1Ես՝ Երէցս, քեզի՛ կը գրեմ, սիրելի՛ Գայիոս, զոր ճշմարտապէս կը սիրեմ։
2Սիրելի՛ս, կ՚աղօթեմ որ բոլոր գործերուդ մէջ յաջողութիւն ունենաս եւ առողջ ըլլաս մարմինով, ինչպէս որ առողջ ես հոգիով։
3Չափազանց ուրախ եղայ, երբ մեր եղբայրները եկան եւ վկայեցին՝ թէ ի՛նչպէս ճշմարիտ հաւատքին վայել կեանք մը կ՚ապրիս, ինչպէս գիտէի որ կ՚ապրիս։
4Ինծի համար չկայ աւելի մեծ ուրախութիւն, քան լսել՝ թէ իմ որդեակներս ճշմարիտ հաւատքին համաձայն կ՚ապրին։
5Սիրելի՛ս, դուն հաւատքիդ համաձայն է որ կ՚ընես՝ ինչ որ կ՚ընես հաւատացեալ եղբայրներուն, նոյնիսկ՝ անծանօթ եղողներուն։
6Եւ անոնք են որ եկեղեցիին առջեւ վկայեցին քու ցուցաբերած սիրոյդ մասին։ Խնդրեմ, տո՛ւր իրենց պէտք եղածը եւ այնպէս զիրենք ճամբու դիր, ինչպէս կը վայելէ Աստուծոյ գործին մէջ եղողներուն։
7Որովհետեւ Քրիստոսի անունը տարածելու ելան, առանց հեթանոսներէն ոեւէ օգնութիւն ակնկալելու։
8Հետեւաբար, մեր պարտականութիւնն է այնպիսիները ընդունիլ, որպէսզի ճշմարտութեան համար տարած իրենց աշխատանքին գործակից եղած ըլլանք։
9Այս մասին ձեր եկեղեցիին նամակ մը գրած էի. բայց Դիոտրեֆէսը, որ միակ ղեկավարը կ՚ուզէ ըլլալ՝ մերժեց մեզմէ ոեւէ հրահանգ ստանալ։
10Ատոր համար ալ, երբ որ գամ՝ պիտի յիշեցնեմ իր ըրածները, մեր հասցէին ըրած չարամիտ զրպարտութիւնները։ Եւ դեռ ատով ալ չբաւարարուելով, ո՛չ միայն ինք չ՚ընդունիր մեր կողմէ ղրկուած եղբայրները, այլ՝ ընդունողներուն եւս արգելք կ՚ըլլայ, եւ մինչեւ իսկ զանոնք եկեղեցիէն կ՚արտաքսէ։
11Սիրելի՛ս, չարը թող օրինակ չըլլա՛յ քեզի, այլ՝ բարիէն օրինակ առ. որովհետեւ բարին գործողը Աստուծմէ ծնած է, մինչդեռ չար գործողը երբեք զԱստուած տեսած չէ։
12Գալով Դեմետրիոսին, ամէնքն ալ լաւ վկայութիւն կու տան իր մասին, թէ՛ եկեղեցին եւ թէ՛ ճշմարտութիւնը ինք։ Մենք ալ կը վկայենք իր մասին, եւ գիտես թէ մեր վկայութիւնը ճշմարիտ է։
13Շատ բան ունիմ քեզի ըսելիք, բայց չեմ ուզեր թուղթին ու մելանին յանձնել։
14Յոյս ունիմ որ շուտով կու գամ, կը տեսնեմ քեզ եւ դէմ առ դէմ կը խօսինք։
15Խաղաղութի՜ւն քեզի։ Այստեղի բարեկամներդ քեզի բարեւ ունին։ Դուն ալ բարեւ ըրէ մեր բարեկամներուն, իւրաքանչիւրին առանձին։