Bible

Upgrade

Your Church Presentations in Minutes

Try RisenMedia.io Today!

Click Here

Colossians 1

:
Armenian - 2019
1 Ես, Պօղոս, Աստուծոյ կամքով Յիսուս Քրիստոսի առաքեալը, եւ Տիմոթէոս՝ մեր եղբայրը,
2 կը գրենք ձեզի՝ Կողոսա գտնուող ընտրեալներուդ, Քրիստոսի միացած հաւատացեալ եղբայրներուդ։ Թող Աստուած մեր Հայրը եւ Տէր Յիսուս Քրիստոս շնորհք եւ խաղաղութիւն պարգեւեն ձեզի։
3 Միշտ կ՚աղօթենք ձեզի համար եւ շնորհակալութիւն կը յայտնենք Աստուծոյ, մեր Տիրոջ՝ Յիսուս Քրիստոսի Հօրը,
4 որովհետեւ լսեցինք Քրիստոս Յիսուսի հանդէպ ձեր հաւատքին եւ Աստուծոյ բոլոր ընտրեալներուն հանդէպ ձեր սիրոյն մասին։
5 Այդ հաւատքն ու սէրը կը ցուցաբերէք՝ յաւիտենական կեանքին յոյսով, որ ձեզի վերապահուած է երկինքի մէջ։ Այս մասին լսեցինք սկիզբէն իսկ, Աւետարանի ճշմարիտ պատգամին ընդմէջէն,
6 որ ձեզի եւս հասաւ, ինչպէս ամբողջ աշխարհի մէջ կը տարածուի եւ իր արդիւնքները կու տայ, այնպէս՝ ինչպէս իր արդիւնքը տուաւ ձեր մէջ ալ, այն օրէն սկսեալ՝ երբ լսեցիք եւ ճշմարտապէս ճանչցաք Աստուծոյ շնորհքը։
7 Ատիկա ձեզի սորվեցնողը Եպաֆրասը եղաւ, մեր սիրելի ծառայակիցը, որ հաւատարմօրէն Յիսուսի կը ծառայէ՝ ձեզի համար։
8 Ինքն էր որ մեզի պատմեց ձեր սիրոյն մասին, որ Սուրբ Հոգիին պարգեւն է ձեզի։
9 Ահա թէ ինչու՝ մենք, այն օրէն որ լսեցինք, անդադար կ՚աղօթենք ձեզի համար եւ Աստուծմէ կը խնդրենք որ իր կամքին կատարեալ գիտութիւնը տայ ձեզի, եւ լեցուիք ամբողջական իմաստութեամբ եւ հոգեւոր իմացականութեամբ,
10 որպէսզի ապրիք Տիրոջ վայել ձեւով, ամբողջութեամբ իր կամքին համաձայն, ամէն տեսակի բարի գործերով պտղաբեր դառնաք եւ Աստուծոյ գիտութեամբը աճիք։
11 Այդպիսով՝ դուք աւելի զօրացած կ՚ըլլաք անոր աստուածային փառքին բովանդակ զօրութեամբ, որ ձեզ կարող կը դարձնէ մեծ համբերատարութեամբ եւ ուրախութեամբ տանելու ամէն նեղութիւն։
12 Շնորհակալութիւն յայտնեցէք Հօր Աստուծոյ, որ մեզ արժանի ըրաւ լոյսի թագաւորութեան մէջ բնակող իր ընտրեալներուն վիճակին մասնակից դառնալու։
13 Մեզ խաւարի իշխանութենէն ազատեց եւ բերաւ իր սիրելի Որդիին իշխանութեան տակ։
14 Եւ Որդին մեզ փրկեց, իր զոհագործական մահուամբը թողութիւն տալով մեր մեղքերուն։
15 Քրիստոս ինք՝ տեսանելի պատկերն է աներեւոյթ Աստուծոյ. Հօրը Որդին, ծնած համայն ստեղծուածներէն առաջ։
16 Որովհետեւ Աստուած անով ստեղծեց ամէն բան, երկինքի մէջ թէ երկրի վրայ, երեւելի թէ աներեւոյթ. որոնց կարգին են՝ ոգեղէն աշխարհի գահակալներն ու տէրութիւնները, պետութիւններն ու իշխանութիւնները։ Անոր ձեռքով եւ անոր համար ստեղծուեցաւ ամէն բան։
17 Գոյութիւնն իր՝ ամէն բանէ առաջ է, եւ ամէն բան իրմով է որ գոյացաւ։
18 Ան է Գլուխը մարմնին, այսինքն՝ եկեղեցիին ։ Ան է սկիզբը, որ անդրանիկ ծնունդն եղաւ՝ մեռելներէն, որպէսզի ինք առաջնութիւնն ունենայ ամէն, ամէ՛ն բանի մէջ։
19 Որովհետեւ Հայրը ուզեց, որ Քրիստոս իր մէջ ունենայ աստուածային բնութեան լիութիւնը։
20 Անոր ձեռքով ուզեց իր հետ հաշտեցնել ամէն բան, երկինքի մէջ թէ երկրի վրայ, խաղաղութիւն հաստատելով խաչի վրայ մահուամբն անոր։
21 Դուք ալ ժամանակին Աստուծմէ օտարացած էիք եւ թշնամացած իրեն՝ ձեր մտածելակերպով ու չար գործերով։
22 Բայց այժմ Քրիստոս իր մարդեղութեամբն ու մահուամբը ձեզ հաշտեցուց Աստուծոյ հետ, որպէսզի դուք անոր ներկայանաք մաքուր, անբիծ եւ անարատ։
23 Ուստի յարատեւեցէ՛ք ձեր հաւատքին մէջ, զայն ամուր հիմերու վրայ հաստատելով, անխախտ պահելով այն յոյսը՝ որ ունեցաք Աւետարանի քարոզութիւնը լսելով։ Ես՝Պօղոսս, ինքս ալ ծառայ մըն եմ այդ Աւետարանին, որ երկինքի տակ գտնուող բոլոր արարածներուն կը քարոզուի։
24 Եւ հիմա, ուրախ եմ չարչարանքներուս մէջ, որ ձեր սիրոյն կը կրեմ, որովհետեւ Քրիստոսի կրած նեղութիւններուն պակասը իմ մարմինիս մէջ կ՚ամբողջացնեմ՝ անոր մարմինին համար, որ եկեղեցին է։
25 Եւ ես եկեղեցիին ծառայ եղայ՝ իբրեւ Աստուծոյ կողմէ տրուած պարտականութիւն, որպէսզի իր ամբողջութեանը մէջ ձեզի քարոզեմ Աստուծոյ խօսքը,
26 փրկութեան այն ծրագիրը՝ որ Աստուած անցեալ բոլոր դարերուն մարդկութեան բոլոր սերունդներէն ծածուկ պահած էր, եւ որ հիմա յայտնեց իր ընտրեալներուն։
27 Աստուած ուզեց անոնց ցոյց տալ՝ թէ ի՜նչ հարուստ ու փառաւոր է իր ծրագիրը, որ կը վերաբերի բոլոր ազգերուն. եւ այդ ծրագիրն է՝ Քրիստոսը ճանչցնել ձեզի, գալիք փառքին յոյսով։
28 Ուստի մենք Քրիստոսը կը քարոզենք, հոգեւոր իմաստութեան բոլոր միջոցներով խրատելով բոլոր մարդիկը եւ ուսուցանելով բոլոր մարդոց, որպէսզի բոլորն ալ Աստուծոյ դիմաց կանգնեցնենք՝ Յիսուս Քրիստոսի միացած եւ հոգեւորապէս կատարեալ։
29 Ատոր համար է որ կ՚աշխատիմ ու կը պայքարիմ, այն ոյժովը՝ որ իմ մէջս կը գործէ զօրեղապէս։