Bible

Power Up

Your Services with User-Friendly Software

Try RisenMedia.io Today!

Click Here

1 Timothy 6

:
Armenian - 2019
1 Անոնք որ ծառայութեան լուծին տակ են՝ թող բացարձակ յարգանք ցոյց տան իրենց տէրերուն, որպէսզի Աստուծոյ անունը եւ Քրիստոսի ուսուցումները հայհոյութեան առարկայ չդառնան։
2 Իսկ անոնք որոնք քրիստոնեայ տէրեր ունին, Քրիստոսով եղբայր ըլլալնուն համար թող չարհամարհեն զանոնք. ընդհակառակը, թող աւելի՛ ծառայեն, քանի իրենց ծառայութենէն օգտուողները հաւատակիցներ են եւ սիրելի։ Այս բաները սորվեցուր եւ յանձնարարէ։
3 Իսկ ով որ տարբեր բան կը սորվեցնէ եւ կարեւորութիւն չի տար մեր Տիրոջ Յիսուս Քրիստոսի ողջմիտ խօսքերուն, ոչ ալ աստուածպաշտութեան վրայ հիմնուած ուսուցումներուն,
4 այնպիսին հպարտութեամբ կուրցած մըն է, որ ոչինչ գիտէ։ Խնդիրներ եւ վէճեր ստեղծելու հիւանդութիւնը ունի. եւ ատկէ ծնունդ կ՚առնեն՝ նախանձը, հակառակասիրութիւնը, հայհոյութիւնը, չար կասկածները,
5 եւ անվերջ բաղխումները՝ միտքով ապականած եւ ճշմարտութենէն հեռացած մարդոց միջեւ, որոնք կը կարծեն թէ կրօնքը շահի աղբիւր է։ Այդպիսիներէն հեռո՛ւ կեցիր։
6 Կրօնքը շահի մեծ աղբիւր է, այո՛, իր ունեցածով գոհանալ գիտցողին համար։
7 Արդարեւ, մեզի հետ ոեւէ բանչբերինք աշխարհ, եւ ոեւէ բան պիտի չկարենանք տանիլ մեզի հետ։
8 Եթէ ուտելիք եւ հագնելիք ունինք՝ անոնցմով բաւարարուինք։
9 Իսկ անոնք որ հարստանալ կ՚ուզեն՝ փորձութեան եւ թակարդի մէջ կ՚իյնան։ Կը բռնուին շատ մը անմիտ ու վնասակար ցանկութիւններով, որոնք մարդիկը մահուան եւ կորուստի անդունդը կը գլորեն։
10 Որովհետեւ բոլոր չարիքներու արմատը դրամասիրութիւնն է։ Շատեր դրամ դիզելու ձգտելով՝ հաւատքէն շեղեցան եւ իրենք զիրենք տանջեցին բազմաթիւ ցաւերով։
11 Սակայն դո՛ւն, ո՜վ մարդ Աստուծոյ, այդպիսի բաներէ հեռու փախիր, եւ հետամուտ եղիր՝ արդարութեան, աստուածպաշտութեան, հաւատքի, սիրոյ, համբերութեան եւ հեզութեան։
12 Հաւատքի բարի պատերազմը մղէ, ամուր կառչէ յաւիտենական կեանքին, որուն քեզ հրաւիրեց Աստուած, եւ որ դուն դաւանեցար գեղեցիկ դաւանութեամբ մը, բազմաթիւ վկաներու ներկայութեան։
13 Կը պատուիրեմ քեզի՝ Աստուծոյ առջեւ, որ բոլորին կեանք կու տայ, եւ Յիսուս Քրիստոսի առջեւ, որ Պոնտացի Պիղատոսին դիմաց իր հաւատքին վկայութիւնը տուաւ գեղեցիկ դաւանութեամբ մը,
14 որ այս պատուիրանները պահես զգուշութեամբ եւ հաւատարմօրէն, մինչեւ որ մեր Տէրը Յիսուս Քրիստոս երկրորդ անգամ յայտնուի ։
15 Այդ յայտնութիւնը իր ատենին պիտի կատարէ Աստուած ինք, ան՝ որ երանելին է եւ միակ հզօրը, թպգպւորներու Թպգպւորը եւ տէրերու Տէրը,
16 միակը՝ որ անմահ է. ան՝ որ անմատչելի լոյսին մէջ կը բնակի. զոր մարդոցմէ ո՛չ ոք տեսած է եւ ոչ ոք ալ կրնայ տեսնել։ Յաւիտեան անո՛րն են պատիւն ու զօրութիւնը։ Ամէն ։
17 Այս աշխարհի հարուստներուն պատուիրէ որ շատ չհպարտանան եւ անկայուն հարստութեան չվստահին, այլ՝ վստահին Աստուծոյ, որ ամէն ինչ առատօրէն կու տայ մեզի, որպէսզի վայելենք։
18 Պատուիրէ որ բարիք գործեն, լաւ գործերով հարստանան, եւ ըլլան առատաձեռն, սիրալիր եւ իրենց ունեցածով ուրիշներուն օգնելու պատրաստ։
19 Այդպիսով իրենք իրենց համար կ՚ամբարեն գանձ մը՝ որով ամուր հիմ նետած կ՚ըլլան հանդերձեալին մէջ, ճշմարիտ կեանքը ձեռք ձգելու համար։
20 Ո՜վ Տիմոթէոս, պահէ՛ քեզի վստահուած աւանդը, հեռու մնալով շինծու եւ դատարկ տեսութիւններէն եւ կեղծ գիտութեան անունով կատարուած բանավէճերէն։
21 Շատեր այդ տեսութիւնները իւրացնելով՝ հաւատքէն շեղեցան։ Աստուծոյ շնորհքը քու հետդ ըլլայ։