Bible

Elevate

Your Sunday Morning Worship Service

Try RisenMedia.io Today!

Click Here

2 Peter 2

:
Armenian - 2019
1 Բայց անցեալին սուտ մարգարէներ ալ կը յայտնուէին ժողովուրդին մէջ, ինչպէս հիմա եւս սուտ ուսուցիչներ պիտի յայտնուին, որոնք կորստաբեր վարդապետութիւններ պիտի սպրդեցնեն ձեր մէջ, ուրանալով Տէրը որ փրկեց զիրենք, եւ արագահաս կորուստի մատնելով իրենք զիրենք։
2 Շատեր պիտի հետեւին անոնց անառակութիւններուն, որով պատճառ պիտի դառնան որ ճշմարտութեան ճամբան անարգուի։
3 Ընչաքաղցութենէ մղուած՝ պիտի շահագործեն ձեզ իրենց շինծու խօսքերով. բայց անոնց դատապարտութիւնը սկիզբէն իսկ յայտնի է, անոնց կորուստը պիտի չուշանայ։
4 Որովհետեւ Աստուած մեղանչած հրեշտակներուն իսկ չխնայեց, այլ՝ զանոնք տարտարոս նետել տուաւ, ուր խաւարին կապանքներով կապուած՝ կը պահուին մինչեւ դատաստանի օրը։
5 Աստուած չխնայեց նաեւ հին աշխարհին, այլ անհաւատ մարդկութեան վրայ ջրհեղեղ բերաւ, միայն ութ հոգիներ փրկելով, որոնցմէ Նոյը արդար կեանքի մը քարոզիչն էր։
6 Նոյնպէս, Սոդոմացիներու եւ Գոմորացիներու քաղաքները կործանումի դատապարտելով մոխիրի վերածեց, որպէսզի օրինակ ըլլան գալիք ժամանակներու ամբարիշտ մարդոց։
7 Իսկ Ղովտը, որ արդար էր եւ զզուած՝ անոնց անբարոյ եւ անառակ կենցաղէն, փրկեց,
8 որովհետեւ անոնց մէջ ապրող այդ արդար մարդը անոնց անօրէն կենցաղին ականատես եւ ականջալուր ըլլալով՝ իր արդար հոգիին մէջ կը տանջուէր ամէն օր։
9 Եւ այսպէս, Տէրը գիտէ աստուածապաշտները փրկել իրենց փորձութիւններէն ։ Իսկ անիրաւները կը պահէ՝ դատաստանի օրուան տանջանքներուն մատնելու համար։
10 Մանաւանդ անոնք՝ որոնք մարմնական պղծալից ցանկութիւններու կը հետեւին եւ Աստուծոյ տէրութիւնը կ՚արհամարհեն։ Այս ինքնահաւան եւ յանդուգն սուտ ուսուցիչները չեն վախնար հոգեղէն փառաւոր էակները անարգելէ.
11 մինչդեռ հրեշտակները զօրութեամբ եւ կարողութեամբ իրենցմէ շատ աւելի մեծ ըլլալով հանդերձ՝ անոնց մասին ոեւէ անարգալից ամբաստանութիւն չեն ըներ Տիրոջ ներկայութեան։
12 Բայց ասոնք իրենց չհասկցած բաները կ՚անարգեն. եւ ինչպէս իրենց բնազդներուն հետեւող անբան անասունները որսացուելով սպաննուելու սահմանուած են, այդպէս պիտի կորսուին իրենք ալ, անասուններու պէս.
13 եւ այդ պատիժը հատուցումը պիտի ըլլայ ուրիշներուն հասցուցած իրենց չարիքներուն։ Հաճոյք կ՚առնեն օր–ցերեկով իրենց զեղխ ցանկութիւնները կատարելէն, եւ իրենց ներկայութեամբ ձեր հաւաքոյթի սեղանները կը պղծեն ու կ՚արատաւորեն, իրենց խաբեբայութիւններովը զուարճանալով։
14 Իրենց աչքերը շնացող կիներ միայն կը փնտռեն եւ չեն յագենար մեղք գործելէ։ Այդ անիծեալները տկար մարդիկ կը փնտռեն՝ խաբելու համար, եւ իրենց խելքն ու միտքը դրամ դիզելն է։
15 Ուղիղ ճամբան ձգելով՝ մոլորած են, հետեւելով Բէորի որդի Բաղաամի օրինակին, որ ուզեց անիրաւութեամբ դրամ շահիլ,
16 եւ իր անօրէնութեան համար ալ յանդիմանուեցաւ անխօս էշէն, որ մարդկային լեզուով խօսելով՝ արգելք եղաւ որ մարգարէն այդ անմտութիւնը գործէ։
17 Այդ մարդիկը ցամքած աղբիւրներ են, հովերէն քշուող մշուշներ, որոնց համար Աստուած խաւար աշխարհի յաւերժական աղջամուղջը վերապահած է։
18 Որովհետեւ իմաստէ զուրկ մեծ–մեծ խօսքերով եւ մարմնական անառակ ցանկութիւններ գրգռելով՝ կը մոլորեցնեն անոնք, որոնք հազիւ փախած էին ուրիշ մոլորութեանց մէջ ապրող մարդոցմէ։
19 Ազատութիւն կը խոստանան անոնց, մինչդեռ իրենք գերի են կորուստի տանող մոլութեանց։ Արդարեւ, մարդ ինքզինք ինչ բանի որ կ՚ենթարկէ՝ անոր գերին է։
20 Անոնք որոնք մեր Տէրն ու Փրկիչը՝ Յիսուս Քրիստոսը ճանչնալով՝ աշխարհի պղծութիւններէն անգամ մը հեռանալէ ետք վերստին նոյն պղծութիւններուն մէջ կ՚իյնան, անոնց վիճակը նախկինէն շատ աւելի գէշ կ՚ըլլայ։
21 Աւելի լաւ կ՚ըլլար՝ որ անոնք բնաւ ճանչցած չըլլային արդարութեան ճամբան, քան թէ ճանչնալէ ետք՝ հեռանային իրենց աւանդուած սուրբ պատուիրանէն։
22 Ինչքան անոնց կը պատշաճին Առակաց գիրքին սա ճշմարիտ առածները. «Շունը իր փսխածին կը դառնայ». իսկ միւսը՝ «Խոզը որքան ալ լուաս՝ տիղմին մէջ կը թաւալի»։