2 Corinthians 6
1 Արդ, որովհետեւ Աստուծոյ գործպկիցներն ենք, կ՚աղաչենք ձեզի, մի՛ վատնէք Աստուծմէ ձեր ստացած շնորհքը։
2 Որովհետեւ Աստուած կ՚ըսէ.– «Երբ յարմար ժամանակը եկաւ՝ լսեցի քեզ, երբ փրկութեան օրը հասաւ՝ օգնեցի քեզի»։ Ահա հիմա՛ է այդ յարմար ժամանակը. հիմա՛ է փրկութեան օրը։
3 Ոեւէ բանով պատճառ մի՛ ըլլաք որ Աստուծոյ գործը խափանուի կամ վարկաբեկուի.
4 այլ՝ բոլոր պարագաներուն ալ դուք ձեզ ցոյց տուէք որպէս Աստուծոյ պաշտօնեաներ, մեծ համբերութեամբ յանձն առնելով նեղութիւնը, վիշտը, չարչարանքը,
5 ծեծը, բանտը, խռովարարներու վայրագութիւնները, յոգնութիւնը, անքնութիւնը, անօթութիւնը։
6 Այս բոլորը տարէք՝ մաքուր սրտով, գիտակցօրէն, համբերատարութեամբ, քաղցրութեամբ, Սուրբ Հոգիով, անկեղծ սիրով,
7 ճշմարտութիւնը քարոզելով, Աստուծոյ զօրութեամբ եւ արդարութեամբ զինուած՝ չարին դէմ յարձակելու եւ ինքզինք պաշտպանելու համար։
8 Մի՛ այլայլիք՝ ո՛չ փառքէն եւ ո՛չ անարգանքէն, ո՛չ գովասանքէն եւ ո՛չ մեղադրանքէն։ Մարդիկ մոլորած թող ըսեն մեզի. մենք գիտենք թէ ճշմարտութենէն չենք շեղած։
9 Թող չուզեն մեզ ճանչնալ. մենք գիտենք թէ մեզ լաւ կը ճանչնան։ Թող մեռած սեպեն մեզ. մենք ահա կենդանի ենք։ Թող մեզ պատժապարտ համարեն. մենք գիտենք թէ մահուան դատապարտութենէն ազատած ենք։
10 Թող մեր կեանքը տխուր կարծեն. մենք միշտ ուրախ ենք։ Աղքատ թող սեպեն. մենք շատերու կեանքերը կը ճոխացնենք։ Այո՛, կը թուի թէ ոչինչ ունինք, մինչդեռ ամէն ինչ ունինք։
11 Ահա, սիրելի՛ Կորնթացիներ, ամէն ինչ բաց եւ անկեղծ սրտով ըսի ձեզի։
12 Դուք ինչո՞ւ կը դժուարանաք արտայայտուելու։ Ո՛չ իմ պատճառովս հարկաւ, այլ պարզապէս՝ ձեր սէրը արտայայտելու կը քաշուիք։
13 Բայց կ՚ուզեմ որ ինծի պէս բանաք ձեր սիրտերը եւ ազատօրէն խօսիք դուք ալ. չէ՞ որ իմ զաւակներս էք դուք։
14 Բնաւ անհաւատներուն լծակից մի՛ ըլլաք։ Ի՞նչ կապ կրնայ ունենալ արդարը անօրէնին հետ, կամ ի՞նչ նոյնութեան եզր կրնայ ըլլալլոյսին ու խաւարին միջեւ։
15 Ի՞նչ համաձայնութիւն կրնայ ըլլալ Քրիստոսի եւ Սատանային միջեւ, կամ ի՞նչ գործ ունի հաւատացեալը անհաւատին հետ։
16 Ի՞նչ նմանութիւն կայ Աստուծոյ տաճարին եւ մեհեաններուն միջեւ։ Արդարեւ, մե՛նք ենք կենդանի Աստուծոյ տաճարը, ինչպէս Աստուած ինք ըսաւ.– «Անոնց մէջ պիտի բնակիմ եւ անոնց հետ պիտի ապրիմ։ Ես իրենց Աստուածը պիտի ըլլամ եւ անոնք՝ իմ ժողովուրդս»։
17 Ահա թէ ինչո՛ւ Աստուած կը հրահանգէ մեզի.– «Անջատ եւ հեռո՛ւ կեցէք հեթանոսներէն. պիղծ բաներու մի՛ դպչիք, եւ ես ձեզ պիտի ընդունիմ։
18 Ես ձեզի Հայր պիտի ըլլամ եւ դուք իմ տղաքս ու աղջիկներս պիտի ըլլաք,– կ՚ըսէ ամենակալ Տէրը»։