1 John 12019

1Մենք լսեցինք, մերաչքերով տեսանք եւմեր ձեռքերով շօշափեցինք Որդին, Բանը, որ սկիզբէն իսկ կեանքի ստեղծիչն էր։

2Անիկա նոյնինքն կեանքն էր, որ յայտնուեցաւ ։ Մենք տեսանք եւ կը վկայենք, ձեզի պատմելով անոր մասին, այսինքն՝ յաւիտենական կեանքին մասին, որ Հօրը հետ էր եւ այժմ մեզի յայտնուեցաւ։

3Ինչ որ տեսանք ու լսեցինք՝ կը պատմենք ձեզի, որպէսզի դո՛ւք ալ մասնակից դառնաք այն հաղորդակցութեան որ մենք ունինք Հօրը եւ անոր Որդիին՝ Յիսուս Քրիստոսի հետ,

4եւ ձեր ուրախութիւնը կատարեալ ըլլայ։ Ահա թէ ինչո՛ւ կը գրենք ձեզի այս նամակը։

5Պատգամը, որ իրմէ լսեցինք եւ ձեզի կը փոխանցենք, սա է՝ թէ Աստուած լոյս է, բնաւ խաւար չկայ անոր մէջ։

6Արդ, եթէ ըսենք՝ «Հաղորդակից ենք իրեն», եւ միւս կողմէ շարունակենք խաւարի մէջ ապրիլ, կը ստենք ահա եւ ճշմարտութիւնը չենք գործադրեր։

7Իսկ եթէ լոյսի մէջ քալենք, ինչպէս ինք լոյսի մէջ է, այն ատեն ճշմարտապէս հաղորդակից կ՚ըլլանք իրարու, եւ իր Որդւոյն Յիսուսի արիւնը կը սրբէ մեզ ամէն մեղքէ։

8Եթէ ըսենք՝ «Մեղք չունինք», մենք մեզ կը խաբենք եւ մեր մէջ ճշմարտութիւն չկայ։

9Իսկ եթէ խոստովանինք մեր մեղքերը, վստահ եղէք՝ թէ Աստուած, որ արդար է, պիտի ներէ մեր մեղքերը եւ մեզ պիտի սրբէ մեր բոլոր անիրաւութիւններէն։

10Եթէ «Մեղք չգործեցինք» ըսենք, ստախօս կը հանենք զԱստուած, եւ մեր մէջ իր խօսքը չկայ։

© Bible Society Lebanon (BSL), 2001/2019

Choose Translation

Switch translation for 1 John 1.

Reading Settings

Paragraph viewDisplay verses as flowing paragraphs instead of individual lines
Show verse numbersDisplay verse numbers inline
Red letterHighlight the words of Christ in red

Sign in to save your reading preferences across sessions.