւնը գնաց անկէ եւ մաքրուեցաւ։
43 Յիսուս զայն անմիջապէս դուրս հանեց եւ խստիւ պատուիրեց, ըսելով.
44 Նայէ՛, ոեւէ մէկուն բան չըսես. այլ գնա՛, եւ դուն քեզ քահանային ցոյց տուր. ապա որպէս ժողովուրդին վկայութիւն՝ թէ բորոտութենէդ մաքրուած ես՝ զոհդ մատուցանէ, ինչպէս Մովսէս հրամայած է։
45 Բայց անիկա գնաց եւ սկսաւ ամէն տեղ պատմել ու տարածել պատահածը։ Այս պատճառով Յիսուս այլեւս չէր կրնար բացէ ի բաց քաղաք մը մտնել, այլ դուրսը ամայի տեղեր կը մնար։ Եւ ժողովուրդը ամէն կողմէ կու գար իրեն։