Bible

Focus

On Your Ministry and Not Your Media

Try RisenMedia.io Today!

Click Here

3 John 1

:
Armenian - 2019
1 Ես՝ Երէցս, քեզի՛ կը գրեմ, սիրելի՛ Գայիոս, զոր ճշմարտապէս կը սիրեմ։
2 Սիրելի՛ս, կ՚աղօթեմ որ բոլոր գործերուդ մէջ յաջողութիւն ունենաս եւ առողջ ըլլաս մարմինով, ինչպէս որ առողջ ես հոգիով։
3 Չափազանց ուրախ եղայ, երբ մեր եղբայրները եկան եւ վկայեցին՝ թէ ի՛նչպէս ճշմարիտ հաւատքին վայել կեանք մը կ՚ապրիս, ինչպէս գիտէի որ կ՚ապրիս։
4 Ինծի համար չկայ աւելի մեծ ուրախութիւն, քան լսել՝ թէ իմ որդեակներս ճշմարիտ հաւատքին համաձայն կ՚ապրին։
5 Սիրելի՛ս, դուն հաւատքիդ համաձայն է որ կ՚ընես՝ ինչ որ կ՚ընես հաւատացեալ եղբայրներուն, նոյնիսկ՝ անծանօթ եղողներուն։
6 Եւ անոնք են որ եկեղեցիին առջեւ վկայեցին քու ցուցաբերած սիրոյդ մասին։ Խնդրեմ, տո՛ւր իրենց պէտք եղածը եւ այնպէս զիրենք ճամբու դիր, ինչպէս կը վայելէ Աստուծոյ գործին մէջ եղողներուն։
7 Որովհետեւ Քրիստոսի անունը տարածելու ելան, առանց հեթանոսներէն ոեւէ օգնութիւն ակնկալելու։
8 Հետեւաբար, մեր պարտականութիւնն է այնպիսիները ընդունիլ, որպէսզի ճշմարտութեան համար տարած իրենց աշխատանքին գործակից եղած ըլլանք։
9 Այս մասին ձեր եկեղեցիին նամակ մը գրած էի. բայց Դիոտրեֆէսը, որ միակ ղեկավարը կ՚ուզէ ըլլալ՝ մերժեց մեզմէ ոեւէ հրահանգ ստանալ։
10 Ատոր համար ալ, երբ որ գամ՝ պիտի յիշեցնեմ իր ըրածները, մեր հասցէին ըրած չարամիտ զրպարտութիւնները։ Եւ դեռ ատով ալ չբաւարարուելով, ո՛չ միայն ինք չ՚ընդունիր մեր կողմէ ղրկուած եղբայրները, այլ՝ ընդունողներուն եւս արգելք կ՚ըլլայ, եւ մինչեւ իսկ զանոնք եկեղեցիէն կ՚արտաքսէ։
11 Սիրելի՛ս, չարը թող օրինակ չըլլա՛յ քեզի, այլ՝ բարիէն օրինակ առ. որովհետեւ բարին գործողը Աստուծմէ ծնած է, մինչդեռ չար գործողը երբեք զԱստուած տեսած չէ։
12 Գալով Դեմետրիոսին, ամէնքն ալ լաւ վկայութիւն կու տան իր մասին, թէ՛ եկեղեցին եւ թէ՛ ճշմարտութիւնը ինք։ Մենք ալ կը վկայենք իր մասին, եւ գիտես թէ մեր վկայութիւնը ճշմարիտ է։
13 Շատ բան ունիմ քեզի ըսելիք, բայց չեմ ուզեր թուղթին ու մելանին յանձնել։
14 Յոյս ունիմ որ շուտով կու գամ, կը տեսնեմ քեզ եւ դէմ առ դէմ կը խօսինք։
15 Խաղաղութի՜ւն քեզի։ Այստեղի բարեկամներդ քեզի բարեւ ունին։ Դուն ալ բարեւ ըրէ մեր բարեկամներուն, իւրաքանչիւրին առանձին։