Acts 2
1 Երբ Պենտէկոստէի օրըհասաւ, բոլոր հաւատացեալները միասնաբար մէկտեղուած էին։
2 Յանկարծ սաստիկ հովի մը սուլոցին պէս ձայն մը հնչեց երկինքէն եւ լեցուց ամբողջ տունը, ուր անոնք նստած էին։
3 Յետոյ անոնք տեսան հրեղէն լեզուներ, որոնք տարածուեցան եւ հանգչեցան իւրաքանչիւրին վրայ։
4 Բոլոր ներկաները Սուրբ Հոգիով լեցուեցան եւ սկսան տարբեր լեզուներովխօսիլ, ինչպէս որ Հոգին խօսիլ կու տար։
5 Այն օրը Երուսաղէմ քաղաքը լեցուն էր բարեպաշտ Հրեաներով, որոնք աշխարհի բոլոր երկիրներէն եկած էին։
6 Երբ այս ձայնը լսուեցաւ, մեծ բազմութիւն մը եկաւ խռնուեցաւ եւ բոլորը անակնկալի եկան, որովհետեւ կը լսէին թէ ի՛նչպէս անոնցմէ իւրաքանչիւրը իրենց սեփական լեզուով կը խօսի։
7 Ամէնքն ալ սքանչացումով եւ զարմանքով կ՚ըսէին իրարու. – Այս խօսողները բոլորն ալ Գալիլեացիներ չե՞ն միթէ.
8 ի՞նչպէս կ՚ըլլայ որ մեր ծննդավայր երկիրներու լեզուներով կը խօսին, ինչպէս ահաւասիկ կը լսենք։
9 Չէ՞ որ ահա մեր մէջ կան՝ Պարթեւներ, Մարեր, Ելամացիներ, Միջագետացիներ, Հրէաստանցիներ, Կապադովկիացիներ, Պոնտացիներ, Ասիացիներ,
10 Փռիգիացիներ եւ Պամփիլիացիներ, Եգիպտացիներ, Կիրենիայի շրջանէն Լիպիացիներ,
11 Հռոմէն եկած Հրեաներ եւ հրէութեան դարձած նորահաւատներ, Կրետացիներ եւ Արաբիացիներ։ Եւ ահա բոլորս ալ մեր խօսած լեզուներով իրենցմէ կը լսենք Աստուծոյ մեծամեծ գործերուն մասին։
12 Ապշահար, եւ շփոթի մատնուած՝ կը հարցնէին իրարու. –Ի՞նչպէս կարելի է բացատրել ասիկա։
13 Իսկ ոմանք ծաղրանքով կ՚ըսէին. –Նոր գինիով գինովցած են։
14 Այն ատեն Պետրոս տասնըմէկ առաքեալներուն հետ ոտքի ելաւ եւ բարձրաձայն սկսաւ անոնց խօսիլ. –Ո՜վ Հրէաստանցիներ եւ դուք բոլորդ որ հիմա Երուսաղէմ կը գտնուիք. իրականութիւնը գիտնալու համար՝ լսեցէք ինչ որ պիտի ըսեմ։
15 Դուք կը կարծէք թէ ասոնք գինով են. բայց այդպէս չէ, որովհետեւ առտուան ժամը ինն է դեռ։
16 Մինչդեռ ասիկա կատարումն է Յովէլի մարգարէութեան, որ կ՚ըսէ.–
17 «Այնուհետեւ երբ վերջին օրերը գան,– կ՚ըսէ Աստուած,– իմ Հոգիս պիտի թափեմ բոլոր մարդոց վրայ. ձեր տղաքն ու աղջիկները իմ պատգամներս պիտի փոխանցեն ձեզի, ձեր երիտասարդները տեսիլքներ պիտի ունենան եւ ձեր ծերերը երազներ պիտի տեսնեն։
18 Այն օրերուն իմ Հոգիս պիտի թափեմ նաեւ իմ ծառաներուս եւ աղախիններուս վրայ, եւ անոնք եւս իմ պատգամներս պիտի փոխանցեն ձեզի։
19 Երկինքի բարձունքին վրայ հրաշքներ պիտի ցոյց տամ, եւ նշաններ՝ վարը երկրի վրայ. աշխարհ արիւնով, կրակով եւ թանձր ծուխով պիտի լեցուի
20 արեւը պիտի խաւարի, եւ լուսինը արիւնի գոյն պիտի առնէ, նախքան Տիրոջ մեծ եւ փառահեղ օրուան գալը։
21 Այն ատեն ով որ Տէրը օգնութեան կանչէ՝ պիտի փրկուի»։
22 Ո՜վ Իսրայէլացիներ, մտի՛կ ըրէք ինչ որ կ՚ըսեմ։ Աստուած ինք ձեզի ցոյց տուաւ, թէ իր ընտրեալը Նազովրեցի Յիսուսն էր, որուն ձեռքով Աստուած ձեր մէջ կատարեց իր սքանչելի գործերը, հրաշքները եւ նշանները, ինչպէս դուք ալ գիտէք։
23 Անիկա Աստուծոյ սահմանած ծրագրին եւ կանխագիտութեան համաձայն ձեր ձեռքը յանձնուեցաւ, եւ դուք անօրէններու ձեռքով զայն խաչի վրայ գամելով՝ սպաննեցիք։
24 Սակայն Աստուած զայն յարուցանեց, մահուան կապանքները փշրելով, որով ցոյց տուաւ՝ թէ մահը չէր կրնար իշխել անոր վրայ։
25 Արդ, Դաւիթ նոյնինքն Յիսուսի մասին է, որ կ՚ըսէ.– «Սկիզբէն իսկ միշտ կը տեսնէի Տէրը՝ դիմացս կանգնած, անիկա իմ կողքիս է, որպէսզի չսասանիմ։
26 Ահա թէ ինչու՝ սիրտս ուրախ է, լեզուս ցնծութեամբ կ՚արտայայտուի, եւ մարմինս կեանքի յոյսով պիտի հանգչի,
27 որովհետեւ գիտեմ թէ իմ անձս մեռելներու աշխարհին մէջ պիտիչձգես, եւ պիտի չթողուս որ քու սուրբիդ մարմինը փտութիւն տեսնէ։
28 Կեանքի ճամբան ցոյց տուիր ինծի եւ զիս քու քաղցր ներկայութեանդ ուրախութեամբը պիտի լեցնես»։
29 Եղբայրնե՛ր, Դաւիթ նահապետին համար վստահօրէն կրնանք ըսել՝ թէ մեռաւ եւ թաղուեցաւ, եւ իր գերեզմանը մինչեւ այսօր ալ հոս է տակաւին։
30 Բայց մարգարէ ըլլալով՝ գիտէր, թէ Աստուած երդումով իրեն խոստացաւ՝ որ իր շառաւիղէն պիտի ծնի Քրիստոսը եւ Աստուած զայն թագաւոր պիտի ընէ իր աթոռին վրայ։
31 Ուստի կանխագիտութեամբ խօսեցաւ Քրիստոսի յարութեան մասին, ըսելով՝ թէ «Անոր անձը մեռելներու աշխարհին մէջ չմնաց, եւ անոր մարմինը փտութիւն չտեսաւ»։
32 Նոյն այս Յիսուսն էր որ Աստուած յարուցանեց, եւ մենք բոլորս ատոր վկայ ենք։
33 Աստուած իր աջով զայն իր մօտ բարձրացուց, եւ Յիսուս իր Հօրմէն առնելով Սուրբ Հոգին, որ ան տալ խոստացեր էր, զայն մեր վրայ սփռեց, ինչ որ ահա դուք անձամբ կը տեսնէք ու կը լսէք։
34 Որովհետեւ Դաւիթ երկինք չելաւ, բայց ինքն էր ըսողը.– «Տէրը իմ Տիրոջս ըսաւ.– Աջ կողմս նստէ,
35 մինչեւ թշնամիներդ ոտքերուդ տակ դնեմ որպէս պատուանդան»։
36 Հետեւաբար վստահ եղէք բոլորդ, ո՜վ Իսրայէլացիներ, Աստուած Տէր եւ Օծեալ կարգեց այն Յիսուսը, որ դուք խաչեցիք։
37 Այս խօսքերը լսելով, ներկաները խորապէս ցնցուեցան եւ հարցուցին Պետրոսի եւ միւս առաքեալներուն. –Ի՞նչ պէտք է ընենք, ո՛վ եղբայրներ։
38 Պետրոս պատասխանեց. –Ձեր ընթացքը փոխեցէք եւ իւրաքանչիւրդ մկրտուեցէք Տէր Յիսուս Քրիստոսի անունով, որպէսզի ձեր մեղքերը ներուին։ Եւ երբ մկրտուիք, խոստացուած պարգեւը՝ Սուրբ Հոգին պիտի ընդունիք։
39 Որովհետեւ Աստուած իր խոստումը ըրաւ թէ՛ ձեզի ու ձեր զաւակներուն եւ թէ՛ բոլոր անոնց՝ որոնք իրմէ հեռու են. մեր Տէր Աստուածը զանոնք իրեն պիտի կանչէ։
40 Եւ Պետրոս խօսքը շարունակելով՝ բազմաթիւ վկայութիւններ կը բերէր եւ զանոնք կը յորդորէր, ըսելով. –Դուք ձեզ փրկեցէք ներկայ մոլորած սերունդին վրայ գալիք դատապարտութենէն։
41 Ոմանք Պետրոսի ըսածներուն համոզուեցան եւ մկրտուեցան։ Այդ օր հաւատացեալներուն թիւը շուրջ երեք հազար հոգիով աւելցաւ։
42 Յարատեւ կերպով անոնք Քրիստոսի վարդապետութիւնը կը սորվէին առաքեալներէն եւ կը մասնակցէին հաւաքական ճաշերուն, հաց բեկանելու արարողութեան եւ աղօթքներուն։
43 Երուսաղէմի մէջ ամէն մարդ վախով լեցուած էր, որովհետեւ առաքեալներուն ձեռքով բազմաթիւ հրաշքներ ու նշաններ կը կատարուէին։
44 Իսկ հաւատացեալները բոլորը միասին էին միշտ, եւ ինչ որ ունէին՝ իրենց միջեւ հասարակաց էր։
45 Կալուածներն ու ինչքերը կը ծախէին եւ եկամուտը կը բաշխէին բոլորին, նայած թէ ո՛վ ինչ բանի պէտք ունէր։
46 Կանոնաւոր կերպով ամէն օր միասնաբար տաճար կ՚երթային, իսկ իրենց տուներէն ներս կը կատարէին հացի բեկումը, որմէ ետք ուրախութեամբ ու մաքուր սրտով իրենց կերակուրը կ՚ուտէին
47 եւ զԱստուած կ՚օրհնէին։ Իրենց այս կենցաղով անոնք ամբողջ ժողովուրդին համակրանքը շահած էին։ Իսկ Տէրը օրէ օր եկեղեցիին մէջ փրկուածներուն թիւը կ՚աւելցնէր։