2 Corinthians 10
1 Ես, Պօղոս, Քրիստոսիհեզութեամբեւքաղցրութեամբ կը խնդրեմ ձեզմէ.– Կան մարդիկ, որոնք կ՚ըսեն՝ թէ երբ ձեր դիմաց եւ ձեր մէջ կը գտնուիմ՝ կը խեղճանամ, մինչդեռ երբ հեռու եմ՝ խիստ եմ ձեզի հանդէպ։
2 Կ՚աղաչեմ, մի՛ ստիպէք որ երբ գամ՝ խստութեամբ վարուիմ։ Եւ վստահաբար կարծր պիտի վարուիմ անոնց հետ՝ որոնք կը կարծեն թէ աշխարհային նկատումներով կ՚առաջնորդուինք։
3 Ճիշդ է որ աշխարհի մէջ կ՚ապրինք, բայց աշխարհային նկատումներէ առաջնորդուած չէ որ կը պատերազմինք։
4 Պատերազմի մեր զէնքերը աշխարհային չեն, այլ՝ Աստուծոյ զօրաւոր զէնքերն են՝ ամրոցները խորտակելու համար։
5 Եւ մենք կը խորտակենք Աստուծոյ գիտութեան դէմ բարձրացած առարկութեանց բոլոր հպարտ պատնէշները եւ բոլոր միտքերը գերելով՝ Քրիստոսի հնազանդութեան կը բերենք։
6 Նաեւ պատրաստ ենք ոեւէ անհնազանդութիւն պատժելու, երբ ձեր հնազանդութիւնը ամբողջական ըլլայ։
7 Դուք իւրաքանչիւրը իր երեւոյթով կը դիտէք։ Ով որ ներքնապէս համոզուած է թէ ինք Քրիստոսի կը պատկանի, թող դարձեալ հետեւեալը խորհի, թէ ինչպէս որ ինք Քրիստոսի կը պատկանի՝ այնպէս նաեւ մենք Քրիստոսի կը պատկանինք։
8 Նոյնիսկ եթէ ուրիշներէն քիչ մը աւելի պարծենամ մեզի տրուած իշխանութեան համար, ամըչնալիք բան մը չունիմ։ Այդ իշխանութիւնը Տէրը ինք տուաւ՝ ձեր հաւատքը ամրապնդելու համար, եւ ո՛չ թէ խորտակելու։
9 Ասիկա կ՚ըսեմ, որովհետեւ չեմ ուզեր որ ունենաք այն տպաւորութիւնը՝ թէ նամակներովս ձեզ կը սարսափեցնեմ,
10 ինչպէս ոմանք ըսեր են, թէ՝ «Նամակներուն մէջ շատ խիստ է եւ ազդեցիկ, մինչդեռ եթէ իրեն նայիս՝ խեղճուկ է, եւ խօսքերն ալ տպաւորիչ չեն»։
11 Այդպէս ըսողը թող լաւ գիտնայ, թէ ինչ որ կ՚ըսենք հեռուէն՝ մեր նամակներով, նոյնը նաեւ գործի պիտի վերածենք՝ երբ ձեզի գանք։
12 Անշուշտ չենք համարձակիր մենք մեզ բաղդատել կամ դասել անոնց հետ՝ որոնք ձեր դիմաց իրենք զիրենք կը գովեն։ Ա՜յնքան անմիտ են, որ իրենք իրենցմով կը չափեն եւ իրենք իրենց հետ կը բաղդատեն իրենց անձերը։
13 Գալով մեզի, մեր պարծանքը որոշ սահմանէ մը անդին չ՚անցնիր, այլ կը սահմանափակուի այն գործունէութեամբ՝ որ Աստուած որոշած է մեզի համար, եւ այդ սահմանին մէջ կը մտնէ նաեւ ձեր մօտ մեր քարոզութիւնը։
14 Արդ, քանի որ դուք Աստուծմէ մեզի որոշուած սահմանին մէջ կը գտնուիք, մենք մեր սահմանէն անդին չենք ուզեր երթալ, որովհետեւ արդէն ձեր մօտ հասանք Քրիստոսի Աւետարանը քարոզելով։
15 Այնպէս որ՝ մենք որոշ սահմանէ մը անդին չենք պարծենար, մանաւանդ ուրիշներու աշխատանքով. բայց կը յուսանք որ ձեր հաւատքը աճի եւ ձեր մօտ մեր աշխատանքը աւելի մեծնայ ու տարածում գտնէ, միշտ Աստուծոյ որոշած սահմանին մէջ։
16 Այսպիսով կրնանք Աւետարանը քարոզել նաեւ ձեզմէ անդին գտնուող վայրերու մէջ, առանց ուրիշներու սահմաններուն մէջ կատարուած քարոզութեամբ պարծենալու։
17 Որովհետեւ մարգարէն կ՚ըսէ. «Ով որ կը պարծենայ՝ թող Տիրոջմով պարծենայ»։
18 Իսկապէս ընտրուածը ան չէ՛ որ ինքզինք կը գովէ, այլ ան՝ որ Տիրոջ կողմէ կը գովուի։