2 John 1
1 Ես՝ Երէցս, քեզի՛ կը գրեմ, ո՜վ Աստուծմէ ընտրեալ Տիրուհի, եւ կը գրեմ որդեակներուդ, որոնք ճշմարտապէս կը սիրեմ։ Ո՛չ միայն ես, այլ՝ ճշմարտութիւնը ճանչցողները բոլորը կը սիրեն ձեզ,
2 այն ճշմարտութեան համար՝ որ մեր մէջ հաստատ կը մնայ եւ մեզի հետ ալ պիտի մնայ ընդմիշտ։
3 Թող Հայրն Աստուած եւ Հօրը Որդին՝ մեր Տէրը Յիսուս Քրիստոս շնորհք, ողորմութիւն եւ խաղաղութիւն պարգեւեն ձեզի, որպէսզի ճշմարտութեան եւ սիրոյ մէջ մնաք։
4 Չափազանց ուրախ եղայ, տեսնելով որդեակներէդ ոմանք, որոնք ճշմարիտ հաւատքին վայել կեանք մը կ՚ապրին, Հօր Աստուծմէ մեր ստացած պատուիրանին համաձայն։
5 Եւ հիմա կը խնդրեմ, ո՛վ Տիրուհի. նոր պատուիրան մը չէ՛ որ կը գրեմ քեզի, այլ՝ սկիզբէն իսկ մեր ունեցած պատուիրանը, որ սիրենք իրար։
6 Այս սէրը կը նշանակէ՝ Աստուծոյ պատուիրաններուն համաձայն ապրիլ. իսկ պատուիրանը, ինչպէս սկիզբէն սորվեցաք, սա է՝ որ սիրով պէտք է ապրինք։
7 Աշխարհի մէջ բազմաթիւ մոլորեցուցիչներ մէջտեղ ելեր են, որոնք կը մերժեն ընդունիլ՝ թէ Յիսուս Քրիստոս աշխարհ գալով իրապէս մարդացաւ։ Այդպիսիները մոլորեցուցիչ են եւ Քրիստոսի հակառակորդ։
8 Նայեցէք որ չկորսնցնէ՛ք ինչ որ ծանր աշխատանքով շահեցաք, այլ՝ ձեր վարձատրութիւնը լման ստանաք։
9 Ով որ Քրիստոսի ուսուցումներուն դէմ կը մեղանչէ եւ անոնց կապուած չի մնար, անիկա զԱստուած իր մէջ չունի։ Իսկ ով որ անոր ուսուցումներուն կապուած կը մնայ, անիկա թէ՛ Որդին ունի իր մէջ եւ թէ՛ Հայրը։
10 Եթէ ձեզի գայ մէկը՝ որ այսպէս չ՚ուսուցաներ, զայն ձեր տուները մի՛ ընդունիք եւ նոյնիսկ բարեւ մի՛ տաք անոր։
11 Որովհետեւ անոր բարեւ տուողը անոր չար գործերուն մասնակից կը դառնայ։
12 Դեռ շատ բան ունէի քեզի ըսելիք, բայց չուզեցի թուղթին ու մելանին յանձնել, որովհետեւ յոյս ունիմ որ շուտով ես անձամբ կու գամ ձեր մօտ եւ դէմ առ դէմ կը խօսիմ ձեզի, որպէսզի մեր ուրախութիւնը կատարեալ ըլլայ։
13 Քու ընտրելակից քոյր Եկեղեցիիդ անդամները քեզի բարեւ ունին։ Աստուծոյ շնորհքը ձեզի հետ ըլլայ։