Bible

Power Up

Your Services with User-Friendly Software

Try RisenMedia.io Today!

Click Here

2 Peter 1

:
Armenian - 2019
1 Ես՝ Սիմոն Պետրոս, Յիսուս Քրիստոսի ծառան եւ առաքեալը, կը գրեմ ձեզի՝ որ մեր Աստուծոյն եւ Փրկչին՝ Յիսուս Քրիստոսի արդար տնօրինութեամբը արժանի եղաք մեզի հետ բաժնելու հաւատքը։
2 Թող ձեր վայելած շնորհքն ու խաղաղութիւնը առատանան՝ Աստուծոյ եւ մեր Տիրոջ Յիսուսի մասին ձեր ունեցած գիտութեամբը։
3 Քրիստոս իր աստուածային զօրութեամբ մեզի պարգեւեց ամէն ինչ որ անհրաժեշտ է աստուածապաշտ կեանքի մը համար, մեզի ճանչցնելով ան՝ որ իր փառքովն ու զօրութեամբը մեզ իրեն կանչեց։
4 Անիկա թանկագին ու մեծամեծ խոստումներ տուաւ մեզի, որպէսզի անոնցմով հաղորդակից ըլլանք աստուածային բնութեան, ձերբազատուելով աշխարհի մէջ տիրող կորստաբեր ցանկութիւններէն։
5 Ատոր համար ալ, ամէն ջանք ըրէք՝ որ ձեր հաւատքով առաքինութիւն ձեռք բերէք, առաքինութեամբ՝ գիտութիւն,
6 գիտութեամբ՝ ժուժկալութիւն, ժուժկալութեամբ՝ համբերութիւն, համբերութեամբ՝ աստուածպաշտութիւն,
7 աստուածպաշտութեամբ՝ եղբայրսիրութիւն, եղբայրսիրութեամբ՝ սէր։
8 Եթէ այս առաքինութիւնները ունենաք, եւ ունենաք միշտ աւելիով, վստահ եղէք՝ որ մեր Տէր Յիսուսի գիտութեամբը կը լեցուիք եւ անգործ ու անպտուղ չէք մնար։
9 Իսկ ով որ այս առաքինութիւնները չունի՝ միտքով կոյր է ու կարճատես, որովհետեւ մոռցած է իր անցեալի մեղքերէն սրբուած ըլլալը։
10 Հետեւաբար, եղբայրնե՛ր, ջանացէք աւելիո՛վ կառչիլ այն կոչումին, որուն ձեզ հրաւիրեց Աստուած՝ ընտրելով ձեզ։ Եթէ այդպէս վարուիք՝ բնաւ մեղքի մէջ չէք իյնար,
11 եւ այդպիսով ձեզի լայնօրէն իրաւասութիւն կը տրուի մտնելու մեր Տիրոջ եւ Փրկչին՝ Յիսուս Քրիստոսի յաւիտենական արքայութիւնը ։
12 Ահա թէ ինչու, միշտ ձեզի պիտի յիշեցնեմ այս բաները, թէպէտեւ դուք գիտէք եւ հաստատուն կը մնաք ձեր ստացած ճշմարտութեան վրայ։
13 Եւ կը կարծեմ թէ շիտակ կ՚ընեմ ասոնք ձեզի յիշեցնելով, որքան ատեն որ դեռ աշխարհի մէջ եմ,
14 քանի գիտեմ որ շուտով այս աշխարհէն պիտի հեռանամ, ինչպէս մեր Տէրը Յիսուս Քրիստոս յայտնեց ինծի։
15 Ուստի կը ջանամ ձեզ յորդորել, որ այս աշխարհէն մեկնելէս ետքն ալ միշտ այս բաները յիշէք։
16 Որովհետեւ, երբ մեր Տիրոջ Յիսուս Քրիստոսի զօրութեան եւ անոր երկրորդ գալստեան մասին խօսեցանք ձեզի, շինծու առասպել մը չէր որ ներկայացուցինք, քանի որ անձամբ ականատես եղանք անոր մեծութեան,
17 երբ անիկա փառք եւ պատիւ ստացաւ Հօր Աստուծմէ, որ իր մեծավայելուչ եւ փառաւոր ձայնով անոր համար վկայեց, ըսելով. «Ասիկա է իմ սիրելի Որդիս, որուն ես հաճեցայ»։
18 Մենք անձամբ լսեցինք երկինքէն եկող այդ ձայնը, որովհետեւ Յիսուսի հետ միասին էինք սուրբ լերան վրայ։
19 Ահա թէ ինչու՝ հիմա աւելի ամրօրէն կապուած ենք մարգարէական վկայութիւններուն. եւ լաւ կ՚ըլլայ որ դուք ալ ձեր ուշադրութիւնը դարձնէք անոնց, որովհետեւ անոնք այն ճրագն են՝ որ մութ տեղը լոյս կու տայ, մինչեւ բացուի այն օրուան արշալոյսը եւ Առաւօտեան Աստղը ծագի ձեր սիրտերուն մէջ։
20 Եւ չմոռնա՛ք բնաւ, որ ոեւէ մէկը ինքն իրմէ չի կրնար բացատրել Սուրբ գիրքերուն մարգարէութիւնները,
21 որովհետեւ մարգարէութիւնները բնաւ մարդոց կամքին ծնունդը չեն, այլ՝ Սուրբ Հոգիին մղումով է որ Աստուծոյ մարդիկը խօսեցան զանոնք։