Bible

Say Goodbye

To Clunky Software & Sunday Tech Stress!

Try RisenMedia.io Today!

Click Here

Acts 25

:
Armenian - 2019
1 Կուսակալութեան իր շրջանը հասնելէն երեք օր ետք, Ֆեստոս Կեսարիայէն Երուսաղէմ գնաց։
2 Աւագ քահանաներն ու Հրեայ մեծամեծները Պօղոսի դէմ իրենց ամբաստանութիւնները ներկայացուցին անոր,
3 եւ իբրեւ շնորհք՝ խնդրեցին իրմէ, որ Պօղոսը Երուսաղէմ ղրկէ, միւս կողմէ դարան լարելով՝ որ զայն ճամբու վրայ սպաննեն։
4 Բայց Ֆեստոս պատասխանեց՝ թէ Պօղոսը Կեսարիա պիտի պահուի, եւ թէ արդէն ինք ալ անմիջապէս հոն պիտի դառնայ։
5 Ուստի,– ըսաւ,– ձեզմէ անոնք որ կրնան՝ թող ինծի հետ Կեսարիա գան, եւ եթէ այդ մարդը յանցանք մը ունի՝ հոն թող ամբաստանեն զայն։
6 Եւ հազիւ ութը կամ տասը օր հոն կեցած՝ դարձեալ իջաւ Կեսարիա։ Յաջորդ օր, Ֆեստոս ատեան նստելով՝ հրամայեց որ Պօղոսը բերեն։
7 Երբ Պօղոս հասաւ, Երուսաղէմէն եկած Հրեաները անոր շուրջը կեցան եւ զայն կ՚ամբաստանէին բազմաթիւ ծանր յանցանքներով, որոնք սակայն չէին յաջողեր ապացուցանել։
8 Որովհետեւ Պօղոս կը պատասխանէր, ըսելով. –Ես ո՛չ հրէական Օրէնքին, ո՛չ տաճարին եւ ո՛չ ալ կայսրին դէմ յանցանք մը գործած եմ։
9 Իսկ Ֆեստոս ուզելով Հրեաներուն շնորհք մը ընել՝ Պօղոսի առաջարկեց, ըսելով. –Կ՚ուզե՞ս Երուսաղէմ երթալ եւ այդ հարցերուն համար իմ ներկայութեանս հոն դատուիլ։
10 Պօղոս պատասխանեց. –Կայսրին ատեանը կանգնած եմ եւ պէտք է այստեղ դատուիմ։ Հրեաներուն դէմ յանցանք մը չեմ գործած, ինչպէս դուն լաւ գիտես։
11 Հետեւաբար, եթէ յանցաւոր եմ եւ մահուան արժանի բան մը գործած եմ՝ մեռնելէ չեմ վախնար։ Բայց եթէ անհիմն են իմ մասիս իրենց կատարած ամբաստանութիւնները, ոեւէ մէկը չի կրնար զիս ասոնց յանձնել։ Կայսրին կը բողոքեմ։
12 Այն ատեն Ֆեստոս իր խորհրդականին կարծիքը առնելէ ետք՝ ըսաւ. –Կայսրին բողոքեցիր, ուրեմն կայսրին պէտք է երթաս։
13 Ժամանակմըետք, Հրեաներու Ագրիպպաս թագաւորը եւ քոյրը՝ Բերնիկէ, Կեսարիա հասան՝ Ֆեստոսի բարի գալուստ մաղթելու։
14 Մինչ երկար ժամանակով հոն կը մնային, առիթով մը Ֆեստոս Պօղոսի մասին խօսեցաւ թագաւորին, ըսելով. –Ֆելիքսի օրերէն մնացած բանտարկեալ մը կայ այստեղ։
15 Երբ Երուսաղէմ կը գտնուէի, Հրեաներու աւագ քահանաներն ու երէցները ամբաստանութիւն ըրին իրեն դէմ, խնդրելով որ մահուան դատապարտուի։
16 Իրենց պատասխանեցի, որ Հռոմայեցիներ սովորութիւն չունին մէկը մահուան դատապարտելու՝ մինչեւ ամբաստանեալը իր դիմացը չունենայ ամբաստանողները եւ իրեն պատեհութիւն չտրուի՝ ամբաստանութեան դէմ ինքզինք պաշտպանելու։
17 Ուստի երբ հետս հոս հասան՝ առանց ժամանակ կորսնցնելու, յաջորդ օրն իսկ ատեան նստայ եւ հրամայեցի որ Պօղոսը բերեն։
18 Ամբաստանողները եկան, բայց իմ մտքէս անցած ծանր ամբաստանութիւններէն ոեւէ մէկը չըրին անոր մասին.
19 այլ՝ անոր դէմ իրենց խնդիրները իրենց կրօնքին կը վերաբերէին, ինչպէս նաեւ Յիսուս անունով մեռած մարդու մը, որուն համար Պօղոս կ՚ըսէր՝ թէ ողջ է։
20 Երբ տեսայ որ այդ խնդիրներուն քննութիւնը իմ գործս չէ, հարցուցի՝ թէ կ՚ուզէ՞ Երուսաղէմ երթալ եւ հոն դատուիլ այդ բաներուն համար։
21 Բայց երբ Պօղոս բողոքելով՝ օգոստափառ կայսրին վճիռին դիմելու կոչ ուղղեց, հրամայեցի որ զայն պահեն՝ մինչեւ որ զինք կայսրին ղրկեմ։
22 Ագրիպպաս ըսաւ Ֆեստոսի. –Ես ալ պիտի ուզէի այդ մարդը լսել։ –Վաղն իսկ կը լսես զինք,– պատասխանեց Ֆեստոս։
23 Յաջորդ օր, երբ Ագրիպպաս ու Բերնիկէ մեծ շուքով եկան եւ հազարապետներուն ու քաղաքին երեւելիներուն հետ մտան ունկնդրութեանց սրահը, Ֆեստոսի հրամանով Պօղոսը բերին։
24 Ֆեստոս ըսաւ. –Ագրիպպաս արքայ եւ դուք՝ մեզի հետ ներկայ մարդիկ. կը տեսնէք այս մարդը, որուն համար Հրեաներ մեծ բազմութեամբ ինծի դիմեցին, թէ՛ Երուսաղէմի մէջ եւ թէ՛ այստեղ, աղաղակելով՝ թէ այս մարդը պէտք չէ այլեւս ողջ մնայ։
25 Ես հասկցայ, որ մահուան արժանի բան մը չէ ըրած։ Բայց երբ ինքը օգոստափառ կայսրին վճիռին դիմելու կոչ ուղղեց՝ որոշեցի ղրկել։
26 Միայն թէ տակաւին յստակ չեմ գիտեր այս մասին ի՛նչ գրեմ օգոստափառ տիրոջս։ Ահա թէ ինչու՝ զայն բերի ձեր առջեւ, եւ յատկապէս քու առջեւդ, Ագրիպպաս արքայ, որպէսզի վերստին հարցաքննելով՝ գրելիք մը ունենամ։
27 Որովհետեւ ինծի անպատեհ կը թուի բանտարկեալ մը ղրկել՝ առանց իր մասին յանցանք մը նշելու։