Bible

Upgrade

Your Church Presentations in Minutes

Try RisenMedia.io Today!

Click Here

2 Corinthians 3

:
Armenian - 2019
1 Բայց ասիկա ըսելով, արդեօք ուրիշներու պէս մենքմեզ գովաբանա՞ծ կ՚ըլլանք։ Պէտք ունի՞նք միթէ ձեզմէ յանձնարարական առնելու կամ այդպիսի նամակներով ձեզի ներկայանալու, ինչպէս ոմանք կ՚ընեն։
2 Որովհետեւ մեր լաւագոյն յանձնարարականը, որ ձեր սիրտերուն մէջ գրուած է՝ դուք էք, ձեր կեանքերով, որ ամէն մարդ կրնայ ճանչնալ ու կարդալ,
3 եւ կրնայ յստակօրէն տեսնել՝ թէ Քրիստոսի նամակն էք դուք, պարզապէս մեր ձեռքով գրուած։ Գրուած՝ ո՛չ թէ մելանով, այլ՝ կենդանի Աստուծոյ Հոգիով. ո՛չ թէ քարեղէն տախտակներու, այլ՝ ձեր սիրտերու մարմնեղէն տախտակներուն վրայ։
4 Աստուծոյ վրայ մեր ունեցած վստահութեամբն է որ կ՚ըսենք այս բաները. վստահութիւն՝ որ Քրիստոս կու տայ մեզի։
5 Որովհետեւ բնաւ չենք խորհիր որ մենք մեր ոյժերով այդպիսի գործ մը կրնանք ընել. այլ՝ Աստուած է որ այդ կարողութիւնը կու տայ մեզի։
6 Դարձեալ ինքն է, որ մեզ արժանի ըրաւ ըլլալու ծառաները նոր Ուխտին, որ կապուած չէ՛ գրաւոր Օրէնքին, այլ՝ Սուրբ Հոգիին. որովհետեւ գրաւոր Օրէնքը մահուան կ՚առաջնորդէ, մինչդեռ Հոգին կեանք կու տայ։
7 Երբ Օրէնքը գիրերով կը դրոշմուէր քարեղէն տախտակներուն վրայ, Աստուծոյ փառքը յայտնուեցաւ եւ Մովսէսի դէմքը այնպիսի՛ փայլքով մը կը փայլէր, որ Իսրայէլացիներ չկրցան անոր երեսին նայիլ, թէպէտ այդ փայլքը շուտով պիտի անցնէր։
8 Արդ, եթէ Օրէնքը՝ որ մահուան կ՚առաջնորդէր, այդպիսի փառքով մը տրուեցաւ, որքա՜ն աւելի փառաւոր պիտի ըլլար Սուրբ Հոգիին տըւչութիւնը։
9 Արդարեւ, եթէ դատապարտութիւն բերող Օրէնքին մատակարարումը փառաւոր էր, իր փառաւորութեամբը գերազանց է մատակարարումը Սուրբ Հոգիին, որ մարդիկը կ՚արդարացնէ։
10 Կրնանք այս պարագային ըսել, որ Հոգիի Օրէնքին գերազանց փառաւորութեան հետ համեմատած՝ գրաւոր Օրէնքին փառքը ոչինչ է։
11 Եւ իրապէս, եթէ ժամանակաւորը փառաւորութեամբ տրուեցաւ, որքա՜ն աւելի փառաւոր է մնայունը։
12 Արդ, որովհետեւ մենք այսպիսի յոյս մը ունինք, բաց երեսով կը խօսինք ձեզի հետ,
13 եւ ո՛չ թէ Մովսէսի պէս, որ իր դէմքը քողով կը ծածկէր՝ որպէսզի Իսրայէլացիներ մինչեւ վերջ չնային այն փառքին որ շուտով պիտի անցնէր։
14 Արդարեւ, անոնց միտքերը փակուեցան, եւ մինչեւ այսօր ալ երբ Հին Կտակարանը կը կարդան՝ նոյն այդ քողը կը մնայ իրենց միտքերուն վրայ, որովհետեւ կը վերնայ միայն ա՛յնատեն՝ երբ Քրիստոսի հաւատան։
15 Եւ մինչեւ այսօր, ե՛րբ որ ալ Մովսէսի գիրքերը կը կարդան՝ նոյն քողը վարագոյրի պէս կը փակէ անոնց միտքերը։
16 Բայց երբ Տիրոջ դառնան՝ քողը կը վերցուի.
17 քանի Տիրոջ դառնալ՝ կը նշանակէ Հոգին ունենալ, եւ ուր որ Տիրոջ Հոգին ներկայ է՝ հոն ազատութիւն է։
18 Եւ մենք բոլորս ալ, որ բաց երեսով Տիրոջ փառքը կ՚արտացոլացնենք հայելիի մը պէս, նոյն այդ պատկերով կը փոխակերպուինք՝ հետզհետէ աճող փառքով մը։ Եւ այդ փոխակերպումը Տիրոջ Հոգին է որ կ՚իրագործէ։