Bible

Create

Inspiring Presentations Without Hassle

Try Risen Media.io Today!

Click Here

2 Corinthians 9

:
Armenian - 2019
1 Իսկապէս որ աւելորդ կը նկատեմ ձեզի գրել Երուսաղէմի քրիստոնեայ եղբայրներուն ղրկուելիք օգնութեան մասին,
2 որովհետեւ գիտեմ ձեր յօժարութիւնը, եւ ձեր մասին միշտ պարծանքով խօսած եմ Մակեդոնացիներուն, ըսելով. «Աքայիացիները դեռ անցեալ տարուընէ պատրաստուեր են իրենց օգնութիւնը ընելու»։ Ձեր նախանձախնդրութիւնը շատ շատերուն համար գրգիռ եղաւ։
3 Եւ ահա, վերոյիշեալ եղբայրները ղրկեցի, որպէսզի այս գործին մէջ ձեզի համար մեր ունեցած պարծանքը պարապի չելլէ. այլ՝ ինչպէս իրենց կ՚ըսէի՝ կ՚ուզեմ որ իրապէս պատրաստ ըլլաք։
4 Պիտի չուզէի որ Մակեդոնացիները ինծի հետ գային եւ ձեզ անպատրաստ գտնէին, որովհետեւ այդ պարագային ամօթով պիտի մնայինք մեր վստահութեան համար։ Անշուշտ դուք ալ ամօթով պիտի մնայիք։
5 Ատոր համար ալ անհրաժեշտ նկատեցի եղբայրներէն խնդրել, որ ինձմէ առաջ գան ձեր մօտ եւ ձեզ նախապատրաստեն՝ սկիզբէն իսկ ձեր խոստացած առատ նուէրները պատրաստ ընելու, այնպէս՝ որ ձեր նուէրները իսկապէս առատաձեռնութեան արտայայտութիւն ըլլան եւ ո՛չ թէ՝ ժլատութեան։
6 Յիշեցէք, թէ ով որ քիչ կը սերմանէ՝ քիչ ալ պիտի հնձէ. եւ ով որ առատօրէն կը սերմանէ՝ առատօրէն ալ կը հնձէ։
7 Իւրաքանչիւրը թող տայ՝ նայած իր սրտի յօժարութեան եւ ո՛չ թէ չկամութեամբ կամ պարտաւորուած զգալով. որովհետեւ Աստուած զուարթառատ կերպով նուիրողը կը սիրէ։
8 Եւ Աստուած կրնայ ամէն պարգեւ տալ ձեզի առատօրէն, որպէսզի միշտ ալ ունենաք այնքան՝ որքան պիտի բաւէր ձեր բոլոր կարիքներուն եւ աւելնար՝ ամէն տեսակի բարի գործերու յատկացուելու։
9 Ինչպէս Սաղմոսին մէջ գրուած է.– «Առատօրէն բաշխեց եւ կարօտեալներուն տուաւ. անոր արդարութիւնը յաւիտեան կը մնայ»։
10 Եւ Աստուած, որ սերմնացանին սերմ եւ ուտելիք հաց կը պարգեւէ, ձեզի եւս պիտի սերմ պարգեւէ եւ զայն աճեցնէ, եւ բազմացնէ նաեւ ձեր արդարութեան արդիւնքները։
11 Ամէն ձեւով պիտի հարստացնէ ձեզ, որպէսզի միշտ առատաձեռն ըլլաք, եւ մեր միջոցաւ փոխանցուած ձեր նուէրները զԱստուած գոհաբանելու պատճառ ըլլան։
12 Եւ արդէն այս հանգանակութեան կազմակերպումը միայն Երուսաղէմի քրիստոնեաներուն կարիքները բաւարարելու համար չէ, այլ կը ձգտի նաեւ՝ աւելցնել Աստուծոյ գոհութիւն մատուցանողներու թիւը։
13 Այո՛, ձեր այս օժանդակութեամբ ապացոյցը տուած պիտի ըլլաք ձեր քրիստոնէական հաւատքին, եւ Երուսաղէմի ձեր եղբայրները զԱստուած պիտի փառաւորեն՝ տեսնելով թէ ի՛նչպէս Քրիստոսի Աւետարանին կը հնազանդիք եւ ի՛նչպէս առատօրէն ձեր ունեցածը կը բաժնէք իրենց եւ բոլորին հետ,
14 եւ երախտագիտութեամբ պիտի աղօթեն ձեզի համար, այն բացառիկ շնորհքին համար, որ Աստուած ձեզի տուած է։
15 Գոհութիւն Աստուծոյ՝ իր անպատմելի պարգեւին համար։