Bible

Say Goodbye

To Clunky Software & Sunday Tech Stress!

Try RisenMedia.io Today!

Click Here

2 Peter 3

:
Armenian - 2019
1 Սիրելինե՛ր, ասիկա երկրորդ նամակս է որ ձեզի կը գրեմ։ Երկու նամակներովս ալ ուզեցի կարգ մը յիշեցումներով ձեր միտքերը արթնցնել՝ որ ուղիղը մտածէք։
2 Որպէսզի յիշէք այն պատգամները որ սուրբ մարգարէները կանուխէն խօսեցան, ինչպէս նաեւ մեր Տիրոջ եւ Փրկչին պատուէրը, որ ձեր առաքեալները ձեզի փոխանցեցին։
3 Բայց այդ մասին նախ հետեւեալը գիտցէք, որ վերջին օրերուն հեգնողներ եւ արհամարհողներ պիտի գան, որոնք իրենց սեփական ցանկութիւններէն առաջնորդուած՝
4 պիտի հարցնեն. «Ո՞ւր մնաց Քրիստոսի երկրորդ գալստեան խոստումը։ Մեր հայրերը մեռան եւ դեռ ամէն ինչ կը մնայ եղածին պէս, ինչպէս որ էր ստեղծագործութենէն ի վեր»։
5 Այսպէս խօսողները կամաւոր կերպով կը մոռնան, որ «Աստուած սկիզբէն իր խօսքով ստեղծեց երկինքը». ջուրերէն դուրս բերաւ եւ ջուրերով կազմեց երկիրը,
6 եւ նոյն ջուրերուն հեղեղով է որ երբեմնի աշխարհը աւերուեցաւ ու կորսուեցաւ։
7 Նոյնպէս ալ, երկինքն ու երկիրը Աստուծոյ նոյն խօսքով կը պահուին՝ կրակին համար, այսինքն՝ դատաստանի օրուան, երբ ամբարիշտ մարդիկը կորուստի պիտի մատնուին։
8 Սա՛ եւս մի մոռնաք, սիրելինե՛ր, որ Տիրոջ քով մէկ օրը հազար տարուան պէս է եւ հազար տարին՝ մէկ օրուան պէս։
9 Տէրը չ՚ուշացներ իր խոստումին կատարումը, այնպէս՝ ինչպէս ոմանք կը հասկնան ուշացումը։ Տէրը պարզապէս համբերատարութիւն ցոյց կու տայ ձեզի հանդէպ, որովհետեւ չ՚ուզեր որ ոեւէ մէկը կորսուի, այլ՝ կ՚ուզէ որ բոլորն ալ ապաշխարելու առիթ ունենան։
10 Բայց Տիրոջ օրը անակնկալօրէն պիտի գայ, գողի պէս, երբ երկինքը մեծ շառաչիւնով պիտի չքանայ, երկնային մարմինները պիտի վառին ու հալին, եւ երկիրը իր ամբողջ բովանդակութեամբ պիտի անհետանայ։
11 Արդ, քանի այս բոլորը այսպէս պիտի չքանան, ի՜նչպիսի անձեր պէտք է ըլլաք դուք։ Մաքուր եւ աստուածապաշտ կեանք մը պէտք է ապրիք,
12 սպասելով եւ ջանալով փութացնել Տիրոջ օրուան գալուստը, երբ երկինք կրակով պիտի այրի ու չքանայ, եւ երկնային մարմինները պիտի վառին ու հալին։
13 Բայց մենք՝ Աստուծոյ խոստումին համաձայն՝ կը սպասենք նոր երկինքի մը եւ նոր երկրի մը, ուր արդարութիւնը պիտի իշխէ։
14 Հետեւաբար, սիրելիներ, դուք՝ որ այս բաներուն կը սպասէք, ջանացէք անբիծ եւ անարատ ըլլալ Աստուծոյ աչքին, եւ խաղաղութեամբ ապրիլ։
15 Եւ Տիրոջ համբերատարութիւնը փրկութիւն համարեցէք ձեզի համար, ինչպէս մեր սիրելի եղբայրը՝ Պօղոս ալ գրեց ձեզի, Աստուծմէ իրեն շնորհուած իմաստութեամբ։
16 Անիկա նոյն այս բաներուն մասին խօսած է իր բոլոր նամակներուն մէջ ալ։ Այդ նամակներուն մէջ կարգ մը դժուար հասկնալի մասեր կան, որոնց իմաստը չարափոխումի կ՚ենթարկուի տգէտ եւ փոփոխամիտ մարդոց կողմէ։ Անոնք միւս Սուրբ գիրքերը եւս կը չարափոխեն, իրենց սեփական կորուստը պատրաստելով։
17 Ուստի դուք, սիրելինե՛ր, սկիզբէն այս բաները գիտնալով՝ զգոյշ եղէք, որ չըլլայ թէ անբարոյ մարդոց մոլորութեան հետեւիք եւ ձեր վստահութիւնը կորսնցնէք։
18 Այլ, մեր Տիրոջ եւ Փրկչին՝ Յիսուս Քրիստոսի շնորհքովն ու գիտութեամբը աճեցէք։ Անոր փառք, թէ՛ այժմ եւ թէ՛ յաւիտենական օրը ։ Ամէն։