1Աստուծոյ նմանեցէք, որպէս իր սիրելի որդիները,
2եւ սիրով շարժեցէք, այնպէս՝ ինչպէս Քրիստոս մեզ սիրեց եւ մեզ փրկելու համար ինքզինքը Աստուծոյ ընծայեց որպէս անուշահոտ ընծայ եւ զոհ ։
3Պոռնկութեան, ոեւէ պղծութեան կամ ագահութեան խօսքն իսկ թող չըլլայ ձեր մէջ, որովհետեւ այդպէ՛ս կը վայելէ Աստուծոյ ժողովուրդին։
4Վայել չէ որ լկտի եւ ամբարիշտ խօսակցութիւններով կամ խեղկատակութեամբ զբաղիք. այլ՝ ձեր խօսակցութիւնը միշտ գոհաբանութիւն պէտք է ըլլայ։
5Մէկ բան վստահ գիտցէք, թէ ոեւէ մէկը որ պոռնկութիւն կ՚ընէ, պղծասէր է կամ ագահ – ինչ որ կռապաշտութիւն է – ժառանգութիւն պիտի չունենա՛յ Քրիստոսի եւ Աստուծոյ արքայութեան մէջ։
6Հետեւաբար, չըլլայ որ ոեւէ մէկը պարապ խօսքերով ձեզ խաբէ. որովհետեւ այս բաներուն համար Աստուած իր բարկութիւնը պիտի թափէ անհնազանդ մարդոց վրայ։
7Ասկէ ետք ոեւէ յարաբերութիւն մի՛ ունենաք այնպիսիներուն հետ,
8որովհետեւ թէպէտ ժամանակ մը խաւար էիք, սակայն հիմա որ Տիրոջ միացաք՝ լոյս էք։ Հետեւաբար լոյսի որդիներուն վայել ձեւով ապրեցէք.
9որովհետեւ լոյսին պտուղներն են՝ բարութիւնը, արդարութիւնը եւ ճշմարտութիւնը։
10Ջանացէք հասկնալ՝ թէ Աստուած ի՛նչ կ՚ուզէ ձեզմէ,
11եւ բնաւ մասնակից մի՛ ըլլաք խաւարին գործերուն, որոնք Աստուծոյ կամեցած պտուղները չեն տար։ Ընդհակառակը, ձաղկեցէ՛ք զանոնք,
12որովհետեւ մութին մէջ կը գործուին անոնց արարքները, որոնց մասին խօսիլն իսկ ամօթ է։
13Բայց բոլոր այդ ծածուկ արարքները Քրիստոսի լոյսով կը յայտնուին եւ կը յանդիմանուին,
14որովհետեւ լոյսը կը յայտնէ ամէն բան։ Ահա թէ ինչո՛ւ երգը կ՚ըսէ.– «Արթնցի՛ր, ո՜վ քնացած. դո՛ւրս եկուր մեռելութենէդ, եւ Քրիստոս պիտի լուսաւորէ քեզ»։
15Հետեւաբար ձեր ապրելակերպին ուշադրութիւն ըրէք։ Մի՛ ապրիք անմտօրէն, այլ՝ իմաստուններու պէս։
16Օգտագործեցէ՛ք ժամանակը, որովհետեւ այս օրերը չար են։
17Ուստի անմտութիւն մի՛ ընէք. հասկցէք թէ ի՛նչ կ՚ուզէ Տէրը ձեզմէ։
18Գերին մի՛ դառնաք գինիին, որ անառակութեան կը տանի. այլ մասնաւորաբար Սուրբ Հոգիով լեցուեցէք,
19իրարու հետ սաղմոսներով, օրհնութիւններով եւ հոգեւոր երգերով խօսեցէք, եւ ձեր սիրտերուն մէջ միշտ երգեցէք ու սաղմոս ըսէք Տիրոջ,
20ամէն բանի համար միշտ շնորհակալութիւն յայտնելով Հօր Աստուծոյ, մեր Տիրոջ Յիսուս Քրիստոսի անունով ։
21Քրիստոսի հանդէպ ձեր պատկառանքը արտայայտեցէք՝ իրարու հնազանդելով։
22Կինե՛ր, հնազանդեցէ՛ք ձեր ամուսիններուն, ինչպէս Տիրոջ պիտի հնազանդէիք.
23որովհետեւ ամուսին մը իր կնոջ գլուխն է, այնպէս՝ ինչպէս Քրիստոս գլուխն է եկեղեցիին, իր մարմինին, որուն Փրկիչն է ինք։
24Հետեւաբար, ինչպէս եկեղեցին Քրիստոսի կը հնազանդի, այնպէս ալ կիները ամէն բանի մէջ իրենց ամուսիններուն թող հնազանդին։
25Այրե՛ր, սիրեցէ՛ք ձեր կիները այնպէս՝ ինչպէս Քրիստոս սիրեց եկեղեցին եւ իր կեանքը տուաւ անոր համար,
26որպէսզի ջուրի լուացումով զայն մաքրէ եւ իր խօսքով սրբէ,
27այնպէս մը՝ որ եկեղեցին իրեն ներկայանայ ամբողջական փառքով, առանց ոեւէ արատի կամ խորշոմի կամ ուրիշ թերութեան, այլ՝ ըլլայ սուրբ եւ անարատ։
28Ճիշդ նոյն ձեւով, ամուսիններ պարտին իրենց կիները սիրել որպէս իրենց մարմինը. որովհետեւ իր կինը սիրողը իր սեփական մարմինը սիրած կ՚ըլլայ,
29եւ չկայ մէկը որ իր մարմինը անտեսէ. ամէն մարդ ալ կը սնուցանէ եւ կը խնամէ իր մարմինը, ինչպէս Քրիստոս կը սնուցանէ եւ կը խնամէ եկեղեցին՝ իր մարմինը,
30որուն անդամներն ենք բոլորս, անոր մարմինէն ու ոսկորներէն։
31Սուրբ գիրքին մէջ գրուած է. «Ահա այս պատճառով այրը պիտի թողու իր հայրն ու մայրը եւ իր կնոջ միանայ, եւ երկուքը մէկ մարմին պիտի ըլլան»։
32Աստուծոյ ծրագրին կապուած կարեւոր ճշմարտութիւն մըն է ասիկա, որ ըստ իս՝ Քրիստոսի եւ եկեղեցիին կը վերաբերի։
33Բայց նոյնը կը վերաբերի նաեւ ձեզմէ իւրաքանչիւրին, որովհետեւ իւրաքանչիւր այր պէտք է իր կինը սիրէ իր անձին պէս, եւ ամէն կին պէտք է յարգէ իր ամուսինը։