1 Timothy 5
1 Երբեք խստութեամբ մի՛ յանդիմաներ ծեր մէկը, այլ՝ մեղմութեամբ յորդորէ զայն, ինչպէս հօրդ պիտի ընէիր։ Երիտասարդները եղբօրդ տեղը սեպէ,
2 պառաւները՝ մօրդ, իսկ երիտասարդուհիները քրոջդ տեղը դիր եւ ամենայն մաքրութեամբ մօտեցիր անոնց։
3 Պատուէ եւ խնամէ ա՛յն այրիները՝ որոնք իսկապէս որբեւայրի են։
4 Իսկ երբ այրի մը զաւակներ ու թոռներ ունի, պէտք է անո՛նք նային իրեն, որպէսզի սորվին բարեպաշտութիւնը նախ տան մէջ կիրարկել՝ ծնողներէն իրենց տրուած խնամքին փոխարէն հոգ տանելով անոնց, որովհետեւ Աստուծոյ համար ա՛յդ է իրաւ եւ ընդունելի բարեպաշտութիւնը։
5 Իսկական այրին ան է՝ որ մէկը չունի, յոյսը միայն Աստուծոյ վրայ դրած է եւ գիշեր–ցերեկ աղօթքով ու խնդրանքով կ՚անցընէ իր ժամանակը։
6 Իսկ հանգստութիւն ու վայելք փնտռող այրին կենդանի մեռած մըն է արդէն։
7 Այնպիսիներուն այս պատուէրները տուր, որպէսզի անարատ ըլլան։
8 Իսկ մէկը՝ որ իրեններուն եւ մանաւանդ իր ընտանիքի անդամներուն հոգ չի տանիր, այնպիսին իր հաւատքը ուրացած մըն է, շատ աւելի գէշ՝ քան անհաւատ մը։
9 Այրի սեպէ միայն այն կիները՝ որոնք վաթսունը անց են, մէկ անգամ ամուսնացած,
10 եւ բարի գործերով վկայուած են, այսինքն՝ զաւակներ մեծցուցած, հիւրասէր եղած, ճամբորդ հաւատացեալներուն խոնարհաբար ծառայած, նեղութեան մէջ եղողներուն օգնած, եւ իրենք զիրենք ամբողջութեամբ բարեգործութեան տուած են։
11 Բայց երիտասարդ այրիները մերժէ. որովհետեւ երբ իրենց ցանկութիւնները արթննան՝ ամուսնանալ կ՚ուզեն եւ Քրիստոսի դէմ կը դառնան,
12 եւ դատապարտութեան կ՚ենթարկուին, որովհետեւ կ՚արհամարհեն անոր հաւատարիմ մնալու իրենց սկզբնական յանձնառութիւնը։
13 Միաժամանակ, ծուլութեան վարժուելով՝ կը սկսին տունէ տուն շրջիլ, եւ ո՛չ միայն ծոյլ, այլ նաեւ բամբասող ու հետաքրքիր կը դառնան, եւ իրենց գործը չեղած բաներու մասին կը խօսին։
14 Հետեւաբար, կ՚ուզեմ որ երիտասարդ այրիները ամուսնանան, զաւակներ ծնանին, տուն պահեն, եւ ոեւիցէ առիթ չտան որ Հակառակորդը չարախօսէ.
15 որովհետեւ արդէն իսկ ոմանք Սատանային հետեւելով խոտորեցան։
16 Իսկ եթէ ոեւէ հաւատացեալ իր ընտանիքին մէջ այրիներ ունի՝ թող ի՛նք նայի անոնց, որպէսզի եկեղեցին չծանրաբեռնուի եւ կարենայ իսկական այրիներուն հոգ տանիլ։
17 Այն երէցները որոնք լաւ վերակացութիւն կ՚ընեն եկեղեցիին՝ կրկնակի վարձատրութեան արժանի թող նկատուին, մանաւանդ անոնք՝ որոնք կ՚աշխատին թէ՛ քարոզելով եւ թէ՛ ուսուցանելով։
18 Որովհետեւ Օրէնքի գիրքը կ՚ըսէ. «Կալին մէջ աշխատող եզին դունչը մի՛ կապեր»։ Եւ՝ «Մշակը իր վարձքին արժանի է»։
19 Ոեւէ երէցի մասին եղած ամբաստանութիւն մի՛ ընդունիր, առանց երկրորդ կամ երրորդ վկաներ լսելու։
20 Իսկ այն երէցները որոնք մեղանչած են՝ բոլորին ներկայութեան յանդիմանէ, որպէսզի մնացեալները վախնան։
21 Աստուծոյ, Յիսուս Քրիստոսի եւ ընտրեալ հրեշտակներու վկայութեամբ՝ կոչ կ՚ընեմ քեզի, որ այս կանոնները պահես առանց կանխակալ կարծիքներով շարժելու եւ առանց խտրութիւն դնելու։
22 Մի՛ աճապարեր ոեւէ մէկուն վրայ ձեռք դնելու, որպէսզի ուրիշներու մեղքերուն բաժնեկից չդառնաս։ Ինքզինքդ անարա՛տ պահէ։
23 Ասկէ ետք պարզ ջուր մի՛ խմեր, այլ քիչ մը գինի խառնէ՝ ստամոքսիդ համար, քանի յաճախակիօրէն կը հիւանդանաս։
24 Ինչպէս որ շատ մը մարդոց մեղքերը յայտնի կ՚երեւին, նոյնիսկ ոեւէ դատաստանէ առաջ, իսկ ուրիշներու պարագային ե՛տքը կը յայտնուին,
25 նոյնպէս ալ բարի գործերը յայտնի կ՚երեւին, եւ նոյնիսկ անոնք որ անմիջականօրէն յայտնի չեն երեւիր՝ չեն կրնար ծածուկ մնալ։