Bible

Say Goodbye

To Clunky Software & Sunday Tech Stress!

Try RisenMedia.io Today!

Click Here

2 Thessalonians 2

:
Armenian - 2019
1 Ինչ կը վերաբերի մեր Տիրոջ Յիսուս Քրիստոսի գալուստին եւ անոր քով մեր հաւաքուելուն, կ՚աղաչեմ, եղբայրնե՛ր,
2 թող շուտով ձեր միտքերը չպղտորին եւ տակնուվրայ չըլլաք, երբ լսէք թէ Տիրոջ Օրը եկած հասած է։ Մենք այդպիսի բան չենք ըսած, ո՛չ Հոգիին յայտնութեամբ, ո՛չ մեր քարոզութեամբ եւ ո՛չ ալ նամակներով, որպէս թէ մեր կողմէ գրուած։
3 Չըլլա՛յ որ մէկը ձեզ խաբէ ոեւէ ձեւով։ Որովհետեւ Տիրոջ Օրը պիտի չգայ՝ մինչեւ որ նախ չգայ Տիրոջ դէմ վերջին ապստամբութիւնը, եւ չյայտնուի անօրէնութեան մարմնացումը եղող մարդը, կորուստի սահմանուած
4 հակառակորդը, որ պիտի ընդդիմանայ աստուած կոչուած եւ մարդոցմէ պաշտուած ոեւէ բանի։ Մինչեւ իսկ Աստուծոյ տաճարին մէջ պիտի նստի եւ ինքզինքին համար պիտի յայտարարէ՝ թէ աստուած է։
5 Չէ՞ք յիշեր որ այս բաները ըսի ձեզի, երբ տակաւին ձեր մօտ էի։
6 Դուք լաւ գիտէք՝ թէ ի՛նչ բանն է որ չի ձգեր որ այդ հակառակորդը հիմա յայտնուի, մինչեւ ժամանակը գայ։
7 Ներկայիս արդէն իսկ անօրէնութեան այդ խորհրդաւոր ոյժը գործի վրայ է. բայց պիտի չյայտնուի՝ մինչեւ որ անոր արգելք եղողը մէջտեղէն վերցուի։
8 Միայն այն ատեն պիտի յայտնուի Անօրէնը, զոր Տէր Յիսուս պիտի սպաննէ իր բերնին շունչով եւ պիտի ոչնչացնէ իր յայտնութեամբը, իր գալստեան ատեն։
9 Մինչ այդ, Անօրէնը, որ Սատանային ներգործութեամբ պիտի գայ, ամենայն զօրութեամբ կեղծ հրաշքներ եւ սքանչելիքներ պիտի կատարէ,
10 եւ ամէն տեսակի չար խաբեբայութեամբ պիտի հրապուրէ անոնք՝ որ կորուստի ճամբուն մէջ են։ Քանի որ անոնք չսիրեցին եւ չընդունեցին ճշմարտութիւնը որ զիրենք պիտի փրկէր,
11 Աստուած ալ մոլորութեան ազդեցութեան պիտի ենթարկէ զանոնք, որպէսզի ստութեան հաւատան։
12 Այսպիսով պիտի դատապարտուին բոլոր անոնք՝ որոնք չհաւատացին ճշմարտութեան, այլ՝ անիրաւութիւն գործելուն մէջ փնտռեցին իրենց հաճոյքը։
13 Բայց մենք միշտ Աստուծոյ գոհութիւն պէտք է յայտնենք ձեզի համար, եղբայրներ, որովհետեւ Տէրըսիրեց ձեզ։ Աստուած ձեզ ընտրեց՝ որպէս փրկութեան առաջին պտուղները, որպէսզի իր սուրբ ժողովուրդը ըլլաք Սուրբ Հոգիին միջոցաւ եւ ճշմարտութեան հաւատալով։
14 Աստուած ձեզ այդ փրկութեան հրաւիրեց մեր քարոզած Աւետարանով, որպէսզի մեր Տիրոջ Յիսուս Քրիստոսի փառքը ունենաք։
15 Ուստի, եղբայրներ, հաստատուն մնացէք եւ ամուր պահեցէք աւանդութիւնները որ սորվեցաք մեզմէ, ըլլա՛յ խօսքով, ըլլա՛յ նամակով։
16 Եւ մեր Տէրը ինք՝ Յիսուս Քրիստոս, եւ Աստուած՝ մեր Հայրը, որ մեզ սիրեց եւ իբրեւ շնորհք՝ մնայուն մխիթարութիւն մը եւ հաստատուն յոյս մը տուաւ մեզի,
17 թող սրտապնդեն եւ զօրացնեն ձեզ, որպէսզի միշտ խօսիք ու գործէք ինչ որ բարի է։