Bible

Upgrade

Your Church Presentations in Minutes

Try RisenMedia.io Today!

Click Here

2 Thessalonians 1

:
Armenian - 2019
1 Մենք՝ Պօղոս, Սիղուանոս եւ Տիմոթէոս, կը գրենք ձեզի՝ Թեսաղոնիկեցիներու եկեղեցիին, որ մեր Հօր Աստուծոյ եւ Տէր Յիսուս Քրիստոսի կը պատկանի։
2 Թող Աստուած՝ մեր Հայրը եւ Տէր Յիսուս Քրիստոս շնորհք եւ խաղաղութիւն պարգեւեն ձեզի։
3 Եղբայրնե՛ր, պարտք կը զգանք եւ արդար կը գտնենք ձեզի համար միշտ գոհութիւն յայտնել Աստուծոյ, որովհետեւ ձեր հաւատքը հետզհետէ աւելի կ՚աճի եւ ձեզմէ իւրաքանչիւրին սէրը իրարու հանդէպ աւելի կը խորանայ։
4 Աստուծոյ եկեղեցիներուն մէջ մենք կը պարծենանք ձեզմով, այն համբերութեան եւ հաւատքին համար, որ դուք ցուցաբերեցիք ձեր կրած բոլոր հալածանքներուն եւ նեղութիւններուն մէջ։
5 Ձեր համբերութիւնն ու հաւատքը ապացոյցը պիտի ըլլան Աստուծոյ արդար դատաստանին, որովհետեւ դուք արժանի պիտի ըլլաք Աստուծոյ արքայութեան, որուն համար այդքան կը տանջուիք։
6 Արդարեւ, Աստուծոյ համար արդարութիւն պիտի ըլլայ ձեզ չարչարողները տանջանքով պատժել,
7 իսկ ձեզի՝ տանջուածներուդ՝ հանգիստ պարգեւել մեզի հետ միասին, երբ մեր Տէրը Յիսուս հրեշտակներու իր բանակով երկինքէն յայտնուի:
8 Անիկա բոցավառ կրակով պիտի պատժէ անոնք՝ որոնք կը մերժեն զԱստուած ճանչնալ եւ հնազանդիլ մեր Տիրոջ Յիսուս Քրիստոսի Աւետարանին:
9 Այն օրը, այդպիսիները յաւիտենական մահուամբ պիտի պատժուին, զրկուելով Տիրոջ ներկայութենէն եւ անոր փառաւոր զօրութենէն,
10 երբ անիկա գայ իր սուրբերուն մէջ փառաւորուելու եւ բոլոր իրեն հաւատացողներուն հիացումին առարկան ըլլալու։ Այն օրը դո՛ւք ալ անոնց մէջ պիտի ըլլաք, որովհետեւ հաւատացիք մեր տուած վկայութեան։
11 Ահա թէ ինչու՝ միշտ կ՚աղօթենք ձեզի համար, որպէսզի Աստուած ձեզ արժանի ընէ այդ կոչումին, իր զօրութեամբ կատարէ ձեր բոլոր բարի փափաքները եւ արդիւնաւորէ ձեր հաւատքը,
12 որպէսզի ձեզմով փառաւորուի մեր Տէր Յիսուս Քրիստոսի անունը, եւ դուք փառաւորուիք իրմով, մեր Աստուծոյն եւ Տիրոջ Յիսուս Քրիստոսի պարգեւած շնորհքովը։