Bible

Simplify

Your Church Tech & Streamline Your Worship

Try RisenMedia.io Today!

Click Here

2 Corinthians 13

:
Armenian - 2019
1 Ահա երրորդ անգամն է որ ձեզի կու գամ։ Արդարեւ, ինչպէս Սուրբ գիրքը կ՚ըսէ, «Ոեւէ ամբաստանութիւն երկու կամ երեք վկաներով պէտք է հաստատուի»։
2 Ինչ որ երկրորդ այցելութեանս առիթով անձամբ ըսի, հիմա եւս, հեռուէն, իբրեւ ազդարարութիւն կ՚ըսեմ անոնց՝ որոնք սկիզբէն մեղանչեցին, ինչպէս նաեւ միւս բոլորին, թէ՝ յաջորդ գալուս անոնցմէ ոեւէ մէկուն պիտի չխնայեմ։
3 Եթէ ձեր ուզածը ապացոյց է՝ թէ ինձմով Քրիստոս է որ կը խօսի, պիտի ունենաք։ Պիտի տեսնէք թէ Քրիստոս տկարութեամբ չէ՛ որ կը գործէ ձեր մէջ, այլ՝ զօրութեամբ։
4 Թէպէտ իբրեւ մարդ՝ տկարութեամբ խաչուեցաւ, բայց Աստուծոյ զօրութեամբը կենդանի է։ Մենք ալ, թէպէտեւ իր օրինակով կը տկարանանք, բայց իր օրինակով մենք ալ պիտի կենդանանանք Աստուծոյ զօրութեամբը՝ ձեզի ծառայելու համար։
5 Քննեցէ՛ք դուք ձեզ, տեսնելու համար թէ նոյն հաւատքին մէջ կը մնա՞ք։ Փորձեցէ՛ք դուք ձեզ. Քրիստոս Յիսուսի ներկայութիւնը կը զգա՞ք ձեր ներսիդին, թէ պարզապէս իր անունը կը կրէք։
6 Յուսամ գիտէք, թէ մենք այդ փորձը յաջողապէս կատարած ենք։
7 Եւ կը խնդրենք Աստուծմէ, որ չարիք չգործէք։ Ասիկա ըսելով՝ չենք ուզեր մենք մեզ ընտիր ցոյց տալ. ընդհակառակը, կ՚ուզենք որ դուք բարին գործէք, նոյնիսկ մեզ ամօթով ձգելու չափ։
8 Որովհետեւ Աստուծոյ ճշմարտութեան դէմ ոչինչ կրնանք ընել, այլ միայն կրնանք անոր համար աշխատիլ։
9 Ուրախութեամբ յանձն կ՚առնենք տկարանալ, միայն թէ դուք զօրանաք։ Ուստի կ՚աղօթենք որ հետզհետէ կատարեալ ըլլաք։
10 Ասիկա հեռուէն կը գրեմ ձեզի, որպէսզի երբ գամ՝ պէտք չունենամ խստութեամբ վարուելու ձեզի հետ այն իշխանութեամբ՝ որ Տէրը ինծի տուաւ ուղղելու համար, եւ ո՛չ թէ պատժելու։
11 Կը փակեմ նամակս, եղբայրներ. ո՛ղջ եղէք։ Կատարեալ ըլլալու աշխատեցէք, քաջալերուեցէ՛ք։ Համերաշխ եւ խաղաղութեամբ ապրեցէք իրարու հետ, եւ այն ատեն խաղաղութեան ու սիրոյ Աստուածը ձեզի հետ պիտի ըլլայ։
12 Սուրբ համբոյրով ողջունեցէք իրար։ Այստեղի քրիստոնեաները կ՚ողջունեն ձեզ։
13 Տէր Յիսուս Քրիստոսի շնորհքը, Աստուծոյ սէրը եւ Սուրբ Հոգիին հաղորդութիւնը ձեր բոլորին հետ ըլլան։ Ամէն։