Bible

Power Up

Your Services with User-Friendly Software

Try RisenMedia.io Today!

Click Here

2 Timothy 1

:
Armenian - 2019
1 Ես՝ Պօղոս, որ Աստուծոյ կամքով Յիսուս Քրիստոսի առաքեալը եղայ՝ որպէսզի քարոզեմ իր խոստացած կեանքը, որ մենք՝ Քրիստոս Յիսուսի միացողներս ունինք,
2 քեզի՛ կը գրեմ, ո՛վ Տիմոթէոս, իմ սիրելի որդիս։ Թող Հայրն Աստուած եւ մեր Տէրը Քրիստոս Յիսուս շնորհք, ողորմութիւն եւ խաղաղութիւն պարգեւեն քեզի։
3 Երախտապարտ եմ Աստուծոյ, որուն կը ծառայեմ մաքուր խիղճով, ինչպէս իմ նախահայրերս ծառայած են. եւ գիշեր–ցերեկ աղօթքներուս մէջ անդադար կը յիշեմ քեզ,
4 եւ կը փափաքիմ քեզ տեսնել մանաւանդ երբ կը վերյիշեմ բաժանման պահուն թափած արցունքներդ— որպէսզի սիրտս ուրախութեամբ լեցուի։
5 Կը մտաբերեմ այն անկեղծ հաւատքը որ քու մէջդ տեսայ. որ նախ մեծ մօրդ՝ Լաւոդիայի եւ մօրդ՝ Եւնիկէի մէջ գտած էի, եւ համոզուած եմ որ քու մէջդ ալ կայ։
6 Այդ պատճառով ալ կը յիշեցնեմ քեզի, որ բոցավառ պահես այն շնորհքը որ Աստուած քեզի տուաւ՝ երբ քեզ ձեռնադրեցի ։
7 Որովհետեւ Աստուած իր Հոգին մեզի տուաւ՝ որպէսզի մեր վախկոտութիւնը յաղթահարենք եւ զօրանանք, սիրով լեցուինք եւ զգաստ կեանք մը վարենք։
8 Հետեւաբար մի՛ վախնար մեր Տիրոջ մասին վկայութիւն տալու. մի՛ վախնար նաեւ խօսելու իմ մասիս, որ Տիրոջ համար բանտարկուած եմ։ Այլ՝ ինծի պէս յանձն առ Աւետարանին սիրոյն չարչարուիլ, որքան որ կարողութիւն տայ Աստուած,
9 ան՝ որ մեզ փրկեց եւ իր սուրբ ժողովուրդը ըլլալու հրաւիրեց մեզ, ո՛չ թէ մեր արժանիքներուն համար, այլ՝ իր ծրագրին համաձայն եւ այն շնորհքին՝ որ մեզի տրուած էր Քրիստոս Յիսուսի միջոցաւ, յաւիտենական ժամանակներէն իսկ առաջ։
10 Այդշնորհքը այժմմեզի յայտնուեցաւ երեւումովը մեր Փրկչին՝ Յիսուս Քրիստոսի, որ մահուան իշխանութիւնը խափանեց եւ իր տուած աւետիսով անմահական կեանքը յայտնեց ։
11 Աստուած զիս առաքեալ եւ հեթանոսներուն ուսուցիչ կարգեց, որպէսզի այդ աւետիսը տամ անոնց.
12 եւ ա՛յդ է պատճառը որ այս չարչարանքները կը կրեմ։ Բայց այդ չարչարանքները բնաւ զիս չեն վախցներ, որովհետեւ կը ճանչնամ Փրկիչս, որուն վստահած եմ, եւ համոզուած եմ՝ թէ ինք ինծի վստահուած այդ աւանդը պիտի պահէ մինչեւ դատաստանի օրը։
13 Դուն քեզի օրինակ ունեցիր այն ողջմիտ ուսուցումները որ ինձմէ լսեցիր, այն հաւատքով եւ սիրով՝ որ մենք՝ Քրիստոս Յիսուսի միացածներս ունինք։
14 Քեզի վստահուած բարի աւանդը պահէ Սուրբ Հոգիին օգնութեամբ, որ մեր մէջ կը բնակի։
15 Կ՚ուզեմ որ գիտնաս, թէ Ասիա նահանգի բոլոր եղբայրները լքեցին զիս, որոնց մէջ՝ նաեւ Ֆիգելոսն ու Հերմոգենէսը։
16 Գալով Ոնեսիֆորոսին, թող Աստուած ի՛նք վարձատրէ անոր ընտանիքը, որովհետեւ բազմաթիւ անգամներ զիս ուրախացուց։ Չվախցաւ բանտ գալու,
17 այլ՝ հազիւ Հռոմ հասած՝ ջանաց փնտռել եւ գտաւ զիս։
18 Թող Աստուած ինք վարձատրէ զայն դատաստանի օրը։ Իսկ թէ ո՛րքան ծառայութիւն մատուցանեց ինծի Եփեսոսի մէջ, դուն ինքդ շատ լաւ գիտես։