2 Corinthians 12
1 Թէպէտ անօգուտ է պարծենալը, բայց պիտի պար–ծենամ, ձեզի պատմելով այն տեսիլքներուն եւ յայտնութիւններուն մասին, որ Տէրը ինծի տուաւ։
2 Պիտի պարծենամ իբրեւ քրիստոնեայ մը, որ տասնըչորս տարիներ առաջ մինչեւ երկինքի բարձունքը յափշտակուեցաւ, չեմ գիտեր՝ մարմինո՞վ թէ հոգիով. Աստուած գիտէ։
3 Մինչեւ դրախտ յափշտակուեցաւ,– կը կրկնեմ, մարմինո՞վ թէ հոգիով՝ չեմ գիտեր.
4 Աստուած գիտէ,– եւ լսեց անպատմելի բաներ, որ մարդոց թոյլատրուած չէ խօսիլ։
5 Այդ փորձառութեամբ է որ պիտի պարծենամ եւ ո՛չ թէ ես ինձմով։ Գալով անձիս, միայն տկարութիւններովս պիտի պարծենամ։
6 Եթէ տակաւին ուզէի՝ կրնայի պարծենալ եւ անմիտ ալ եղած պիտի չըլլայի, որովհետեւ ճշմարտութիւնը ըսած պիտի ըլլայի։ Բայց կը հրաժարիմ ըսելէ, որպէսզի չըլլայ որ ոեւէ մէկը իմ վրաս աւելի բարձր համարում ունենայ՝ քան կրնայ ունենալ գործերս տեսնելով կամ խօսքերս լսելով։
7 Միւս կողմէ, որպէսզի չըլլայ որ ունեցած բացառիկ յայտնութիւններովս հպարտանամ, Աստուած փուշի պէս ծակող ցաւ մը տուաւ մարմինիս, կարծես Սատանային ներկայացուցիչը ըլլար մարմինիս մէջ, որպէսզի անով զիս զգաստացնէ եւ չհպարտանամ։
8 Այդ ցաւին համար երեք անգամներ աղաչեցի Տիրոջ, որ հեռացնէ ինձմէ։
9 Բայց ինծի ըսաւ. «Իմ շնորհքս կը բաւէ քեզի. որովհետեւ իմ զօրութիւնս ամբողջապէս կը յայտնուի՝ մարդուս տկարութեանը մէջ»։ Ահա թէ ինչու՝ մեծ հաճոյքով կը պարծենամ տկարութիւններովս, որպէսզի Քրիստոսի զօրութիւնը իմ մէջս հաստատուի։
10 Ատոր համար ալ, ես գոհ եմ տկարութիւններուս եւ Քրիստոսի համար կրած նախատինքներուս, նեղութիւններուս, հալածանքներուս եւ դժուարութիւններուս համար. որովհետեւ երբ տկար եմ՝ այն ատեն է որ զօրաւոր եմ։
11 Իրաւ որ անմիտ եղայ պարծենալով. բայց դո՛ւք ստիպեցիք զիս։ Դուք էր որ պէտք էր վկայէիք՝ թէ ես ոեւէ բանով ետ չեմ մնար ձեր այդ նշանաւոր “ առաքեալ ” ներէն, թէպէտեւ ոչինչ եմ։
12 Իմ առաքեալ ըլլալուս նշանները Աստուած ցոյց տուաւ այն գործերով՝ նշաններով, սքանչելիքներով ու զօրաւոր հրաշքներով, որ ես մեծ համբերութեամբ կատարեցի ձեր մէջ։
13 Ոեւէ բանով պակաս չմնացիք միւս եկեղեցիներէն ։ Սա միակ տարբերութեամբ, որ ձեզի նիւթական բեռ չեղայ։ Ներեցէ՜ք ին ծի այդ “յանցանքս”։
14 Ահա կը պատրաստուիմ ձեզի գալու, արդէն երրորդ անգամն ըլլալով, եւ դարձեալ բեռ պիտի չըլլամ ձեզի։ Ձեր նիւթական օգնութիւնը չեմ ուզեր. ձե՛զ է որ կ՚ուզեմ։ Վերջին հաշուով, զաւակները պարտաւոր չեն իրենց ծնողները հոգալու, մինչդեռ ծնողները պարտաւոր են զաւակները հոգալու։
15 Ես մեծ հաճոյքով ունեցածս կու տամ եւ իմ անձս ալ կու տամ ձեզի համար, նոյնիսկ եթէ ձեզաւելի շատ սիրելովս՝ աւելի նուազ սիրուիմ ձեզմէ։
16 Լաւ գիտէք, որ բնաւ բեռ չեղայ ձեզի, թէպէտ ըստ ոմանց՝ խորամանկ եղայ եւ խաբեբայութեամբ կողոպտեցի ձեզ։
17 Արդեօ՞ք ձեզի ղրկած մարդոցմովս ձեզ շահագործեցի։
18 Աղաչեցի, որ Տիտոսը ինք գայ ձեզի, եւ հետն ալ մեր միւս եղբայրը ղրկեցի։ Կրնա՞ք ըսել թէ Տիտոս ձեզ շահագործեց։ Երկուքս ալ նոյն ոգիով կը շարժինք եւ նոյն ձեւով կը գործենք։
19 Թերեւս կը խորհիք որ մինչեւ հիմա մենք մե՞զ է որ կը փորձենք արդարացնել։ Ո՛չ, սիրելիներ. մենք իբրեւ Քրիստոսի հաւատացողներ՝ Աստուծոյ դիմաց է որ կը խօ— սինք, եւ ինչ որ կ՚ընենք՝ ձեր օգուտին համար է որ կ՚ընենք։
20 Բայց կը վախնամ որ երբ գամ՝ ձեզ չգտնեմ այնպէս՝ ինչպէս որ կ՚ուզեմ, եւ դուք ալ զիս գտնէք այնպէս՝ ինչպէս պիտի չուզէիք։ Այսինքն, կը վախնամ որ դարձեալ ձեր մէջ կռիւ, նախանձ, զայրոյթ, իրարու դէմ գրգռութիւն, չարախօսութիւն, բամբասանք, հպարտութիւն, ամբարտաւանութիւն եւ խռովութիւն ըլլայ։
21 Այո՛, կը վախնամ որ երբ վերստին ձեզի գամ՝ իմ Աստուածս զիս նուաստացնէ ձեր առջեւ եւ ես սուգ ընեմ այն բոլորին վրայ՝ որոնք մեղքի մէջ ինկած են եւ կը մերժեն հրաժարիլ իրենց գործած պղծութիւններէն՝ պոռնկութիւններէն եւ անբարոյութիւններէն։