Bible

Connect

With Your Congregation Like Never Before

Try RisenMedia.io Today!

Click Here

2 Timothy 2

:
Armenian - 2019
1 Հետեւաբար դուն, որդեա՛կս, Քրիստոս Յիսուսի շնորհքովը զօրացիր,
2 եւ այն՝ ինչ որ ես սորվեցուցի բազմաթիւ վկաներու ներկայութեան, նոյն բաները աւանդէ այնպիսի վստահելի մարդոց, որոնք կարող ըլլան ուրիշներուն ալ սորվեցնելու։
3 Իբրեւ Քրիստոս Յիսուսի հաւատարիմ մէկ զինուորը, պատրաստ եղիր իրեն պէս չարչարուելու։
4 Զինուորական ծառայութիւն ընողը քաղաքացիական զբաղումներէն հեռու կը մնայ, իր զօրավարին աչքը մտնելու համար։
5 Նոյնպէս ալ, ոեւէ մարզիկ մրցանակին չի կրնար տիրանալ՝ եթէ դրուած կանոններուն համաձայն չմրցի։
6 Ծանր աշխատանքը տանող հողագործը նախ ի՛նք արժանի է արտին բերքէն վայելելու։
7 Հասկցի՛ր ինչ որ ըսել կ՚ուզեմ, որովհետեւ Տէրը քեզի իմաստութիւն պիտի տայ որ հասկնաս ամէն ինչ։
8 Յիշէ՛ մեռելներէն յարութիւն առած Քրիստոս Յիսուսը, որ Դաւիթի սերունդէն էր, իմ քարոզած Աւետարանիս համաձայն։
9 Այդ Աւետարանին համար է որ կը չարչարուիմ ահա եւ նոյնիսկ բանտարկուած ալ եմ, չարագործի մը պէս։ Սակայն Աստուծոյ խօսքը կարելի չէ բանտարկել։
10 Ատոր համար ալ ամէն բանի կը համբերեմ՝ Աստուծոյ ընտրեալներուն սիրոյն, որպէսզի անոնք եւս Քրիստոս Յիսուսի միանալով՝ հասնին փրկութեան եւ յաւիտենական փառքին ։
11 Մէկ բան որոշ է.– Եթէ Քրիստոսի հետ մեռանք՝ իրեն հետ ալ պիտի ապրինք։
12 Եթէ համբերենք՝ իրեն հետ ալ պիտի թագաւորենք։ Եթէ զինք ուրանանք՝ ինքն ալ մեզ պիտի ուրանայ։
13 Եթէ նոյնիսկ մենք հաւատարիմ չմնանք՝ ինքհաւատարիմ կը մնայ, որովհետեւ չի կրնար ինքզինքին հակասել։
14 Բոլորին յիշեցուր այս բաները, եւ Աստուծոյ ներկայութեան պահանջէ իրենցմէ՝ որ իրարու հետ վէճ ու կռիւ չընեն. բան մը, որ օգուտ չունենալէն զատ՝ լսողներուն ալ հաւատքը կը քանդէ։
15 Ջանա՛ Աստուծոյ աչքին ընտիր ըլլալ, այնպիսի մշակ մը՝ որ իր գործերուն համար ամչնալիք բան մը չունի, որպէս մէկը՝ որ ուղիղ կերպով կ՚ուսուցանէ Աստուծոյ ճշմարիտ պատգամը։
16 Հեռո՛ւ կեցիր հաւատքի ճշմարտութիւնները խեղաթիւրող պարապ վիճաբանութիւններէ, որոնք հետզհետէ մարդիկը Աստուծմէ հեռացնելու կը ծառայեն միայն։
17 Այդպիսի խօսքերու ձգած թոյնը քաղցկեղի պէս կը կրծէ մարդս։ Այդպիսի խեղաթիւրող վիճասէրներ էին Հիմենէոս եւ Ֆիլետոս,
18 որոնք ճշմարտութենէն շեղեցան եւ շատերու հաւատքը քանդեցին, ըսելով՝ թէ մեռելներու յարութիւնը արդէն տեղի ունեցած է։
19 Բայց Աստուծոյ դրած հաստատուն հիմը կանգուն կը մնայ։ Անոր վրայգրուած է. « Տէրը կը ճանչնայ անոնք՝ որոնք իրն են», եւ «Ով որ Տիրոջ անունը կը կրէ՝ թող հեռու մնայ անիրաւ գործերէ»։
20 Մեծ տունի մը մէջ միայն ոսկիէ եւ արծաթէ անօթներ չեն ըլլար, այլ նաեւ փայտէ ու կաւէ անօթներ։ Յստակ է՝ թէ առաջինները թանկագին են, իսկ միւսները՝ անարժէք։
21 Արդ, ով որ ինքզինք մաքրէ նման մեղքերէ, Տիրոջ համար թանկագին անօթ մը կը դառնայ, մաքուր եւ պատրաստ՝ ամէն տեսակի բարի ծառայութիւն մատուցանելու։
22 Երիտասարդական ցանկութիւններէն փախի՛ր, եւ արդարութեան, հաւատքի, սիրոյ, խաղաղութեան ու սրբութեան հետամուտ եղիր, անոնց պէս՝ որոնք մաքուր սրտով կ՚աղօթեն Աստուծոյ։
23 Յիմար եւ անօգուտ վէճերէ հրաժարէ՛, գիտնալով որ անոնցմէ կռիւներ կը ծագին։
24 Աստուծոյ ծառան պէտք չէ կռուի, այլ պէտք է հեզ ըլլայ բոլորին հանդէպ, կարող ըլլայ Աւետարանը սորվեցնելու, ներողամիտ ըլլայ՝
25 որպէսզի քաղցրութեամբ խրատէ հակառակողները, որովհետեւ Աստուած միշտ ալ առիթ կու տայ որ անոնք դառնան իրենց սխալէն եւ ճշմարտութիւնը ճանչնան,
26 եւ զգաստանալով՝ դուրս գան Սատանային որոգայթներէն, որոնց մէջ բռնուած՝ անոր կամքը կը կատարեն։