Bible

Upgrade

Your Church Presentations in Minutes

Try RisenMedia.io Today!

Click Here

2 Corinthians 11

:
Armenian - 2019
1 Սակայնկըյուսամքիչմը ներողամիտ կ՚ըլլաք՝ եթէ անմտօրէն ես ալ պարծենամ, ըրածներս յիշեցնելով ձեզի։ Իսկ դուք համբերութեամբ լսեցէք։
2 Ես ձեզի հանդէպ Աստուծոյ նախանձախնդրութեամբ լեցուած՝ կ՚ուզեմ որ միայն Քրիստոսը սիրէք, ինչպէս մաքուր կոյս մը որ իր սէրը կը վերապահէ անոր՝ որ իր ամուսինը պիտի ըլլայ։
3 Բայց կը վախնամ որ ձեր միտքը ապականի եւ հեռանաք Քրիստոսի հանդէպ ամբողջական եւ մաքուր նուիրումէն, ճիշդ ինչպէս Եւան խաբուեցաւ օձին խորամանկ սուտերէն։
4 Կը վախնամ որ նոյնքան դիւրութեամբ ընդունիք ո՛եւէ մէկը՝ որ մեր քարոզածէն տարբեր փրկիչ մը, ձեր ստացած Հոգիէն տարբեր հոգի մը, կամ ձեր ընդունած Աւետարանէն տարբեր աւետարան մը կը քարոզէ ձեզի։
5 Չեմ գիտեր թէ ես ձեր այդ նշանաւոր առաքեալ ներէն բանով մը ետ կը մնա՞մ։
6 Թէպէտ ճարտար խօսող մը չեմ, բայց խօսածս գիտեմ։ Եւ կարծեմ ատիկա ապացուցանեցի ձեզի ամէն ինչով։
7 Արդեօք մե՞ղք գործեցի, որ Աստուծոյ Աւետարանը ձրիօրէն քարոզեցի ձեզի եւ ինքզինքս խոնարհեցուցի՝ ձեզ բարձրացնելու համար։
8 Ձեւով մը միւս եկեղեցիները կողոպտած եղայ, ապրուստս անոնցմէ առնելով, որպէսզի ձեզի ծառայեմ ձրի— օրէն։
9 Ձեր քով եղած ատենս նոյնիսկ երբ կարիքի մէջ եղայ՝ ձեզմէ ոեւէ մէկուն բեռ չեղայ. Մակեդոնիայէն եկած եղբայրները հոգացին պէտքերս։ Եւ ինչպէս անցեալին զգուշացայ, ասկէ ետք եւս ամէն կերպով պիտի զգուշանամ ձեզի բեռ ըլլալէ։
10 Բայց Քրիստոսի ճշմարտութեամբը, որ իմ ներսիդիս է, կ՚ըսեմ՝ թէ այս բաներով պիտի պարծենամ ամբողջ Աքայիայի մէջ, բոլորին պատմելով։
11 Ինչո՞ւ կ՚ըսեմ ասիկա։ Ձեզ չսիրելո՞ւս համար։ Ընդհակառակը, Աստուած գիտէ թէ ո՛րքան ձեզ կը սիրեմ։
12 Սակայն կը մերժեմ ձեզմէ նիւթական օգնութիւն ստանալ, եւ պիտի շարունակեմ մերժել, որպէսզի արմատէն կտրած ըլլամ առարկութիւնները անոնց՝ որոնք կը պարծենան թէ իրենք ալ մեզի պէս կ՚աշխատին։
13 Սուտ առաքեալներ են անոնք, խաբեբայ մարդիկ, որոնք կ՚ուզեն իբրեւ Քրիստոսի առաքեալ ներկայանալ մարդոց։
14 Եւ զարմանալի ալ չէ, որովհետեւ Սատանան ինքն ալ լուսաւոր հրեշտակի կերպարանքով կը ներկայանայ։
15 Հետեւաբար երբեք տարօրինակ չէ, որ անոր ծառայողները իրենք ալ արդարութեան ծառաներու կերպարանքով կը ներկայանան։ Իրենց գործերուն համաձայն պիտի ըլլայ նաեւ անոնց պատիժը։
16 Դարձեալ կ՚ըսեմ, թող ո՛չ ոք զիս անմիտ համարէ, եթէ պարծենամ. բայց նոյնիսկ անմիտ նկատէք՝ ես պիտի պարծենամ քիչ մը։
17 Ինչ որ հիմա՝ պարծեցած ատենս կ՚ըսեմ՝ հաճելի չէ Տիրոջ. բայց պիտի ըսեմ, այնպէս ինչպէս անմիտ մը պիտի խօսէր։
18 Քանի ուրիշներ մարդկային նկատումներէ առաջնորդուած կը պարծենան, ես ալ պիտի պարծենամ,
19 որովհետեւ կը տեսնեմ թէ հաճոյքով եւ համբերութեամբ կը լսէք անմիտները, դուք՝ իմաստուններդ։
20 Մտիկ կ՚ընէք անոնց՝ որոնք կը խաբեն ձեզ եւ ստրուկի տեղ կը դնեն, կը շահագործեն ու կը կողոպտեն ձեզ, կ՚արհամարհեն ու կ՚ապտակեն ձեզ։
21 Ամօթով կ՚ընդունիմ, թէ ես շատ խե՜ղճ եմ եղեր։ Բայց ահա անմտօրէն կ՚ըսեմ.– Եթէ ուրիշներ կը համարձակին պարծենալ՝ ես ալ կը համարձակիմ։
22 Եբրայեցի՞ են. ես ալ Եբրայեցի եմ։ Իսրայէլացի՞ են. ես ալ։ Աբրահամի սերո՞ւնդ են. ես ալ եմ։
23 Քրիստոսի ծառանե՞րն են. աւելի մեծ յիմարութեամբ կրնամ ըսել՝ թէ ես շա՛տ աւելի Քրիստոսի ծառան եմ։ Իրենցմէ աւելի աշխատած եմ, իրենցմէ աւելի բանտարկուած, շատ աւելի ծեծ կերած եւ բազմաթիւ անգամներ մինչեւ մահուան դուռը հասած։
24 Հինգ անգամ ժողովարաններու մէջ քառասունէն մէկ պակաս հարուած կերած եմ Հրեաներէն.
25 երեք անգամ խարազանուած եմ Հռոմայեցիներէն. մէկ անգամ քարկոծուած, երեք անգամ նաւաբեկութեան հանդիպած եւ լման գիշեր մը եւ ցերեկ մը ծովուն բացերը մնացած։
26 Ճամբորդութիւններուս ընթացքին ի՜նչ վտանգներէ անցայ.– յորդած գետեր, աւազակներ. վտանգ՝ թէ՛ ազգակիցներէս եւ թէ՛ հեթանոսներէն, քաղաքներու մէջ, անբնակ վայրերու մէջ թէ ծովերու վրայ, եւ վտանգ՝ սուտ քրիստոնեաներու կողմէ։
27 Միշտ ջանքի եւ ծանր աշխատանքի մէջ եղայ, յաճախ անքուն գիշերներ անցընելով, քաղց ու ծարաւ կրելով, յաճախ առանց պատառ մը հացի, ցրտահար ու մերկ։
28 Եւ դեռ, թողլով միւս բոլոր նեղութիւնները, իմ վրաս կը ծանրանար նաեւ բոլոր եկեղեցիներուն ամենօրեայ հոգը։
29 Մէկը ցա՞ւ մը ունի, ես ալ հետը կը տառապիմ. մէկը հաւատքին մէջ տկարացա՞ւ, ես ալ հետը կը տագնապիմ։
30 Եթէ պարծենալ պէտք է՝ իմ տկարութիւններովս պիտի պարծենամ։
31 Աստուած, մեր Տիրոջ՝ Յիսուսի Հայրը, որ յաւէտ օրհնեալ է, գիտէ՝ թէ չեմ ստեր։
32 Դամասկոսի մէջ, Արետաս թագաւորի նշանակած կառավարիչը զիս ձերբակալելու համար ամբողջ Դամասկոս քաղաքը հսկողութեան տակ առած էր,
33 բայց պարիսպին պատուհանէն զիս զամբիւղով իջեցուցին, եւ փախայ անոր ձեռքէն։