Bible

Simplify

Your Church Tech & Streamline Your Worship

Try RisenMedia.io Today!

Click Here

2 Corinthians 5

:
Armenian - 2019
1 Արդարեւ, գիտենք թէ հողեղէն այս տունը, որ մերմարմինն էեւ որուն մէջ կը բնակինք, պիտի քայքայուի. բայց երկինքի մէջ ունինք Աստուծոյ կողմէ պատրաստուած անձեռագործ եւ յաւիտենական մարմին մը՝ իբրեւ տուն։
2 Որքան ատեն որ հողեղէն այս մարմինին մէջն ենք՝ կը հառաչենք, երկնային մարմինը հագնելու փափաքով։
3 Միայն թէ չըլլայ որ երբ այս մարմինէն մերկանանք՝ առանց մարմինի մնանք։
4 Այո՛, որքան ատեն որ հողեղէն այս մարմինին մէջն ենք՝ կը հառաչենք, կարծես բեռան մը տակ ճնշուած. ո՛չ թէ որովհետեւ կ՚ուզենք այս մարմինը մեր վրայէն հանել, այլ կ՚ուզենք երկնայինը ասոր վրայ հագնիլ, որպէսզի այս մահկանացու մարմինը սուզուի կեանքին մէջ։
5 Աստուած ինքն է որ մեզ այս փոխակերպումին կը պատրաստէ, եւ որպէս գրաւական տուած է իր Հոգին։
6 Հետեւաբար, միշտ վստահութեամբ լեցուն ենք։ Գիտենք, թէ որքան ատեն որ այս մարմինին մէջ կը բնակինք՝ դուրս կը մնանք մեր իսկական տունէն, հեռու Տիրոջմէ,
7 որովհետեւ հաւատքով է որ կ՚ապրինք, առանց զինք տեսնելու։
8 Բայց վստահութիւն ունինք, եւ շատ աւելի պիտի ուզէինք այս մարմինէն դուրս գալ եւ Տիրոջ քով ըլլալ։
9 Ուստի, այս մարմինին մէջ մնանք թէ հեռանանք, մեր միակ ձգտումն է՝ Աստուծոյ հաճելի ըլլալ։
10 Որովհետեւ բոլորս ալ Քրիստոսի ատեանին դիմաց պիտի կանգնինք, որպէսզի իւրաքանչիւրը իր մարմինով ընդունի հատուցումը երկրի վրայ իր կատարած բարի կամ չար գործերուն։
11 Ուստի, մենք միայն Տիրոջմէ կը վախնանք։ Գալով մարդոց, կը փորձենք զանոնք համոզել մեր գործով ու խօսքով, որոնք յայտնի են Աստուծոյ, եւ կարծեմ ձեր խիղճերն ալ կը վկայեն այդ մասին։
12 Մեր նպատակը ձեր հաճութիւնը շահիլ չէ։ Ընդհակառակը, կ՚ուզենք ձեզի պարծանքի պատճառ մը տալ, որ դուք մեզմով պարծենաք անո՛նց դիմաց, որոնք, ի հեճուկս մեզի, արտաքին առաւելութիւններով կը պարծենան, փոխանակ նկարագրային առաւելութիւններով պարծենալու։
13 Կա՛մ այն է՝ որ մեր խօսածները զառանցանք են թող Աստուած դատէ ատիկա եւ կա՛մ այն է՝ որ ողջմտութիւն են դո՛ւք դատեցէք ատիկա։
14 Սա՛ միայն գիտենք, թէ Քրիստոսի սէրն է որ կը ստիպէ մեզ այսպէս վարուելու։ Գիտենք թէ Քրիստոս մեռաւ բոլոր մարդոց փոխարէն, եւ հետեւաբար բոլորն ալ միասին մեռած եղան։
15 Եւ Քրիստոս բոլորինհամար մեռաւ, որպէսզի հաւատքով կենդանացողները այլեւս չապրի՛ն իրենք իրենց համար, այլ անոր համար՝ որ իրենց փոխարէն մեռաւ եւ յարութիւն առաւ։
16 Այնպէս որ, այսուհետեւ մենք ոեւէ հաւատացեալի չենք նայիր զուտ մարդկային չափանիշով։ Կար ժամանակ, երբ մենք ալ այդպէս կը նայէինք Քրիստոսի. բայց հիմա ամբողջութեամբ տարբեր կը մտածենք։
17 Ոեւէ մէկը որ Քրիստոսի միացած է՝ նոր արարած է. այլեւս չէ՛ այն՝ ինչ որ էր նախապէս, որովհետեւ ամբողջութեամբ նորոգուեցաւ։
18 Եւ այս նորոգութիւնը կու գայ Աստուծմէ, որ Քրիստոսի միջոցաւ մեզ իրեն հետ հաշտեցուց եւ նաեւ պաշտօն տուաւ մեզի՝ ուրիշներն ալ հաշտութեան բերելու։
19 Այսինքն, Աստուած ինքն էր որ Քրիստոսի միջոցաւ աշխարհը հաշտեցուց իրեն հետ, անյիշաչար գտնուելով մարդոց մեղքերուն հանդէպ, եւ մեզի պաշտօն տուաւ՝ որ այս հաշտութիւնը պատգամենք բոլոր մարդոց։
20 Ահա թէ ինչու՝ մենք Քրիստոսի կողմէ պատգամաւորութիւն կ՚ընենք, այնպէս՝ որ կարծես Աստուած ինք մեր միջոցաւ կը խօսի ձեզի. եւ Քրիստոսի կողմէ կ՚աղաչենք ձեզի.– Հաշտուեցէ՛ք Աստուծոյ հետ։
21 Որովհետեւ Աստուած մեզի համար մեղքի պատարագ ըրաւ Քրիստոսը, ան՝ որ բնաւ մեղք չէր գործած, որպէսզի մենք անոր միանալով արդարանանք Աստուծոյ համար։