1 Timothy 3
1 Մէկ բան որոշ է, որ եպիսկոպոսութեան ձգտողը բարիգործի է որ կը ցանկայ։
2 Արդ, եպիսկոպոսը պէտք է անմեղադրելի ըլլայ. մէկ կնոջ ամուսին, զուսպ, զգաստ, մեղմաբարոյ, հիւրասէր եւ ուսուցանելու ատակ։
3 Պէտք չէ գինեմոլ ըլլայ, ո՛չ ալ կոպիտ, այլ՝ ազնիւ. ո՛չ կռուազան եւ ո՛չ ալ դրամասէր։
4 Իր սեփական ընտանիքին լաւ վերակացութիւն ընող պէտք է ըլլայ. եւ ունենայ զաւակներ՝ որոնք իրեն հնազանդ ըլլան ամենայն ակնածանքով։
5 Այլապէս, եթէ իր սեփական ընտանիքին վերակացու չի կրնար ըլլալ, ի՞նչպէս պիտի կարենայ Աստուծոյ եկեղեցիին հոգ տանիլ։
6 Պէտք չէ հաւատքի մէջ նորադարձ մը ըլլայ, որպէսզի չըլլայ որ հպարտանալով՝ դատապարտութեան տակ իյնայ Սատանային պէս։
7 Այլ՝ պէտք է լաւ անուն ունենայ նոյնիսկ ոչ–քրիստոնեայ մարդոց մէջ, որպէսզի չըլլայ որ նախատանքի առարկայ դառնայ եւ Սատանային լարած թակարդին մէջ իյնայ։
8 Նոյնպէս ալ սարկաւագները. պէտք է պարկեշտ ըլլան, եւ ո՛չ թէ կեղծաւոր, գինեսէր, կամ շահամոլ։
9 Պէտք է մաքուր խիղճով պահեն հաւատքին յայտնեալ ճշմարտութիւնները։
10 Ասոնքեւս նախ պէտք է փորձուին եւ ապա միայն, եթէ անմեղադրելի ըլլան, իրենց պաշտօնին անցնին։
11 Անոնց կիները նոյնպէս պէտք է պարկեշտ ըլլան. ո՛չ թէ չարախօս, այլ՝ զուսպ եւ ամէն բանի մէջ վստահելի։
12 Սարկաւագները պէտք է մէկ կնոջ ամուսին ըլլան, եւ թէ՛ իրենց զաւակներուն եւ թէ՛ իրենց ընտանիքին լաւ վերակացու եղած ըլլան։
13 Որովհետեւ, լաւ ծառայութիւն ընողները թէ՛ իրենք իրենց համար վարկ կը շահին եւ թէ՛ մեծ համարձակութեամբ կրնան խօսիլ Քրիստոս Յիսուսի հանդէպ ունեցած իրենց հաւատքին մասին։
14 Յոյս ունիմ որ շուտով քովդ կ՚ըլլամ։ Բայց այս բաները կը գրեմ քեզի,
15 որպէսզի, եթէ ուշանամ, գիտնաս թէ ի՛նչպէս պէտք է շարժիս Աստուծոյ ընտանիքին մէջ, այսինքն՝ կենդանի Աստուծոյ եկեղեցիին մէջ, որ ճշմարտութեան սիւնը եւ խարիսխն է։
16 Եւ անհերքելիօրէն մեծ է աստուածպաշտութեան խորհուրդը, որովհետեւ Աստուած մարմինով երեւցաւ, եւ հոգիով արդարացաւ, հրեշտակներուն յայտնուեցաւ, ազգերուն մէջ քարոզուեցաւ, աշխարհի մէջ հաւատացուեցաւ, փառքով երկինք բարձրացուեցաւ։