Bible

Focus

On Your Ministry and Not Your Media

Try RisenMedia.io Today!

Click Here

2 Timothy 3

:
Armenian - 2019
1 Սա՛ եւս գիտցիր, թէ վերջին օրերունդժուար ժամանակներ պիտի գան,
2 որովհետեւ մարդիկ պիտի դառնան անձնասէր, դրամապաշտ, ամբարտաւան, հպարտ, հայհոյիչ, ծնողներուն անհնազանդ, ապերախտ, սրբութիւնները ոտնակոխող,
3 տմարդի, անգութ, չարախօս, անհանդուրժող, դաժան, բարիին թշնամի,
4 մատնիչ, անպատկառ, գոռոզ, եւ աւելի հեշտանքը սիրող՝ քան զԱստուած։
5 Երեւութապէս աստուածապաշտ են անոնք, բայց խորքին մէջ չեն հաւատար աստուածպաշտութեան զօրութեան։ Զգուշացի՛ր անոնցմէ։
6 Անոնց մէջ կան նաեւ այնպիսիներ, որոնք տունէ տուն կը մտնեն եւ իրենցմով կը հրապուրեն մեղքերով ծանրաբեռնուած եւ զանազան ցանկութիւններէ բռնուած թեթեւաբարոյ կիները,
7 որոնք միշտ կ՚ուզեն գիտնալ, բայց երբեք ճշմարիտ գիտութեան չեն հասնիր։
8 Այնպէս ինչպէս Եանէս եւ Եամբրէս մոգերը Մովսէսի հակառակեցան, միտքով ապականած եւ հաւատքով սնանկ այս մարդիկն ալ ճշմարտութեան կը հակառակին։
9 Բայց իրենց յաջողութիւնը երկար չի տեւեր, որովհետեւ իրենց անմտութիւնը շուտով յայտնի պիտի ըլլայ բոլորին, ճիշդ ինչպէս այն երկուքինը եղաւ։
10 Բայց դուն կառչած մնա իմ ուսուցումիս, կեանքի օրինակիս, յօժարութեանս, հաւատքիս, համբերատարութեանս, սիրոյս եւ յարատեւութեանս, որոնք ցուցաբերեցի՝ նոյնիսկ հալածանքներուս եւ չարչարանքներուս մէջ։
11 Գիտես թէ ի՛նչ պատահեցաւ ինծի Անտիոքի, Իկոնիոնի եւ Լիստրայի մէջ. թէ ի՛նչպիսի հալածանքներ կրեցի, եւ այդ բոլորէն Տէրը զիս ազատեց։
12 Նոյնպէս, բոլոր անոնք որոնք կ՚ուզեն աստուածպաշտութեամբ Քրիստոս Յիսուսի միացած ապրիլ, անպայման հալածանքներու պիտի ենթարկուին։
13 Իսկ չար եւ խաբեբայ մարդիկ աւելի եւս պիտի յառաջանան չարութեան մէջ. իրենք մոլորած՝ ուրիշներն ալ պիտի մոլորեցնեն։
14 Բայց դուն հաստա՛տ կեցիր քու սորված բաներուդ վրայ, որոնց ճշմարտութեան վստահ ես, որովհետեւ գիտես թէ որոնցմէ սորվեցար։
15 Եւ արդէն մանուկ հասակէդ գիտես Սուրբ գիրքերը, որոնք զօրութիւնը ունին քու միտքդ իմաստութեան բանալու՝ որպէսզի Քրիստոս Յիսուսի հաւատաս եւ փրկուիս։
16 Աստուծոյ ներշնչումով գրուած բոլոր Սուրբ գիրքերը օգտակար են՝ թէ՛ ճշմարտութիւնը ուսուցանելու եւ թէ՛ սխալը հերքելու, մարդս ճիշդ ճամբու մէջ դնելու եւ արդար կեանքի մը դաստիարակութիւնը տալու համար.
17 որպէսզի Աստուծոյ նուիրուած մարդը կատարեալ ըլլայ, ամէն տեսակի բարի գործերու պատրաստ։